Պունտեստակի բանաձեւը կամ հայ-թրքական առկայ փակուղիին մէջ յուսահատ հեռանկարներ

Պուն­տես­տա­կի մօտ այ­սօր օ­րա­կար­գի վրայ է հայ­կա­կան հար­ցը։ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քուէար­կէ բա­նա­ձե­ւի մը հա­մար, ո­րու ըն­դուն­ման պա­րա­գա­յին այդ եր­կի­րը իւ­րա­ցու­ցած պի­տի ըլ­լայ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ 1915-ի դէպ­քե­րը կը հա­մա­րուին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Պուն­տես­տա­կի բա­նա­ձե­ւը հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ փա­կու­ղիին մէջ թէեւ յու­սա­հա­տա­կան հե­ռան­կար­նե­րու ազ­դան­շանն է, սա­կայն խնդի­րը այս­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կել կա­րե­լի չէ։ Հայ­կա­կան հար­ցին տե­սա­կէ­տէ նոր օ­րա­կար­գի մը, նոր շրջա­նի մը սկիզ­բը կրնայ դառ­նալ Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գի­ծը։ Այս բո­լո­րին շուրջ հնա­րա­ւոր է խօ­սիլ, ան­կախ Պուն­տես­տա­կի այ­սօ­րուան քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քէն։ Ար­դա­րեւ, գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւին հա­ւա­նու­թիւն տան կամ ոչ՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ խնդրոյ ա­ռար­կայ են շարք մը ի­րո­ղու­թիւն­ներ։

Մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ ան­ցեալ տա­րի հայ­կա­կան հար­ցը ու­նէր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։ Հա­յե­րը 1915-ի 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ աշ­խար­հի ա­մէն կող­մը ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ վե­րընդգ­ծե­ցին ի­րենց պա­հանջ­նե­րը, ար­դա­րու­թեան սպա­սում­նե­րը։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին՝ յայտ­նի է, որ Թուր­քիա շատ լաւ պատ­րաս-տըւած էր 2015-ին։ Թէեւ հայ­կա­կան կող­մը յա­ջո­ղե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նալ, սա­կայն Թուր­քիա չպար­տա­ւո­րուե­ցաւ դի­մագ­րա­ւել ան­կան­խա­տե­սե­լի ո­րե­ւէ հե­տե­ւանք կամ խնդիր։ Մեկ­նա­բան­ներ դի­տել կու տան, թէ 2015-ին Ան­գա­րա ո­րե­ւէ անս­պա­սե­լի հա­կազ­դե­ցու­թիւն, նոյ­նիսկ կոչ չստա­ցաւ իր յա­ռա­ջա­տար մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կից­նե­րէն, կա­րե­ւոր հա­մաշ­խար­հա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րէն, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­րեւմ­տեան ճամ­բա­րի հսկա­նե­րէն։ Ան­գա­րա­յի տե­սա­կէ­տէ եր­կու հիմ­նա­կան բա­ցա­ռու­թիւն կա­րե­լի է թուար­կել, մին Վա­տի­կա­նէն բարձ­րա­ցած ձայնն էր, իսկ միւ­սը՝ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Կաու­քի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Հայ­կա­կան կողմն ալ ան­ցեալ տա­րի յա­ճախ կը շեշ­տէր, որ 2015-ով ա­մէն ինչ պի­տի չվեր­ջա­նայ, այլ նոր շրջան մը պի­տի սկսի։ Ուս­տի, եր­կու կող­մերն ալ 2015 թուա­կա­նը յաղ­թա­հա­րե­ցին, ըստ էու­թեան, պահ­պա­նե­լով ի­րենց դիր­քե­րը։ Եւ այս­պէս ան­ցաւ 2015-ը։ Կարգ մը դէ­տեր ու­նէին այն լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը, թէ 2015-ի յաղ­թա­հա­րու­մով պի­տի ա­պա­հո­վուի լից­քա­թա­փում մը, որն ալ իր հեր­թին կրնայ նոր հո­րի­զոն մը ու­րուագ­ծել Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման առ­ջեւ։ Այդ կան­խա­տե­սում­նե­րու ար­դա­­րա­նա­լէն կամ չար­դա­րա­նա­լէն ան­կախ՝ ար­դէն բնա­կա­նո­նաց­ման սպա­սում­նե­րը միան­գա­մընդ­միշտ ի­մաս­տազր­կուե­ցան՝ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ա­ռանց­քին վրայ յա­ռա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թեամբ, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ան­կա­րե­լի էր դրա­կան սպա­սում­ներ ու­նե­նալ Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան ա­ռանց­քին։

2016-ի ի­րադ­րու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հան­գիստ էր Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ հայ­կա­կան հար­ցի կտրուած­քով։ Պարզ էր, որ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան իր ժամ­կէ­տի վեր­ջին Ապ­րի­լի 24-ի պատ­գա­մի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ չա­փա­ւո­րու­թե­նէ պի­տի չհե­ռա­նար եւ բա­ռամ­թեր­քի նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով պի­տի չգրգռէր Թուր­քիան։ Մինչ այդ, մեկ­նա­բան­նե­րը հա­մոզուած էին, թէ թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան գոր­ծը յա­րա­բե­րա­բար թե­թեւ­ցած էր հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ՝ մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ օ­րա­կար­գին բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս, ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հը Թուր­քիան դի­տար­կե­լով նոյ­նիսկ չէր տես­ներ Հա­յաս­տա­նի հետ փակ սահ­մա­նը, ո­րով­հե­տեւ հիմ­նա­կան ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղած էր Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քին ու գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին վրայ։ Ճգնա­ժամ մը, որ թէեւ ծնունդ ա­ռած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ, սա­կայն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նայ ա­րեւմ­տեան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին վրայ եւ այդ յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը յե­ղաշր­ջած է Թուր­քիոյ եւ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գը։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ խնդի­րը կը պար­տադ­րէ, որ կող­մե­րը շատ ա­ւե­լի սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցին, սա­կայն գործ­նա­կան գետ­նի վրայ կը ստա­ցուի ճիշդ հա­կա­ռա­կը։ Առ­կայ ճա­կա­տագ­րա­յին կա­ցու­թեան մէջ Թուր­քիան եւ Ա­րեւ­մուտ­քը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ան­հա­ղորդ կը դառ­նան ի­րա­րու եւ ի­րար­մէ կը հե­ռա­նան, հա­կա­ռակ հա­սա­րա­կաց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։

Պուն­տես­տա­կի բա­նա­ձե­ւը մի­ջազ­գա­յին նման ի­րադ­րու­թեան մը մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է։ Պարզ է, որ Ան­գա­րա 2015-ի նման խտա­ցեալ նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն մը չէ տե­սած 2016-ի հա­մար։ Հայ­կա­կան հար­ցը նոր դար մը թե­ւա­կո­խած է եւ թրքա­կան կող­մը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, տա­կա­ւին նոր ի­րա­վի­ճա­կին հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը չէ յստա­կա­ցու­ցած։ Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ է, որ վրայ հա­սած է Պուն­տես­տա­կի բա­նա­ձե­ւը։ Ան­գա­րա­յի տե­սա­կէ­տէ դժուար է կա­ցու­թիւ­նը բա­ցատ­րել սո­վո­րա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով։ Այ­սօր ան­կա­րե­լի է ը­սել, որ Գեր­մա­նիոյ մէջ «ազ­դու հայ­կա­կան սփիւռ­քը» խաղ մը յա­ռաջ կը տա­նի եւ գեր­մա­նա­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն ալ քուէ­նե­րու հա­շի­ւով կը տա­րուին այդ խա­ղէն։ Գեր­մա­նիա եր­կիր մըն է, ուր հա­զիւ քա­նի մը տաս­նեակ հա­զար հայ կը բնա­կի, իսկ գեր­մա­նաբ­նակ թուր­քե­րը ար­դէն կը հաշ­ւըուին մի­լիոն­նե­րով։ Նման բա­նա­ձե­ւե­րու պա­րա­գա­յին յա­ռաջ քշուած սո­վո­րա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն ոչ մէ­կը ի զօ­րու է ներ­կայ պա­րա­գա­յին։ Ե­թէ չհա­շուենք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ան­ցեա­լի բա­նա­ձե­ւե­րը, ա­պա Անկ­լո­սաք­սոն աշ­խար­հէն ներս հայ­կա­կան հար­ցը ա­ռա­ջին ան­գամ նման դրսե­ւո­րում մը կ՚ու­նե­նայ։ Հա­յոց Սփիւռ­քի ա­մե­նա­հա­մեստ կէ­տե­րէն մէ­կուն վրայ հայ­կա­կան բա­նա­ձեւ մը Գեր­մա­նիոյ նման երկ­րի մը մէջ հա­սած է խորհր­դա­րա­նի քննարկ­ման փու­լը։ Ճիշդ է, որ Ա­րեւ­մուտ­քը, կամ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս հա­շիւ­նե­րու հե­տա­մուտ են Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց տես­ա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր հու­նի մը մէջ դնե­լու հա­մար։ Ակն­յայտ է, որ ա­նոնք հեր­թա­կան ան­գամ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն հայ­կա­կան խա­ղա­քար­տը, ի դէմս Գեր­մա­նիոյ, որ Եւ­րո­միու­թեան ա­ռանց­քա­յին եր­կիրն է ներ­կա­յիս, իր ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին կշի­ռով։

Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ Գեր­մա­նիոյ դիր­քը իս­կա­պէս շատ նուրբ է։ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի շրջա­նին Գեր­մա­նիա եւ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը դաշ­նա­կից­ներ էին։ Ա­ւե­լի՛ն, Գեր­մա­նիա այն եր­կիրն է, որ բա­ցա­յայ­տօ­րէն խոս­տո­վա­նած է Հո­լո­քոս­տը եւ զղջա­ցած է ա­նոր հա­մար։ Սա նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան ըն­կա­լում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ գոր­ծօն մըն է։ Այս հար­ցին շուրջ Գեր­մա­նիոյ կշի­ռը չի բա­ցատ­րուիր միայն ռէէլ-փո­լի­թի­քով։ 2015-ին Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն էր Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին կող­մէ Փե­րի­չէ­քի գոր­ծով վճի­ռը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն նոյն Տո­ղու Փե­րին­չէ­քը Պեր­լի­նի մէջ յա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րու վրայ է՝ բա­նա­ձե­ւին դէմ բո­ղո­քնե­րու ժա­մա­նակ։ Եւ­րո­դա­տա­րա­նին մօտ յաղ­թա­նա­կած կեր­պա­րը կը բա­խի՞ Պուն­տես­տա­կին։

Մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կրնան ըլ­լալ են­թա­կա­յա­կան, իսկ Պուն­տես­տա­կի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը կրնան հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նիլ կամ մեր­ժել։ Յա­մե­նայն­դէպս, հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ան­վի­ճե­լիօ­րէն ի յայտ կը բե­րեն ճշմար­տու­թիւն մը։ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նոնց­ման յե­տա-ձ­ըգու­մը միշտ ալ յղի է ռիս­քե­րու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016