ՔՍԱՆԻՆՆԵՐՈՐԴ ԵՐԿԻՐԸ
Գերմանիա երէկ իր տեղը առաւ աշխարհի այն երկիրներու շարքին, որոնք պաշտօնապէս կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան դարձաւ 29-րդ երկիրը այդ շարքին մէջ։
Երէկ, Պունտեսթակ ընդունեց բանաձեւ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915 թուականի դէպքերը որակուեցան որպէս ցեղասպանութիւն։ Գերմանիոյ խորհրդարանին այս աղմկայարոյց որոշումը աննկարագրելի զայրոյթ մը պատճառած է Անգարային։ Թուրքիա օրերէ ի վեր անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պերլինի իրադարձութիւններուն։ Արդիւնքին երէկ կէսօրուան ժամերուն հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը լարուեցաւ Պունտեսթակի վրայ, ուր քուէարկութեան դրուեցաւ հայկական բանաձեւը։ Գերմանական խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններուն երեսփոխանները հաւանութիւն տուին այս բանաձեւին։ Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթ վարեց նիստը, որու մասնակից երեսփոխաններէն միայն մէկը դէմ քուէարկեց բանաձեւին համար եւ ուրիշ մէկն ալ մնաց ձեռնպահ։ Մնացեալ բոլոր երեսփոխանները հաւանութիւն տուին նախագծին, որ ընդունուեցաւ գրեթէ միաձայնութեամբ։
Պունտեսթակի երէկուան ժողովին հետեւեցան նաեւ ինչպէս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, այնպէս ալ գերմանահայ համայնքէն հոգեւորական կամ աշխարհական գործիչներ։ Բանաձեւի ընդունուելէն վերջ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչները պարզեցին գերմաներէնով շնորհակալութեան պաստառներ։ Մինչ այդ, հայերը ցոյց մըն ալ կազմակերպեցին Պունտեսթակի շէնքին առջեւ։
Հայկական հարցին վերաբերեալ այս զգայացունց իրադարձութիւնը եկաւ յեղաշրջել Թուրքիոյ օրակարգը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուէր Քենիայի մէջ, խիստ ոճով մը արձագանգեց Գերմանիոյ այս նախաձեռնութեան։ Ան ըսաւ, որ յարաբերութիւնները պիտի ազդուին լրջօրէն։ Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ բողոք յայտնեց որոշման դէմ եւ ըսաւ, թէ թուրք ազգը իր պատմութեան մէջ չունի էջեր, որոնց պատճառով պէտք է խոնարհէ իր գլուխը։ Վարչապետը շեշտեց, թէ Անգարա անհրաժեշտ քայլերուն պիտի դիմէ անվարան։ Այս բուռն բողոքի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչեց Պերլինի մօտ իր դեսպանը՝ Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուն, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ երկիր։ Մինչ այդ Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցաւ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանը կը բացակայէր, իրեն փոխարէն նախարարութիւն ներկայացաւ դեսպանատան հաւատարմատարը։
Թուրքիոյ այս բուռն հակազդեցութեան մթնոլորտին մէջ Պերլինի ղեկավարութիւնը որդեգրած է աւելի պաղարիւն դիրքորոշում մը։ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, որ չմասնակցեցաւ երէկուան խորհրդարանական նիստին, յիշեցուց, թէ Թուրքիա եւ Գերմանիա բազում կապեր ունին իրարու հետ։ Ըստ Մերքէլի, եթէ նոյնիսկ նիւթի մը շուրջ ունենան տարակարծութիւններ, ապա շատ խոր են երկու երկիրներու բարեկամութիւնն ու ռազմավարական յարաբերութիւնները։
Անկելա Մերքէլ դիտել տուաւ, որ Գերմանիա կը խրախուսէ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը։ Պերլին լաւ յարաբերութիւններու կը ձգտի Անգարայի հետ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց Պունտեսթակի որոշման։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալական հեռագրեր ուղարկեց Գերմանիոյ Նախագահ Եոաքիմ Կաուքին, Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթին եւ Վարչապետ Անկելա Մերքէլին։ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ այն բոլոր քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն, որոնք իրենց վճռական խօսքը ըսին այս հարցին մէջ։ Սարգսեան համոզուած է, որ այս բանաձեւը պիտի ունենայ իր ուրոյն դերը՝ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման գործին մէջ։ Ան Պունտեսթակի այս քայլը պատմական համարեց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին տեսակէտէ։
«Սա ուղերձ մըն է ամբողջ աշխարհին առ այն, որ մարդկութեան դէմ գործուած նոյնիսկ հարիւր տարուան վաղեմութեամբ յանցագործութիւնները ոչ միայն չեն մոռցուիր, այլեւ կը դատապարտուին՝ ճշգրիտ բնորոշմամբ», նշած է Սերժ Սարգսեան։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը անցեալ տարի Եոաքիմ Կաուքի կողմէ կատարուած յայտարարութեան հետ միասին կը հանդիսանան Գերմանիոյ արժէքաւոր ներդրումը ոչ միայն հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ուղղութեամբ, այլ նաեւ ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման համամարդկային պայքարին մէջ։ «Միջազգային հանրութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր կը սպասէ, որ Թուրքիա առերեսուի իր պատմութեան հետ», նշեց Նալպանտեան։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ բողոքելով Գերմանիոյ դէմ
ԱՄՕԹԱԼԻ ՈՐՈՇՈՒՄ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ԱԼ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԻՆ - ՖՐԱՆՔ ՎԱԼԹԷՐ ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԲՈՒՌՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ
Ըստ Ճէմ Էօզտեմիրի, եթէ Ցիւրիխի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ արձանագրութիւնները կեանքի կոչուէին, ապա ներկայ նախագիծը օրակարգի վրայ պիտի չըլլար
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ խիստ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ բողոք յայտնելով Գերմանիոյ դէմ։ Յայտարարութեան մէջ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշումը որակուեցաւ ամօթալի։ Ընդգծուեցաւ, թէ Թուրքիա սորվելու ոչինչ ունի Գերմանիոյ խորհրդարանէն։ Նախարարութիւնը մատնանշեց, թէ 1915-ին պատահածներուն շուրջ միակողմանի ձեւով կը պարտադրուի հայկական կողմին ընկալումը եւ այս քաղաքականութեան ետին կանգնած է թրքատեացութիւնն ու իսլամատեացութիւնը, որոնք կը հասնին ցեղապաշտութեան սահմաններուն։ Նշուած է նաեւ, որ Նամիպիայէն մինչեւ Հոլոքոստ՝ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու խոր թրավմային դրսեւորումն է Պունտեսթակին այս որոշումը։
Իր կարգին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ նշեց, թէ Գերմանիա կը փորձէ փակել իր պատմութեան մութ էջերը, սակայն այդ բանին միջոցը չէ անպատասխանատու եւ անհիմն խորհրդարանական որոշումներով ուրիշ երկիրներու պատմութեան մրոտումը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր, երէկ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած չորս կուսակցութիւններէն երեքն ալ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ միանալով հակազդեցութեան ալիքին։ ԱՔ կուսակցութեան, ՃՀՓ-ի եւ ՄՀՓ-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ Պունտեսթակի որոշումը համարուեցաւ անընդունելի ու պախարակուեցաւ։ Շեշտուեցաւ, որ այդ որոշումը միտուած է օրինականացնելու՝ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ անհիմն ցեղասպանութեան պնդումները։
Պերլինի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Անգարայէն հնչած բուռն հակազդեցութիւններուն։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, թէ բնականոն կը համարէ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։ «Կը հաւատամ, որ յառաջիկայ օրերուն միասնաբար պիտի յաջողինք չափազանց հակազդեցութիւններուն տեղի չտալու», ըսաւ գերմանացի նախարարը։
Միւս կողմէ, Պունտեսթակի թրքական արմատներով խորհրդարանականներէն Ճէմ Էօզտեմիր բանաձեւի ընդունուելէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան երէկ ընդունուած բանաձեւի մղիչ ուժերէն մին էր եւ Պունտեսթակի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին լամբակին վրայ զետեղած էր անմոռուկ մը։ Թուրքիոյ մէջ Ճէմ Էօզտեմիր այս շրջանին քննադատութեան կ՚ենթարկուի՝ այն մօտեցումով, թէ հայկական հարցին շուրջ իր դիրքորոշումը հակասական է։ Եթէ անցեալի մէջ Ճէմ Էօզտեմիր կողմնակից չէր հայկական հարցին խորհրդարանի հարթութեան վրայ քննարկման, ապա այսօր դարձաւ բուռն պաշտպանը Պունտեսթակի բանաձեւին։ Մեկնաբանելով այս երեւոյթը Ճէմ Էօզտեմիր յայտնեց, թէ իր դիրքորոշումը անփոփոխ է։ Եթէ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած, յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ արձանագրութիւնները կեանքի կոչուած ըլլային, ապա ներկայիս նման բանաձեւ մը օրակարգի վրայ պիտի չգար։ Գերմանական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ Ճէմ Էօզտեմիր նշեց, թէ անցեալին Թուրքիոյ բնակչութեան մէկ քառորդը կը բաղկանար քրիստոնեաներէ, իսկ ներկայիս քրիստոնեաները բնակչութեան նոյնիսկ մէկ տոկոսը չեն կազմեր ու անոնք կը վտարուին երկրէն։
Տեղական մամուլը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ նաեւ Պունտեսթակի թրքական արմատներով երեսփոխաններու դիրքորոշումը։ Անոնց թիւն է տասնմէկ։ Անոնցմէ երկուքը քուէարկութեան չէ մասնակցած։ Թրքական արմատներով երեսփոխաններուն առնուազն եօթն քուէարկած է ի նպաստ բանաձեւին։ Գերմանիոյ կառավարութեան կազմին մէջ ալ կը գտնուի թրքական արմատներով նախարար մը՝ Այտան Էօզօղուզ, որ եւս պաշտպանեց երէկուան բանաձեւը։
Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ նաեւ այս բանաձեւին վերաբերեալ ուրիշ հեռանկարի մը վրայ։ Արդարեւ, Պունտեսթակի որոշումը յառաջիկայ շրջանին պիտի յղուի Գերմանիոյ նահանգային խորհրդարաններուն, քանի որ Գերմանիան դաշնակցութիւն մըն է։ Ընդունուած բանաձեւին մէջ նախատեսուած է երկրի դասագիրքերուն մէջ ներառնել հայոց ցեղասպանութիւնը։ Քաղաքական մեկնաբաններու դիտարկմամբ, հետաքրքրական պիտի ըլլայ նահանգային խորհրդարաններուն այս նիւթին շուրջ վերաբերմունքը։ Արդարեւ, կարգ մը նահանգներ նոյնիսկ խորհրդարանական նման որոշումի մը բացակայութեան պայմաններով իրենց շրջաններուն մէջ կ՚ուսուցանեն հայոց տեսակէտները։ Հետաքրքրականը այն է, որ թրքաբնակ նահանգներու խորհրդարանները ինչպիսի դիրքորոշման մը պիտի հետեւին այս ուղղութեամբ։