Փակ շրջանի վտանգը
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ երէկուան դրութեամբ ծագեցաւ տագնապ մը։ Պունտեսթակ հաւանութիւն տուաւ հայկական բանաձեւին։ Պերլին եկաւ համալրել շարքը այն մայրաքաղաքներուն, որոնք 1915 թուականի դէպքերը կը բնութագրեն հայոց տեսակէտներուն կամ որակումներուն համահունչ՝ այսինքն որպէս ցեղասպանութիւն։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս իրադարձութեան կ՚արձագանգէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ ամենայն սաստկութեամբ։ Թուրքիա ձեռք կ՚առնէ այն նոյն միջոցները, որոնց, ընդհանրապէս, կը հետեւի երրորդ երկիրներու մօտ նման նախագծերու ընդունման պարագային։
Խորքին մէջ, այսպիսի բանաձեւերը որեւէ վնաս դժուար թէ հասցնեն Անգարային։ Աւելի՛ն, իր աշխարհագրական դիրքով ու ներուժով Թուրքիա չունի նաեւ որեւէ մտահոգութիւն միջազգային գետնի վրայ մեկուսանալու առումով։ Բայց եւ այնպէս, այս խնդիրը ջղագրգիռ բնոյթ մը ունի Անգարայի տեսակէտէ, չի բացատրուիր լոկ առարկայական գործօններով եւ դիմադրութեան մտայնութիւնը տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած է ամենաընդգրկուն իմաստով, ինքնութեան հարցերու վերաբերեալ ծալքերով հանդերձ։
Բնականաբար, թրքական կողմը նպատակասլաց ձեւով կ՚օգտագործէ դիւանագիտութեան ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները՝ գերմանական կողմին դէմ իր զայրոյթը արտայայտելու համար։ Պունտեսթակի որոշման պարագային կայ նաեւ նրբութիւն մը։ Արդարեւ, ի տարբերութիւն այս ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած մնացեալ երրորդ երկիրներէն՝ Գերմանիա որդեգրած է ինքնաքննադատութեան, ինքնախոստովանութեան ու զղջումի ճանապարհ մը։ Այսինքն, նրբութիւնը այն է, որ Գերմանիա այս խնդրի ուղղակի՝ երկո՛ւ կողմերէն մին չէ թէեւ, սակայն, որպէս այդպիսին, հարիւր տոկոսով երրորդ կողմ մըն ալ չէ։ Այս հանգամանքը զանազան ձեւերով կրնայ բիւրեղանալ, ըստ դէպքերու ընթացքին։ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին Օսմանեան պետութիւնը ունէր երկու հիմնական դաշնակից. մին Գերմանիան էր, իսկ միւսը՝ Աւստրիան։ Քանի որ հայոց եղեռնը պատահած էր Առաջին աշխարհամարտի մթնոլորտին մէջ՝ Օսմանեան պետութեան դաշնակիցներու պարագան կարեւոր նրբութիւն մըն է։ Աւստրիա արդէն նախապէս 1915-ի դէպքերը ճանչցած էր որպէս ցեղասպանութիւն։ Նոյն դիրքորոշման երէկ միացաւ նաեւ Գերմանիա։ Այսինքն, Օսմանեան պետութեան այդ ժամանակաշրջանի երկու հիմնական դաշնակիցները դար մը անց պաշտօնապէս կ՚ընդունին, թէ պատահած է ցեղասպանութիւն մը։ Պունտեսթակի երէկուան որոշման մէջ ընդգծուած է նաեւ Գերմանիոյ դերակատարութեան կամ մասնակցութեան բաժինը։
Գերմանական կողմը յստակ ձեւով ըսած է իր խօսքը այս հարցին շուրջ, սակայն տակաւին իր գործը չէ վերջացած։ Պերլին տակաւին պէտք է դիրքաւորուի Անգարայի հակազդեցութիւններուն, բողոքներուն դիմաց։ Այս պարագային նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Անգարային։ Թրքական կողմին քայլերը, անխուսափելիօրէն, յառաջիկայ շրջանին պիտի պայմանաւորեն Գերմանիոյ քայլերը, մանաւանդ ոճն ու հիմնաւորումները։
Հայկական հարցի տեսանկիւնէն Գերմանիոյ մասնայատկութիւնները, Պունտեսթակի որոշման պարագային առկայ նրբութիւնները դուռ կրնան բանալ նաեւ ուրիշ հաւանականութիւններու։ Արդարեւ, այլ բանաձեւերու ընդունման ժամանակ ի գործ դրուած բողոքի տարբերակները կրնայ չգործել ակնկալուած արդիւնաւէտութեամբ։ Լարուածութեան գագաթնակէտին հասնիլը կրնայ ակնկալուած ազդեցութիւնը չգործել։ Ընթացիկ գործօններով ու մտայնութեամբ հաշուարկները կրնան չարդարանալ այս պարագային։
Թուրքիոյ մէջ քաղաքական մեկնաբանները քոնժոնքթիւրէլ իմաստով այսօր միտք կը յոգնեցնեն բազմաթիւ հարցականներու շուրջ։ Անոնցմէ մին է Պունտեսթակի որոշման ժամկէտը։ Արդարեւ, գաղթականաց ճգնաժամին բերումով Գերմանիա ներկայիս առաւելագոյն չափով կը կարօտի Թուրքիոյ համագործակցութեան, հետեւաբար ինչո՞ւ այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ ընդունուած է նման որոշում մը։ Մամուլին մէջ կը ներկայացուին նաեւ ժամանակագրական իրադարձութիւններ, որոնց լոյսին տակ կ՚ընդգծուի, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու շրջադարձային բոլոր փուլերուն եւրոպական կառոյցներուն կամ երկիրներուն կողմէ միշտ կ՚առնուին քայլեր, որոնք կը յիշեցնեն հայկական հարցը։ Դիտորդները նաեւ բաղդատութիւններ կը կատարեն իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած հակազդեցութեան սաստկութեան առումով՝ Գերմանիոյ կամ նման բանաձեւեր ընդունած այլ երկիրներու պարագային։
Անշուշտ, նեղ քաղաքական գործօններուն տեսակէտէ, իրերու դրուածքին տեսակէտէ Պունտեսթակի երէկուան որոշման հիմնաւորման դժուար ըլլալը ինքնաբերաբար կու գայ ապացուցանել, թէ հաշուի պէտք է առնել շատ աւելի մեծ պատկեր մը։ Այս առումով յատկանշական է Պունտեսթակի թրքական արմատներով խորհրդարանականներէն Ճէմ Էօզտեմիրի արտայայտութիւնը, որ այսօր արձագանգ գտած է թրքական մամուլին մօտ։ Ըստ իրեն, եթէ Ցիւրիխի արձանագրութիւնները կեանքի կոչուած ըլլային, ապա երէկուան նախագիծը Պունտեսթակի օրակարգին վրայ եկած պիտի չըլլար։
Հետեւաբար, Անգարա պարտաւոր է գտնել վարկածներ կամ միջոցներ, որոնք զինք զերծ պիտի պահեն փակ շրջանի մը մէջ յայտնուելու վտանգէն։ Այս ճանապարհին վրայ հնարամտութեան աստիճանէն կախում պիտի ունենայ նաեւ այս բանաձեւերու մղձաւանջի յաղթահարումը։ Ճակատագիրը փոխելու համար միշտ ալ կարելի է դիմել արմատական քայլերու, որոնք միանգամընդմիշտ կրնան իմաստազրկել առկայ դիւրագրգիռ մթնոլորտին խաղի կանոնները եւ անոր օրինաչափութիւնը դարձած վերիվայրումները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ