Մոսկուայի ՄԷջ ՍԿՍԱՒ Առնօ Բաբաջանեանի 95-Ամեակին Նուիրուած Համերգաշարը
Մոսկուայի մէջ սկսաւ հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ՚ապրիմ» խորագրեալ համերգաշարը:
Ձեռնարկին հնչած են Առնօ Բաբաջանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մեներգիչներու եւ երաժշտական խումբերու կատարմամբ:
Համերգի բացման իր խօսքին մէջ Ռուսաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Օլէկ Եսայեան նշեց, որ մեծանուն հայ երգահանի ձգած երաժշտական ժառանգութիւնը ինչպէս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի, այնպէս ալ ողջ յետխոր-հըրդային տարածքին մէջ առ այսօր անտարբեր չէ ձգած ոչ մէկը: «Առնօ Բաբաջանեան այն մեծութիւնն է, զոր կը գնահատեն եւ կը սիրեն հաւասարաչափ թէ՛ իր հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս, որովհետեւ անոր արուեստը, արտացոլելով հայկական ոգին եւ շունչը, եղած է եւ կը մնայ համամարդկային», ըսած է դեսպան Եսայեան: Ան նաեւ խորհրդանշական անուանեց համերգաշարի մեկնարկի համընկնումը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան հետ, քանի որ պետութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն է ազգի մշակութային ժառանգութիւնն ու ներուժը տնօրինելու եւ միւս ժողովուրդներուն զայն մատուցելու համար:
Ըստ Օլէկ Եսայեանի, որպէս բացառիկ երաժիշտ եւ իր գործին մեծ նուիրեալ Առնօ Բաբաջանեան իր ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ յաջողած է միաւորել տարբեր սերունդներ եւ ժողովուրդներ՝ համամարդկային արժէքներու եւ, յատկապէս, խաղաղ համակեցութեան գաղափարի շուրջ, ինչ որ մեր օրերուն ստեղծուած իրավիճակէն առաւել քան արդիական է:
Մոսկովեան համերգը կազմակերպը-ւած էր Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի հիմնադրամի եւ «Ռուսաստանի մէջ հայերու միութեան» կողմէ՝ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի հովանաւորութեան ներքոյ եւ «Համաձայնութիւն» ընկերութեան աջակցութեամբ:
Մեծանուն հայ երգահանի 95-ամեակին նուիրուած համերգաշարը կը շարունակուի մինչեւ տարեվերջ Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի, եւ կ՚եզրափակուի յառաջիկայ Դեկտեմբերի 11-ին՝ Մոսկուայի Քրեմլինի Մեծ դահլիճին մէջ կայանալիք կալա-համերգով:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024