ՊԷՅՐՈՒԹԻ «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Պէյ­րու­թի «Հայ­կա­զեան» հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Պէյ­րու­թէն հա­մախմ­բուած ժո­ղո­վա­կան­նե­րու եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հաս­տա­տու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րը։ Հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Վե­րա­պա­տուե­լի Փոլ Հայ­տոս­թեան այս առ­թիւ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ հաս­տա­տու­թեան ընդ­հա­նուր եր­թին եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ կան­խա­տե­սում­նե­րուն շուրջ։

Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին շրջագ­ծով պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մըն ալ սար­քուե­ցաւ Համ­րա­յի «Պրիս­թոլ» պան­դո­կին մէջ, Պէյ­րութ։ Այս հա­ւա­քոյ­թի պա­տուոյ հիւ­րե­րու շար­քին էին Լի­բա­նա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Ճոնս եւ Լի­բա­նա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սա­մուէլ Մկրտչեան։ 

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016