«ԵՐԳԴ ՍԻՐԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…»
Հայաստանէն յայտնի մեներգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան երէկ երեկոյեան խանդավառ համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Սա իր առաջին համերգն էր Իսթանպուլի մէջ, ուր ան արժանացաւ ունկնդիրներու ջերմ վերաբերմունքին։
«Երգդ սիրեմ Հայաստան» կարգախօսով կազմակերպուած համերգին նախաձեռնարկն էր Սայաթ Նովա երգչախումբը։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան տակ գործող «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր «Նոր կեանքի ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան ի նպաստ։ Հարկ է նշել, որ այս կազմակերպութիւնը մանկական հիւանդանոցի մը աջակցութեան առաջադրութեամբ աշխատանք կը տանի եւ երէկուան համերգին հասոյթն ալ օգտագործուեցաւ նոյն նպատակին համար։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Բագրատ Էսդուգեան։
Ժողովրդական երգերու այս համերգին շրջագծով հանդէս եկան երկու մենակատարներ՝ Լէյլա Սարիբէկեան եւ Վարդան Բադալեան։ Անոնք առանձին բաժիններով հանդէս եկան, նուագակցութեամբ՝ Կարինէ Յովհաննիսեանի, Վարդգէս Շահինեանի, Լեւոն Յարութիւնեանի եւ Արամայիս Նիկողոսեանի։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ «Միասնութեան շուրջպար»ով։ Այս հանգրուանին Լէյլա Սարիբէկեան եւ Վարդան Բադալեան երգեցին միասնաբար եւ ժողովրդական նուագարաններու մեղեդիներուն հետ ալ քայլ պահելով ունկնդիրները շուրջպար բռնեցին՝ անմոռանալի զգացումներ ապրելով։
Համերգին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024