«Է­ՍԱԵԱ­ՆԻ Ո­ԳԻՆ»

4 ՅՈՒ­ՆԻՍ 2016, Շա­բաթ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի «ԲԱ­ԺԱ­ԿԻ ՕՐ» է։ Յի­շա­տակ­նե­րու վե­րա­կոչ­ման, ո­գե­ւոր եւ խան­դա­վառ օր մը՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, որ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն յի­շա­տակ մը ու­նին, ապ­րուած կեանք մը, սի­րոյ եւ ջերմ զգա­ցում­նե­րու շրջան մը, որ անջն­ջե­լի դրոշմ մը թո­ղած է ի­րենց հո­գիին խո­րը։

Եւ այս տրուպ գրի­չը երբ ա­ռա­ջին ան­գամ 1972 թուա­կա­նին ծա­նօ­թա­նա­լու հա­ճոյ­քը ու­նե­ցաւ Ան­նիկ Պալ­քը­շի հետ, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ նաեւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հետ, քա­նի որ այդ թուա­կա­նէն վերջ միշտ յի­շուե­ցաւ, միտ­քով եւ հո­գիով ապ­րուե­ցաւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը, քա­նի որ ան նոյ­նա­ցած էր Ան­նիկ Պալ­քը­շի ան­ձին հետ։ Ե­րախ­տա­պար­տու­թեան եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան այս­քան ջե՛րմ զգա­ցում, պէտք է ան­կեղ­ծու­թեամբ խոս­տո­վա­նիմ, թէ՝ եր­բե՛ք չէի տե­սած մին­չեւ այդ թուա­կա­նը։

Ան­շուշտ ա­մէն սան, ա­մէն ա­շա­կերտ կա­պուած է իր վար­ժա­րա­նին, բնա­կա՛ն է ա­սի­կա, բայց ա­նի­կա «ըն­տա­նի­քի հա­րա­զատ մէկ ան­դամ»ը, ան­բա­ժան մէկ տար­րը հա­մա­րել, եւ սի­րով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով ար­տա­յայ­տուիլ ա­նոր մա­սին, ա­մէն ա­ռի­թով, հա­զուա­դէպ պա­րա­գայ մըն էր, գո­նէ ին­ծի հա­մար։

Նուի­րուա­ծու­թեան, ան­շա­հախն­դիր կա­պուա­ծու­թեան բա­ցա­ռիկ ե­րե­ւոյթ մըն էր ա­սի­կա։

Հիա­ցա՛յ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, տա­րի մը եւս, 24 Մա­յիս 2003, Շա­բաթ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի «Բա­ժա­կի օր» մը եւս։

Այս ան­գամ իր ըն­տա­նի­քի շրջա­պա­տէն դուրս՝ գի­րով կ՚ար­տա­յայ­տէ իր ջերմ ու ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րը, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի Նա­խակր­թու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեան։

Ուս­տի, քա­նի որ 4 Յու­լիս 2016, Շա­բաթ օր յի­շա­տակ­ներ վե­րա­կո­չե­լու, «ապ­րուած»ը վերս­տին ապ­րե­լու օրն է, յար­մար նկա­տե­ցինք Ե­րէց­կին Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի գրու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել մեր ազ­նիւ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի գրու­թիւ­նը նոյ­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք, ո­րուն վեր­նա­գիր այ­սօ­րուան մեր գրու­թեան որ­պէս խո­րա­գիր ընտ­րե­ցինք, այ­սօ­րուան մեր սիւ­նա­կը յատ­կաց­նե­լով ի­րեն։

Մենք կեան­քէն շատ բան բաժ­նե­ցինք մեր ե­րէցկ­նոջ՝ Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեա­նի հետ, կեանք, ըն­տա­նիք, բայց բաժ­նե­ցինք նաեւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի սէ­րը, ա­նոր հան­դէպ բա­րի զգա­ցում­նե­րը, ե­րախ­տա­պար­տու­թիւ­նը, պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ստա­ցուած կրթու­թեան եւ ուս­ման փո­խան­ցու­մը սե­րունդ­նե­րու եւ յա­ւեր­ժու­թիւ­նը ա­մէն ար­ժէ­քի՝ որ կազ­մած եւ ձե­ւա­ւո­րած է կեան­քը…։

Ա­հա­ւա­սիկ այս զգա­ցում­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նենք սոյն գրու­թիւ­նը։

Է­ՍԱԵԱ­ՆԻ Ո­ԳԻՆ

Վար­ժա­րա­նը ընդ­հան­րա­պէս կը նման­ցուի բո­ցա­վառ վա­ռա­րա­նի մը, ո­րուն բո­ցե­րուն ջեր­մու­թե­նէն հետզ­հե­տէ կը տաք­նան մատ­ղաշ եւ դե­ռա­տի սիր­տեր, իսկ շող­շո­ղուն լոյ­սի շո­ղե­րէն կը լու­սա­ւո­րուին՝ նո­րա­ծիլ խար­խա­փող միտ­քեր։

Վար­ժա­րա­նը կը նման­ցուի նաեւ ջա­հի մը, որ նոյն յատ­կու­թիւն­նե­րով սահ­մա­նուած՝ մա­նուկ­նե­րու մէջ կ՚արթնց­նէ մար­դա­սի­րա­կան զգա­ցում­ներ եւ ա­նոնք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ՝ լու­սա­ւոր մտա­ծում­նե­րու յստակ եւ վճիտ ա­պա­գա­յի մը խոս­տու­մով։

Մենք Է­սաեան­ցի­ներս, ան­ցեա­լին, ներ­կա­յիս եւ ա­պա­գա­յին՝ ա­մէնքս կը սի­րենք մեր ջա­հը, մեր վա­ռա­րա­նը, որ մեզ դեռ մա­նուկ հա­սա­կին, մար­դա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով տաք­ցուց, եւ հաս­տատ սկզբունք­նե­րով տո­գո­րեց մեր միտ­քե­րը։

Ա­ւե­լի քան դար մըն է որ վառ կը մնայ այս կրթա­կան օ­ճա­խը, իր կրթա­նուէր մշակ­նե­րով, ուր հա­սան ան­հա­մար անձ­նուէր, գթա­սէր զգա­յուն սիր­տեր եւ մար­դօ­գուտ լու­սա­ւոր միտ­քեր։

Եւ այ­սօր մեր պարտքն է՝ ան­ցեա­լէն մե­զի փո­խան­ցուած այս ո­գին փո­խան­ցել նոր սե­րուն­դնե­րուն՝ նոր Է­սաեան­ցի­նե­րուն եւ այս օ­ճա­խը վա՛ռ պա­հե­լու հա­մար չխնա­յել ա­մէն ճիգ։

Է­սաեան­ցի ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը ար­դէն ինք­նա­բե­րա­բար կը ստեղ­ծէ եւ կը զար­գաց­նէ այս ո­գին եւ այս ե­ռան­դը։

Է­սաեան­ցի ե՛նք, Է­սաեան­ցի մնա՛նք։

ԱՆ­ՆԻԿ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ
Է­սաեան Վար­ժա­րա­նի
Նա­խակր­թու­թեան Բաժ­նի
Տնօ­րէ­նու­հի

24.05.2003

Այս է ա­հա­ւա­սիկ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ազ­նիւ զգա­ցու­մով լե­ցուած սրտի մը եւ մտա­յին պա­շա­րով օժ­տուած մտքի մը ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, եւ վստա՛հ ենք կը շա­րու­նա­կուի, պի­տի շա­րուա­նա­կուի սե­րուն­դէ՜ սե­րո՛ւնդ…։

Ար­դա­րեւ, ժո­ղո­վուրդ մը, ազգ մը՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս, թէ՛ հա­ւա­քա­բար, որ գի­տէ գնա­հա­տել «ար­ժէք» ու «ար­ժա­նիք», այն ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ կը դի­մէ բա­րիին, գե­ղե­ցի­կին եւ ճշմա­րի­տին միայն, եւ կը ձգտի ազ­նիւ գա­ղա­փար­նե­րու ի­րա­գործ­ման, կ՚ը­սենք, թէ՝ այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ ժո­ղո­վուրդ կամ ազգ, «մշա­կոյթ» ու­նի։ Ար­դա­րեւ, «մշա­կոյթ»ը՝ զար­գա­ցում, հարս­տա­ցում, ազ­նուա­ցում է հո­գիի զա­նա­զան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ըն­կա­լեալ, ըն­դո­ծին եւ ստա­ցա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջը, ժո­ղո­վուր­դի մը բա­րո­յա­կան կրթու­թիւ­նը, ու­սու­մը, կար­գու­սար­քի ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը՝ որ դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն կեան­քը։ Եւ ա­նոնք որ անձ­նուի­րա­բար, նուի­րուե­լով, զո­հե­լով ու զո­հուե­լո՛վ եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ան­շա­հախն­դիր, ա­ռանց ո­րե­ւէ ակն­կա­լու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ կը ծա­ռա­յեն մար­դուն՝ սե­րունդ­նե­րու մտա­ւոր զար­գաց­ման եւ հո­գե­ւոր ազ­նուաց­ման սրբա­զան գոր­ծին՝ ա­նոնք չե՛ն մոռ­ցուիր, պէտք չէ՛ մոռ­ցուին, քա­նի ա­նոնց կը պար­տին ա­պա­գայ սե­րունդ­ներ ի­րենց գո­յու­թեան պահ­պա­նու­մը եւ տե­ւա­կա­նա­ցու­մը։ Ան­շա­հախն­դիր եւ նուի­րուած ծա­ռա­յող­ներ են որ կը կազ­մեն ու կը ձե­ւա­ւո­րեն զար­գա­ցած, մշա­կուած եւ ազ­նիւ հո­գի­նե­րէ բաղ­կա­ցած ա­պա­գայ ա­ռողջ եւ եր­ջա­նիկ սե­րունդ­ներ…։

Սէ­րը, ա­պա ու­րեմն զգա­ցում­նե­րը եր­բեք վախ­ճան չու­նին, թուա­կան­նե­րը խորհր­դան­շող թուան­շան­ներ կա­րե­լի է որ փո­խուին, եւ սա­կայն սէ­րը եւ զգա­ցում­նե­րը միշտ վա՛ռ կը մնան, քա­նի որ ա­նոնք հո­գիին ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են եւ հո­գին եր­բեք չի՛ մեռ­նիր։

Ե­րէց­կին Ան­նիկ Գալ­փաք­ճեան, վե­րո­յի­շեալ տո­ղե­րուն շա՜տ ա­ւե­լի զգա­յա­ցուն­ցը, վստա՛հ ենք պի­տի գրէր այ­սօր ալ, բայց այդ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը վի­ճա­կե­ցաւ այս տրուպ գրի­չին, թէեւ ո՛չ այն­քան ցնցիչ, եւ ոչ այն­քան տպա­ւո­րիչ… եւ պա­տի՜ւ է միջ­նորդ ըլ­լալ ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րու, վկա­յել ա­նոնց ան­կեղ­ծու­թեան, ա­նոնց ճշմար­տու­թեան, քա­նի որ տա­րի՜­ներ շա­րու­նակ վկա­յած է ա­նոնց էու­թեան, ի­րա­կա­նու­թեա՛ն։

Մարդ մարմ­նա­կան, ի­մա­ցա­կան եւ բա­րո­յա­կան կեանք մը կը յայտ­նա­բե­րէ ինք իր մէջ, ուս­տի ի­րե­րազ­դող այս ար­ժէք­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է մարդ էա­կին ամ­բող­ջու­թիւ­նը։

Կրթու­թիւ­նը մե՜ծ դեր կը խա­ղայ այս ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ՝ ո­րուն ճար­տա­րա­պետ­ներն են կրթա­կան մշակ­նե­րը…։

Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թի՜ւն է, իսկ ե­րախ­տա­պար­տու­թիւ­նը՝ ազ­նուու­թի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016