ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը ներկայիս մէկ կողմէ կ՚ապրի Տատեան վարժարանի նոր համալիրի ընձեռած հնարաւորութիւններուն ուրախութիւնը, իսկ միւս կողմէ օրակարգի վրայ եկած է դպրոցի հին շէնքի արժեւորման խնդիրը։ Թաղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջերս որոշեց վարձու տալ հին շէնքը, սակայն այդ նախաձեռնութիւնը Պաքըրգիւղի ընտանիքին եւ համայնքային շրջանակներու խղճին մօտ հարիւր տոկոս արդարացում չգտաւ։ Հետեւաբար, ներկայիս թաղային խորհուրդը կը ջանայ հիմնաւորել իր որոշումը եւ այս շրջագծով շաբաթավերջին Տատեանի հին շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափով հետաքրքրական հաւաքոյթ մը։ Որպէս դպրոցի նախկին շրջանաւարտներէն մին՝ այս հաւաքոյթը կազմակերպուեցաւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողանի նախաձեռնութեամբ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներու առընթեր համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր մասնակցեցան այս ժողովին։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան վարեց այս նիստը, որուն ներկայ էին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Փրոֆ. Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ինչպէս նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ, կրթական մշակներ եւ այլք։
Խորհրդակցութեան սկիզբին Սելինա Տողան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որու ընթացքին շեշտեց, թէ Մեսուտ Էօզտեմիրի հաւանութեամբ յաջողած են ապահովել կարծիքի փոխանակումներու այս մթնոլորտը։ Ըստ իրեն, ժողովրդավարութիւնը մէկ կողմէ խրախուսելի է մեր հաւաքական կեանքէն ներս, սակայն միւս կողմէ ալ այս ճանապարհին վրայ երբեմն կը յառաջանան խցանումներ։ Սելինա Տողան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին եւ յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի կողմէ իրենց նախաձեռնութեան ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Աւելի վերջ նիստավար Թորոս Ալճան ընդգծեց, թէ իրենց նպատակն է տեղեակ դառնալ Տատեանի նախկին շէնքի արժեւորման վերաբերեալ բոլոր առաջարկներուն եւ համադրել զանոնք։ Թորոս Ալճան ըսաւ, թէ մեր համայնքի ընդհանուր ղեկավարման դրութեան մէջ կան օրինական կամ գործնական զանազան գործօններ, որոնք կը պայմանաւորեն ընդհանուր երթը։ Ան համոզուած է, թէ եթէ ապագայի մասին կը պակսին ծրագրերը, ապա ի զուր է հպարտանալ անցեալին հետ։ Նման խնդիրներու հաւաքական մտային վարժանքով յաղթահարման կարեւորումով՝ Թորոս Ալճան զօրակցութիւն յայտնեց Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի գործունէութեան։
Ժողովականները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Մեսուտ Էօզտեմիրի բացատրութիւնները։ Մեսուտ Էօզտեմիր ընդգծեց, որ Տատեանի հին շէնքին միայն մէկ հատուածը ունի պատմական նշանակութիւն եւ բնոյթ։ Ան այս հանգամանքը շեշտած էր նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին։ Էօզտեմիր նշեց, թէ սկզբնական շրջանին այդ շէնքի պարագային իրենք ալ ունէին իղձեր եւ իտէալներ, սակայն ժամանակի ընթացքին անդրադարձան, թէ շէնքը չ՚օգտագործուիր եւ աստիճանաբար կը մաշի ֆիզիքապէս՝ նոյնիսկ արագ թափով։ Ըստ Մեսուտ Էօզտեմիրի, Պաքըրգիւղի ընտանիքի այսօրուան իրականութիւնը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը պարտադրեն, որ Տատեանի հին շէնքը դառնայ հասութաբեր։ Արդարեւ, նոր համալիրի կառուցման զուգահեռ Տատեան վարժարանի պիւտճէն բազմապատկուած է, ծախսերը աւելցած են անհամեմատօրէն։ Պաքըրգիւղի այս տարուան մատաղօրհնութեան արդիւնքին հանգանակուեցաւ միայն 250 հազար լիրա, ինչ որ կը համապատասխանէ յայտարարուած պիւտճէի բացի մէկ երրորդին։
Մեսուտ Էօզտեմիր շեշտեց, որ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ներկայիս որեւէ իրաւական գործընթաց չի հետապնդեր ու կեդրոնացած է ամբողջութեամբ վարժարանին վրայ։ Ծնողները տեւաբար կ՚արտայայտեն պահանջներ՝ որպէսզի դպրոցի մակարդակը բարձրանայ։ Ատենապետին խօսքերով, իրենք հաշտ աչքով կը դիտեն բոլոր վարկածները, որոնց պարագային Տատեանի հին շէնքը կրնայ օգտակար հանդիսանալ մեր համայնքին տեսակէտէ, սակայն այս պահու դրութեամբ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը ունի խնդիրներ ու կը զգայ անոնց հրատապ լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Եթէ մօտաւոր ապագային գործնական միջոցներ ձեռք չառնուին, ապա Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդին առջեւ պիտի ծառանայ 1 միլիոն թրքական լիրա արժողութեամբ պարտք մը դիմագրաւելու անխուսափելի հրամայականը։ Ներկայիս դպրոցի պիւտճէի ընդհանուր բացը կը խորանայ։ Այս ամբողջին մէջ նոր շէնքի ծախսերը կը կազմեն շուրջ 30 տոկոսի համեմատութիւն։ Մնացեալ 70 տոկոսը պայմանաւորուած է կրթական նոր դրութիւնով։
Մեսուտ Էօզտեմիրի այս բազմակողմանի բացատրութիւններուն զուգահեռ Փրոֆ. Արսէն Արշըքըն ալ նշեց, թէ յառաջիկայ մէկ ամսուան ժամանակաշրջանը իրենք կը փափաքին արժեւորել առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ։ Ան տեղեկացուց, որ մեր համայնքի արուեստագէտներէն Մելիքճան Զամանի կողմէ բացուած «Akademi Z»ն կը ծրագրէ վարձել այս շէնքը՝ իր գործունէութիւնը ընդարձակելով ծաւալելու առաջադրութեամբ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչներու բացատրութիւններէն վերջ, խորհրդակցութեան մասնակիցները հանդէս եկան զանազան խորհրդածութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ, թէ համայնքի հաստատութիւններուն համար հասարակաց պիւտճէ մը գոյացնելու ծրագիրը սկզբունքօրէն ընդունելի է բոլորի համար, սակայն գործնականօրէն կարելի չ՚ըլլար զայն կեանքի կոչել։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները յիշեցուցին, որ մեր համայնքի բնակչութիւնը կը նուազի, ներդրումներ չեն կատարուիր երիտասարդութեան համար։ Համայնքապատկան շէնքերու կացութեան անդրադառնալով՝ խորհրդակցութեան մասնակիցներէն ոմանք դիտել տուին, թէ անոնք մաս կը կազմեն մեր յիշողութեան։ Պահ մը յառաջ քշուեցաւ այն տեսական հարցումը, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը եթէ ունենար անհրաժեշտ նիւթական միջոցները, ապա ի՞նչ պիտի մտածէր Տատեանի հին շէնքի ապագային համար։
VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը եւ Թորոս Ալճանն ալ ժողովի տեւողութեան կանգ առին համայնքի ներքին զօրակցութեան խնդիրներուն վրայ։ Անոնք շեշտեցին, որ անպայման պէտք է յաղթահարուի Պաքըրգիւղի եւ Օրթագիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն միջեւ առկայ ցրտութիւնը։ Ծանօթ է, որ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երկար ժամանակէ ի վեր օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Ժողովականները նշեցին, որ այս խնդիրը պէտք է անպայման հարթուի։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հրաժարի քմահաճ նախընտրութիւններէ ու իր տնօրինած համայնքապատկան միջոցները բաժնէ արդար մօտեցումով եւ առարկայական չափանիշներով։ Եթէ Պաքըրգիւղի եւ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդներուն միջեւ ծագած են տարակարծութիւններ, ապա անոնց հետեւանքով պէտք չէ տուժեն Տատեան վարժարանի շուրջ չորսհարիւր սաները։
Խորհրդակցութեան տեւողութեան ժողովականները համոզումներ արտայայտեցին Պաքըրգիւղի առկայ կարիքներուն եւ համայնքի ընդհանուր որոշումներուն տեսանկիւնէն։ Զանազան մասնակիցներ յղացան առաջարկներ, ըստ որոնց Տատեանի հին շէնքը կարելի է վերածել արհեստից վարժարանի մը կամ ուսման, փորձագիտական կեդրոնի մը։
Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը յառաջիկայ շրջանին վերջնական որոշումի մը պիտի յանգի Տատեանի հին շէնքի հարցին առընչութեամբ։