ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Պունտեսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան շուրջ անցեալ շաբաթ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ։ Այս մթնոլորտին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոմիութեան հասցէին։ Ան երկերեսութեան մեղադրանք յառաջ քշեց Պերլինի ղեկավարութեան, մասնաւորապէս Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հասցէին։
Ըստ Էրտողանի, Գերմանիա աշխարհի վրայ ցեղասպանութեան մասին խօսելիք ամենավերջին երկիրն է, սակայն նման պնդում մը կը հասցէագրէ Թուրքիոյ, ինչ որ կեանքի բնականոն ընթացքին անյարիր է։ «Ցեղասպանութեան մեղադրանքը երբեք չենք ընդունիր։ Առաջին աշխարհամարտի պայմաններուն ներքեւ բնականաբար շարք մը միջոցներ ձեռք առնուած են Անատոլուի մէջ կարգ ու կանոնը ապահովելու համար», նշեց Էրտողան եւ աւելցուց, որ Անկելա Մերքէլ իրեն խոստացած է բանաձեւին դէմ ընել կարելին, սակայն արդիւնքը այնպէս մը եղած է որ ան չէ մասնակցած քուէարկութեան։ Էրտողան հարց տուաւ, թէ արդեօք միայն այսքա՞ն էր Մերքէլի կարելին։ Հետեւաբար, ան մատնանշեց անկեղծութեան խնդիրը ու շարունակեց. «Մենք հպարտ ենք մեր պատմութեան հետ եւ անոր հարցաքննութիւնը պիտի չթողունք Գերմանիոյ խորհրդարանին»։
Իր խօսքերուն մէջ Էրտողան բուռն ձեւով քննադատեց նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի թրքական արմատներով երեսփոխանները, որոնք հաւանութիւն տուին հայկական բանաձեւին։ Նախագահը վատարիւն որակեց զանոնք։ Իր խօսքերով, անոնց արիւնը պէտք է ենթարկուի քննութեան։ Եթէ անցեալի հաշուեկշիռը պիտի կատարուի, ապա այս ուղղութեամբ ամենահանգիստ երկիրն է Թուրքիան։ Բազմաթիւ երկիրներու անցեալը մութ եւ արիւնոտ է այս տեսանկիւնէն։ Ան թուարկեց կիպրացի յոյներուն օրինակը եւ աւելցուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան վկաները ի կեանս են։
Էրտողան Գերմանիոյ եւ Եւրոպային տուաւ նաեւ հետեւեալ պատգամը. «Կա՛մ արդար լուծումներ կը գտնենք մեր հասարակաց օրակարգի խնդիրներուն համար եւ կամ Թուրքիա կը դադրի պատնէշ հանդիսանալէ Եւրոպայի խնդիրներուն առջեւ ու ձեզի գլուխ գլխի կը թողում ձեր խնդիրներուն հետ»։ Բաց աստի, նախագահը շեշտեց, որ հայերը կ՚օգտագործուին որպէս շանթաժի միջոց։ Ան կրկնեց նաեւ իր մօտեցումը, որ յաճախ օրակարգի վրայ կը բերէ երբ հայկական հարցին վերաբերեալ իրադարձութիւնները սրուին։ Այսպէս, Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրի 100 հազար հայ. կէսը քաղաքացի, միւս կէսը ոչ։ Թուրքիա այդ հայերը կը հիւրընկալէ այնպէս, ինչպէս իր դռները բացած է սուրիացիներուն համար։ «Ինչպէս այս պահուն կ՚ընեն եւրոպացիները, մենք ալ զանոնք ետ կ՚ուղարկենք Հայաստան», ըսաւ Էրտողան։
Բաց աստի, Էրտողանի խօսքերով, անոնք, որոնք կը ջանան մարդու իրաւանց դաս տալ Թուրքիոյ, բոլորի պատմութիւնը Ափրիկէի պարագային պատուած է արիւնով, արցունքով, սպանդներով ու ցեղասպանութեամբ, իսկ Թուրքիա մաքուր է գաղութայնացման տեսակէտէ։
Գերմանիոյ դէմ հակազդեցութեան բուռն ալիքի մթնոլորտին մէջ, Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուն ալ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ յառաջիկայ շրջանին որդեգրուելիք քաղաքականութեան շուրջ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ան առաջին քննարկումները ծաւալած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Կը նախատեսուի, որ այս օրերուն Քարսլըօղլու Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս մէկտեղուի նաեւ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ պատկան այլ բաժանմունքներու իրաւասուներուն հետ։ Դիւանագէտները կարծիքի փոխանակումներով պիտի ջանան յստակացնել յառաջիկայ շրջանի քաղաքականութեան առանցքները։