Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան։ Երէկ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերնախաւին ներկայացուց Արմէն Գէորգեանը։
Հարկ է նշել, որ Արմէն Գէորգեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը Հայաստանի պետական համակարգէն ներս երկար ժամանակ անընդմէջ զբաղեցուցած էր զանազան բարձրաստիճան պաշտօններ, ընդհուպ մինչեւ փոխ-վարչապետ։ Վերջին քանի մը տարիներուն ան դուրս եկած էր պետական համակարգէն, իսկ հիմա կը վերադառնայ նոր, դարձեալ շատ պատասխանատու պաշտօնի մը գլուխը։
Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016