ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՝ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԱԼԻԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը մեկ­նի՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կռփա­մար­տի եր­բեմ­նի աշ­խար­հահռ­չակ ա­խո­յեան Մու­համ­մէտ Ա­լիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հարկ է նշել, որ 74 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքած հռչա­կա­ւոր մար­զի­կին կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն լայն ար­ձա­գանգ գտած է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ՝ խոր ցաւ պատ­ճա­ռե­լով հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Մու­համ­մէտ Ա­լի ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր կը տա­ռա­պէր փար­քին­սո­նէ։

Մու­համ­մէտ Ա­լի Քլէ­յի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս Ուր­բաթ եւ ան պի­տի թա­ղուի իր ծննդա­վայ­րին՝ Լուիզ­վի­լի մէջ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016