ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, տարբեր դաւանանքներու՝ մրկտուած ուղղափառ եւ կաթողիկէ քրիստոնեաներու միջեւ «խառն ամուսնութեան» պարագաներ կը ներկայանան բաւական յաճախակի կերպով։ Ասիկա ամուսիններուն եւ հոգեւոր հովիւներուն յատուկ ուշադրութիւնը կը պահանջէ։ Իսկ, դարձեալ մկրտուած՝ ուղղափառ կամ կաթողիկէ քրիստոնեաներու միջեւ «պաշտամունքի տարբերութեամբ» կատարուած ամուսնութիւններուն պարագան դեռ աւելի՛ մեծ շրջահայեցողութիւն կը պահանջէ։
Ամուսիններուն՝ կողակիցներուն միջեւ դաւանական տարբերութիւնը ամուսնութեան համար անյաղթահարելի դժուարութիւն մը չի՛ գոյացներ, եթէ անոնք յաջողին համատեղել ի՛նչ որ իւրաքանչիւրը սորված եւ ընդունած է իր համայնքէն, եւ իրարմէ սորվի՛լ Քրիստոսի հաւատարմութիւնը ապրելու իւրաքանչիւրին եղանակը։
«Խառն ամուսնութիւն»ներուն յարուցած «դժուարութիւն»ները սակայն պէտք չէ թերգնահատուին։
Արդարեւ, այդ դժուարութիւնները հետեւանքն են այն իրողութեան՝ որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Ամուսինները՝ «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» ենթակայ են քրիստոնեաներու բաժանումին «ողբերգութիւն»ը իրենց ընտանիքին ծոցին մէջ իսկ ապրելու վտանգին։
Պաշտամունքին տարբերութիւնը կրնայ դժուարութիւնները սաստկացնել։ Հաւատքի, հաւատալիքներու մասին կամ ամուսնութեան ըմբռնումին մասին տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական-դաւանական տարբեր մտայնութիւնները կրնան ամուսնութեան մէջ լարուածութիւններու աղբիւր հանդիսանան, սկիզբ տան անոնց, գլխաւորաբար զաւակներուն կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցով։ Այն ատեն անոնց կրնայ ներկայանալ փորձութիւն մը՝ որ «կրօնական անտարբերութի՛ւն»ն է։
Բազմաթիւ շրջաններու մէջ, խնդրոյ առարկայ քրիստոնեայ համայնքները կրցած են «խառն ամուսնութիւններու մասին հասարակաց հովուական մը» մշակել, շնորհիւ միութենական երկխօսութեան։
Ուստի, միութենական երկխօսութեան ստեղծած «հասարակաց հովուական»ին պարտականութիւնը եղած է՝ օգնել ամոլներուն, որպէսզի իրենց իւրայատուկ կացութիւնը եւ հանգամանքը հաւատքի լոյսին տակ ապրին։ Ան նաեւ պիտի օգնէ կողակիցներուն՝ որպէսզի իրենց եւ իրենց եկեղեցական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնները յաջողութեամբ յաղթահարեն։
Այս «հասարակաց հովուական»ը պիտի քաջալերէ, պիտի խրախուսէ իրենց միջեւ հասարակաց եղող արժէքներուն ծաղկումը, բարգաւաճումը, իսկ զիրենք իրարմէ բաժնող կամ հեռացնող պարագաներուն՝ փոխադարձ յարգա՛նքը։
Հոս կ՚արժէ յիշել Լատին Եկեղեցւոյ կիրարկութիւնը, պարզապէս գաղափար մը կազմելու համար այս մասին։ Լատին Եկեղեցւոյ մէջ ի զօրու եղող օրէնքին համաձայն, «խառն ամուսնութիւն» մը, իր օրինաւորութեան համար, կարիքն ու պահանջքը ունի եկեղեցական իշխանութեան «բացայայտ արտօնութեան»։
Պաշտամունքային տարբերութեան պարագային, ամուսնութեան վաւերականութեան համար՝ արգելքէն «բացայայտ տնօրինում» մը կը պահանջուի։
Խնդրոյ առարկայ այս «արտօնութիւն»ը կամ այս «տնօրինում»ը կ՚ենթադրէ, թէ երկու կողմերը ամուսնութեան նպատակները եւ էական յատկութիւնները կը ճանչնան եւ զանոնք չեն մերժեր։
Այս «արտօնութիւն»ը կ՚ենթադրէ նաեւ թէ՛ կաթողիկէ կողմը, թէ՛ կը հաստատէ իր յանձնառութիւնները եւ թէ՛ զանոնք բացայայտօրէն կը ծանօթացնէ ոչ-կաթողիկէ կողմին, յայտնելով, թէ ի՛նք պիտի պահէ իր հաւատքը, իսկ զաւակներուն մկրտութիւնը եւ կրթութիւնը պիտի ապահովէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ (Codex Iuris Canonici, «Կանոնագիրք Լատին Եկեղեցւոյ», canon 1124, 1086 եւ 1125. «կանոններ»)։
Պաշտամունքային տարբերութեամբ կազմուած ամուսնութեան մէջ՝ կաթողիկէ ամուսինը մասնայատուկ պարտականութիւն մը ունի. «քանի որ ոչ-հաւատացեալ կինը կամ այրը՝ ամուսինը կը սրբանայ իր հաւատացեալ ամուսինով» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 14)։ Թէ՛ քրիստոնեայ կողակիցին եւ թէ՛ Եկեղեցւոյ համար մեծ ուրախութիւն է, եթէ այս «սրբացում»ը առաջնորդէ միւս կողակիցը ազատօրէ՛ն դարձ կատարելու դէպի քրիստոնեայ հաւատքը։
Ամուսնական «անկեղծ սէր»ը, ընտանեկան առաքինութիւններուն խոնարհ եւ համբերատար գործադրութիւնը եւ յարատեւ աղօթքը կրնան տրամադրել ոչ-հաւատացեալ կողակիցը ընդունելու իր դարձին շնորհքը։
Այսօր աշխարհի մէջ, նկատի ունենալով ամուսնութեան կարեւորութիւնը եւ անոր վերաբերեալ խնդիրները հասարակական-ընկերային եւ քաղաքական կեանքի տեսակէտէն՝ ամուսնութեան արտօնութիւնը վերապահուած է «քաղաքային իշխանութեան»ը։ Այսպէս, պետական օրէնք է դարձած։
Պետական օրէնք է դարձած, այնպէս որ երբ օրինապէս չափահաս դարձածները ամուսնանալ կ՚ուզեն, կը դիմեն «քաղաքային իշխանութեան» եւ կը յայտարարեն՝ թէ պիտի ամուսնանան։ Օրինաւոր վկաներու ներկայութեամբ կ՚արձանագրուին անոնց ինքնութեան եւ բնակութեան վերաբերեալ կարեւոր եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։
Այս գործողութիւններէ ետք անոնք ազա՛տ են կենցաղավարելու իբրեւ օրինաւոր այր եւ կին։
Բայց քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջէն ամուսնացողներ, յարգելով հանդերձ երկրի օրէնքը, քաղաքային ամուսնութեան արտօնութեան օրինաւոր ձեւակերպութիւնները լրացնելէ յետոյ եկեղեցի կ՚երթան պսակադրութեամբ օրհնելու իրենց ամուսնութիւնը։
Խառն ամուսնութեան պարագային, նախընտրելի է տղուն եւ աղջկան՝ միեւնոյն դաւանութեան եւ ազգութեան պատկանիլը՝ ընտանեկան կեանքի խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար, մասամբ չափով, քանի որ նոյն դաւանութեան եւ ազգութեան մէջ կատարուած ամուսնութիւններու միջոցով կազմուած ընտանիքներու մէջ իսկ խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը կարելի է որ չապահովուի, եւ նոյն դաւանութեան եւ ազգի պատկանելով հանդերձ՝ տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ, խռովութիւններ եւ ապերջանիկ կեանքի մը դժբախտութիւններ պատահին։ Ուստի ընտանեկան խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար պէտք է աւելի լայն ու ընդարձակ «պատուհան»է մը դիտել, աւելի հեռատես եւ շրջահայեաց ու զգուշաւոր ըլլալ եւ ընտանեկան խռովութիւններու, ապերջանկութիւններու եւ մինչեւ իսկ բաժանումներու միակ պատճառը պէտք չէ՛ փնտռել ու տեսնել, կամ կարծել՝ «խառն ամուսնութեան» մէջ։
Ուստի ամուսնացողներու ազատ կամքով յօժարութիւնը, հաճութիւնը եւ մանաւանդ անկեղծ, մաքուր սէ՛րը կանգուն կը պահեն, հաստատ ու անխախտ հիմերու վրայ կը բարձրացնեն օրինաւոր ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը։ Կ՚ըսուի, թէ ընտանիքը «առտնին Եկեղեցի» մըն է. ապա ուրեմն հոն՝ ո՛ւր Եկեղեցիի մը սրբութիւնը, խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը կա՛յ, հո՛ն է ահաւասիկ երջանիկ ընտանիքը՝ իր երջանիկ, ուրախ, երանելի՜ անդամներով։
Եւ երջանիկ անդամներէ կազմուած ընտանիքը ամէն ինչ կ՚արժէ, անփոխարինելի գա՛նձ մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2, 2016, Իսթանպուլ