ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ Ան ե­րէկ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Այս ա­ռա­ւօտ, Ե­րե­ւա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Սերժ Սարգ­սեան զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը դի­մա­ւո­րեց իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով Զե­ման կը տե­սակ­ցի Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թե­նէն դէմ­քե­րու հետ։ Այս այ­ցը կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը կը հա­մա­րուի Ե­րե­ւան-Փրակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ։

Միւս կող­մէ, հայ­կա­կան լրա­տուու­թեան մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին զա­նա­զան տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Չե­խիոյ մէջ եւս կրնայ ըն­դու­նուիլ հա­յան­պաստ բա­նա­ձեւ մը։ Այս­պէս Մի­լոշ Զե­ման մտա­դիր է երկ­րին կա­ռա­վա­րու­թեան ու խորհր­դա­րա­նին կոչ ուղ­ղել՝ հե­տե­ւիլ Գեր­մա­նիոյ օ­րի­նա­կին։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016