ՄԱՀ՝ ՓՐԼԱՆԹԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի նախ­կին ան­դա­մու­հի­նե­րէն Փրլան­թի Սա­րա­ֆեան։ Իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս մեծ հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած տի­պար ըն­տա­նե­կան մայր մըն էր հան­գու­ցեա­լը։ 1933 թուա­կա­նին ան ծնած էր Կե­սա­րիոյ մէջ, ա­ւե­լի վերջ ե­կած Պո­լիս եւ ի վեր­ջոյ իր հա­րա­զատ­նե­րուն հետ հաս­տա­տուած՝ Լոս Ալ­ճե­լըս։ Իր կո­րուս­տը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած է թէ՛ իր ըն­տա­նի­քին եւ թէ ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կին։ Փրլանթի Սարաֆեան իր միջավայրին մէջ կը խորհրդանշէր մեր ազգային արժէքներու ու բարքերուն հաւատարիմ մօր մը, մեծմօր մը, երէցի մը կերպարը, ինչ որ խորապէս ներշնչած է իր զաւակներն ու թոռնիկները, որոնց հետ եղաւ մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեա­լի հոգ­ւոյն եւ խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­ներ կը յայտ­նենք մեր հա­մակ­րե­լի բա­րե­կամ­նե­րէն՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թեան ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն Կար­պիս եւ Ռի­թա Սա­րա­ֆեան ա­մո­լին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016