ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ…
Թուրքիա-Գերմանիա առանցքին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի՝ Պունտեսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած որոշման բերումով։ Անգարայի կողմէ հնչած բողոքներէն վերջ երէկ Պերլինի ղեկավարութիւնն ալ հանդէս եկաւ հակազդեցութիւններով։ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ հետաքրքրական շարժառիթ մը ընտրած եղաւ փոխադարձելու համար Թուրքիոյ հակազդեցութեան։ Արդարեւ, ան խնդրին անդրադարձաւ Պերլինի մէջ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Անկելա Մերքէլ մեկնաբանեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի յայտարարութիւնները։ «Գերմանական խորհրդարանական երեսփոխանները, առանց բացառութեան ազատ ձեւով ընտրուած երեսփոխաններ են։ Թուրքիոյ կողմէ այս նիւթին շուրջ կատարուած յայտարարութիւններն ու յառաջ քշուած պնդումները տրամաբանական չեն համարեր», ըսաւ Մերքէլ եւ աւելցուց, թէ միշտ ջանք գործադրած է ու պիտի շարունակէ գործադրել՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու համար։ Ըստ Անկելա Մերքէլի, Գերմանիա առերեսուած է Հոլոքոստի եւ ազգային-սոցիալիզմի հետ։ Ան աւելցուց, որ թուրք-հայկական պատմութեան մանրամասն ուսումնասիրութեան համար կողմնակից է պատմութեան հասարակաց յանձնաժողովի մը ստեղծուելուն։
Միւս կողմէ, Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան հաւատարմատար Ուֆուք Կեզէր հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն տեղեկացուեցաւ, թէ վերջին օրերուն Անգարայէն կատարուած յայտարարութիւնները կը համարուին անհասկնալի։
Իր կարգին Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամմերթն ալ անդրադարձաւ երեսփոխաններուն ուղղեալ սպառնալիքներուն եւ ըսաւ. «Սա ներկայ բոլոր օրէնքներու հնարաւորութիւններուն շրագծով պիտի ունենայ իր պատասխանը։ Ինչ ձեւով որ ալ ըլլայ, երեսփոխաններու վրայ ճնշում բանեցնելու հետամուտ անձ մը պէտք է շատ լաւ գիտակցի, թէ այսպէսով կը հակադրուի ամբողջ խորհրդարանին ու մեր ժողովրդավարութեան», ըսաւ Լամմերթ։
Բաց աստի, Պունտեսթակի Փոխ-նախագահ Քլոտիա Ռոթհն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան կը պատկանի Կանաչներու կուսակցութեան։ Իր խօսքերով, Էրտողան ակնյայտ գրգռութիւններ կը կատարէ երեսփոխաններուն դէմ, հետեւաբար անկարելի է լռութիւն պահել, որովհետեւ իր ըրածը անթոյլատրելի է, խոտոր կը համեմատի բոլոր կանոններուն։
Պունտեսթակի կուսակցական խմբակցութիւններու ղեկավարներն ալ բողոք ցոյց տուին Էրտողանի կողմէ թրքական արմատներով երեսփոխաններուն թիրախ դարձուելուն դէմ։ Ըստ իրենց, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկ-րի մը հանրապետութեան նախագահը ան-կարելի է, որ խօսի նման ձեւով։ Էրտողանի արտայայտութիւնները ընկալուած են որ-պէս յարձակում ամբողջ Պունտեսթակի դէմ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՉԵՐ
Մինչ այդ, Անգարա-Պերլին առանցքի առկայ լարուածութեան զուգահեռ Եւրոմիութիւնը հանդէս եկաւ կոչով մը, որուն մէջ յորդոր ուղղուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, որպէսզի ձեռնարկեն շինիչ երկխօսութեան։ ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավարութեան բանբերին՝ Մայա Քոսիանչիչի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ակըն-կալութիւնը։ «ԵՄ կը յորդորէ՝ ձեռնարկել իսկական գործողութիւններու, որոնք պիտի նախանշեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւններու լիակատար հաշտեցման ուղին։ ԵՄ յանձնառու է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին համար ու կը խրախուսէ երկու կողմերը՝ այդ գործընթացին սկսիլ առանց նախապայմաններու», նշեց Քոսիանչիչ։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան հնարաւորինս արագ կը բնականոնացնեն իրենց յարաբերութիւնները։ Մերքէլի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սթոլթենպերկին ուղղուեցաւ Պունտեսթակի որոշման վերաբերեալ հարցում մը։ Ի պատասխան՝ ընդհանուր քարտուղարը նշեց, թէ այդ խնդիրը չի վերաբերիր ՆԱԹՕ-ին։