ԱՆԱՐՈՒԵՍՏ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ

Տուն վե­րա­դար­ձայ եր­կար օ­րուայ մը աշ­խա­տան­քէ ետք: Յոգ­նած էի: Զո­վա­ցու­ցիչ մը առ­նե­լով պատշ­գա­մը սո­վո­րա­կան բազ­կա­թո­ռիս վրայ նստայ, ձայ­նաս­փիւ­ռը միա­ցու­ցի եւ եր­կին­քի աստ­ղե­րը դի­տե­լով փոր­ձե­ցի հանգս­տա­նալ: Բայց իմ հան­գիստս խան­գա­րեց լի­բա­նա­նա­հայ «ա­կա­նա­ւոր» եր­գի­չի մը ձայնն ու եր­գը: Ա­նոր ձայ­նի ո­րա­կին հա­մար կրնամ ը­սել, որ ե­րաժշ­տա­կան սանդ­ղա­կի ա­ռա­ջին մի քա­նի ձայ­նա­նի­շե­րը բա­ւա­կան էին զայն խեղ­դե­լու: Սա­կայն ոչ միայն այս, եր­գը իր ամ­բող­ջա­կան կա­ռոյ­ցով սխալ էր: Յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն մը, որ մեր ա­րուես­տա­գէ­տին յօ­րի­նած հա­յե­րէն բա­ռեր հա­գած, կը փոր­ձէր հայ ա­կանջն ու ճա­շա­կը քե­րել: Մեր ար-ւես­տա­գէ­տը ան­շուշտ իս­կու­թեան մէջ ար­հես­տա­ւոր մըն է, որ իր ա­զատ ժա­մե­րուն «հայ ա­րուես­տը զար­գաց­նե­լով» կը զբա­ղի: Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հետ խառ­նած՝ հա­յոց լե­զուի ան­համ ա­պուր մը պատ­րաս­տե­լով հան­րու­թեան կը հրամց­նէ: Տող մը ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ու­րիշ մը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն, եւ բո­լո­րը «սէր», «սի­րե­ցի», «ա­նու­շիկ» եւ այլ թե­թեւ բա­ռե­րով շա­րա­հիւ­սուած: Լի­բա­նան­ցի ա­րուես­տի քննա­դա­տու­հի Նի­տալ Ալ Ահ­մա­տիա, լի­բա­նան­ցի եր­գիչ-երգ­չու­հի­նե­րու հա­մար ը­սած է՝ «կը խնդրեմ ի­րենց­մէ, որ չխօ­սին, միայն, թող միայն եր­գեն: Ո­րով­հե­տեւ եր­բոր խօ­սին, ի­րենց տգի­տու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տեն»: Ճիշդ նկա­տա­ռում: Ես ալ վե­րո­յի­շեալ մեր եր­գիչ­նե­րուն կ՚ը­սեմ՝ «խնդրեմ մի՛ եր­գէք. ձեր եր­գը ձեր տգի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ»: Ա­րա­բե­րէն ա­րա­ծը կ՚ը­սէ. «Ե­թէ եր­գիչ կ՚ու­զես ըլ­լալ, բե­մե­րու վրա­յէն եր­գէ»: Ես նման եր­գիչ­նե­րու կ՚ը­սեմ. «Ե­թէ եր­գել կ՚ու­զես բա­ւա­րա­րուէ ճա­շա­րան­նե­րով, ա­ռանց ձայ­նաս­փիւ­ռէն ձայնդ սփռե­լով՝ շա­տե­րու ա­րուես­տի ճա­շա­կը խան­գա­րե­լու»:

Այս «ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու» ե­րաժըշ-տու­թիւնն ու եր­գե­րը նոյն ա­ւե­րիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նին: Ան­շուք եւ թե­թեւ բա­ռեր քով­-քո­վի դրուած, ե­րաժշ­տու­թեան ա­լիք­նե­րու վրայ կու գան եւ միտ­քե­րու վրայ ի­րենց բնա­կու­թիւ­նը կը հիմ­նեն: Մա­նուկ­նե­րու եր­գեր, ազ­գա­յին եր­գեր, կրօ­նա­կան եր­գեր, բո­լո­րին մէջ կրնանք գտնել այս ե­րե­ւոյ­թը: Փոք­րեր ի­րենց լսած սխալ եր­գե­րը կրկնե­լով, ան­գի­տակ­ցա­բար սխալ հա­յե­րէն կը սոր­վին: Ազ­գա­յինն ու կրօ­նա­կա­նը կա­րե­լի չէ քննա­դա­տել, այ­լա­պէս ազգն ու կրօ­նը քննա­դա­տած կ՚ըլ­լանք: Կրօ­նա­կա­նը ը­սենք նեղ շրջա­նակ­նե­րու մէջ կը սփռուի, սա­կայն ազ­գա­յին­նե­րը...։ Ո­մանք կը փա­փա­քին ազ­գը «նոր» եր­գե­րով գո­վա­բա­նել, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց հա­յե­րէն լե­զուն նա­խակր­թա­րա­նի մա­կար­դա­կի է, յան­կարծ հան­դէս կու գան ան­շուք եւ թե­թեւ բա­ռե­րով կազ­մուած անհ­րա­պոյր եր­գե­րով: Կա­րե­լի՞ է ազգ մը գո­վա­բա­նել, նոյն ազ­գին լե­զուն ա­ղա­ւա­ղե­լով:

Եր­գը կա­րե­ւոր ազ­դակ­նե­րէն մէկն է՝ հայ լե­զուն պա­հե­լու եւ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու: Եր­բոր լսենք մեր հայ­րե­նի վաս­տա­կա­ւոր եր­գիչ­նե­րը, ա­նոնց արուես­տի ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կը, բո­լոր մեր բո­լոր զգա­ցում­նե­րը կը զար­գա­նան: Ա­յո, ա­րուես­տը հա­ճոյ­քի եւ զբա­ղու­մի հա­մար է, սա­կայն լաւ ա­րուես­տը ճա­շակ ու նկա­րա­գիր կը կրթէ:

Սփիւռ­քի մէջ վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ (խօսքս եր­գիչ­նե­րու մա­սին է) հա­զուա­թիւ են: Բայց ա­ժան եր­գիչ­ներ՝ շատ: Սուն­կի նման կը բուս­նին, ա­ռանց ե­րաժշ­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան, հա­մեստ կրթա­կան են­թա­հո­ղով բեմ կը բարձ­րա­նան, նոյ­նիսկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք մը իսկ ան­կա­րող են ար­տա­սա­նե­լու: Բայց եւ այն­պէս «հայ ե­րաժշ­տու­թիւն քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար», ձայ­նաս­փիւ­ռը ա­նոնց եր­գե­րը կը հնչէ: «Ա­ռանց ա­նոնց եր­գե­րուն, ոչ ոք մտիկ կ՚ը­նէ մեզ», ը­սաւ հայ հա­ղոր­դա­վար մը: Ե­թէ ա­նոնց եր­գերը հա­յու ա­րուես­տի ճա­շա­կը կը գրա­ւեն, ը­սել է, թէ ա­րուես­տի ըն­կալ­ման լուրջ հարց մը կ՚ապ­րինք:

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

«Զարթօնք»

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016