ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ
«Վստահութիւն»ը կարեւոր ազդակ մըն է մարդկային յարաբերութիւններու եւ նաեւ արտայայտութիւններու մէջ։ Արդարեւ մարդ պէ՛տք է վստահի, որպէսզի գործէ, ապահով զգայ ինքզինք եւ հեռանայ ամէն տեսակ վախերէն՝ որոնք կը դժուարացնեն կեանքի ընթացքը։
Վստահութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ փոխադարձ զգացում մըն է՝ մէկը կը վստահի, մինչ միւսը վստահութիւն կը ներշնչէ եւ փոխադարձաբար։
Անհատական կեանքի մէջ ալ մարդ, անպայման «վստահելի՛»ի մը կը սպասէ՝ որպէսզի ապահով զգայ ինքզինք։ Եւ մարդիկ յարգ կը ստանան ընկերութեան մէջ եւ փառք կը վայելեն երբ վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շուրջիններուն՝ որոնք իրենք զիրենք ապահով եւ զօրաւոր կը զգան անոր շնորհիւ։ Առանձին մէկը իր յոյսը կը դնէ իր անձնական ուժերուն վրայ, ինչ որ կը նշանակէ վստահիլ իր իսկ մէջ գտնուող զօրութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ՝ որ է իր Արարիչը, երկնային Հա՛յրը։
Հայրեր միշտ վստահութիւն կը ներշնչեն, որդին իր հօր հետ ինքզինք միշտ ապահով կը զգայ, քանի վստա՛հ որ հայրը պիտի հոգայ ու պաշտպանէ զինք ամէն նեղութեան եւ դժուարութեան մէջ։ Եւ որքա՜ն հաճելի է զգալ հօր մը վստահութիւն ներշնչող ներկայութիւնը։
Եւ երբ մարդ այսքան կը վստահի իր երկրաւոր հօր, հապա երկնային Հօր որքա՜ն աւելի պէտք է վստահի, քանի որ ինչպէս ծնունդէն ետք ծնողքը երբեք չի թողուր իր զաւակը, նոյնպէս արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի՛ լքեր Իր արարածները ինքնիրենց։ Չի տար անոնց միայն ծնունդ, կեանք եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զանոնք, կը պահպանէ ամէն վայրկեան զոհողութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։ Պահ մը իսկ չի թողուր զայն հոգալ ու խնամել, մինչեւ վերջը։
Ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարիչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեան։ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ այս մասին. «Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. քանի որ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, քանի որ ամէն ինչ Քո՛ւկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէ՛ր ես» (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։ Ըստ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն, Ինք աւելի բարձր է քան իմ մէջս գտնուող բարձրագոյնը, աւելի մտերիմ քան մտերմագոյնը…։
Սուրբ Հոգին՝ գլխաւոր հեղինակը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտելու եւ արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։ Արդարեւ Սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրո՛ցն է այս վստահութեան։
Զոր օրինակ 23-րդ Սաղմոսը՝ ուր կ՚ըսէ.
«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ… թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն չեմ վախնար, վասնզի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն…» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1-6)։ Աստուծոյ վրայ վստահութեան անկեղծ ու սրտաբուխ արտայայտութիւնն են Դաւիթի այս սաղմոսը։ Վստահիլ՝ առանց տարակուսանքի, առանց կասկածի, ահաւասիկ վստահութեան պարզ մեկնութիւնը։ Եւ այս սաղմոսին նման բազմաթիւ Սուրբ Գրային հատուածներ կը վկայեն Աստուծոյ ներշնչած վստահութեան՝ մարդուն նկատմամբ, քանի որ Ան Հա՛յր է եւ արարածները՝ մարդիկ՝ որդի։ Եւ Աստուծոյ ներշնչած այս վստահութիւնը մտատիպարն է երկրաւոր հօր ներշնչած վստահութեան իր որդիին նկատմամբ։ Եւ հայրը միշտ վստահելի է, ապահով լեռ մը որդիին համար…։
Արդարեւ Աստուած գերիշխան Տէ՛րն է Իր ստեղծագործութեան ծրագրին։ Աստուած, նաեւ հաւատարիմ է իր ծրագրին՝ ո՛չ միայն ստեղծագործութեամբ, այլ նաեւ՝ նախախնամութեամբ, հոգատարութեամբ։
Աստուած իր ծրագրին գործադրութեան համար կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը։ Այս օգտագործումը Ամենակալ, Ամենակարող Աստուծոյ համար տկարութեան նշան չէ երբեք, այլ՝ մեծութեան ու բարութեա՛ն։ Քանի որ գործակցիլ կը նշանակէ հետաքրքրուիլ, հոգ տանիլ, խնամութիւնը տեւական կերպով չխնայել՝ օգնել, նեցուկ կանգնիլ։
Ուստի վստահութիւնը կ՚ենթադրէ նպատակի մը հասնելու, ծրագիր մը իրականացնելու համար համագործակցութիւն։ Քանի որ Աստուած իր արարածներուն կու տայ ո՛չ միայն «գոյութիւն»ը՝ կեանքը, այլ նաեւ անձնապէս գործելու արժանապատուութիւնը՝ ըլլալու իրարու պատճառ եւ սկզբունք եւ այսպէս համագործակցելու Իր ծրագրին իրագործումին։ Եւ ասկէ կը հետեւի, թէ «վստահութիւն»ը փոխադարձ է, երկկողմանի։
Փոխադարձ վստահութեան սակայն առարկաները տարբեր է՝ մին կը վստահի իր կեանքը, միւսը՝ իր գործը, ծրագրին իրագործումը։ Բայց էապէս վստահութիւնը կը դիւրացնէ կեանքը, կը թեթեւցնէ կեանքին ծանրութիւնը, կը նուազեցնէ կեանքին դժուարութիւններն ու նեղութիւնները։
Եւ եթէ Աստուած գերագոյն վստահութիւն ներշնչողն է, ապա ուրեմն Ան Ամենակարողն է, բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան, իմաստութեան, սիրոյ եւ խանդաղատանքին գանձերը՝ զորս նոյն Ի՛նքն սփռեց մեր վրայ։ Այս պատճառով Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ «սկիզբ»ը եւ թէ՛ «վերջ»ը կը գործածէ այս բանաձեւը. «Ես եմ Տէրը»։
Արդարեւ մարդկային բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Աստուծոյ վստահութեան մէջ, որ կը յայտնուի որպէս «Հաւատք»։ Աստուծոյ կը վստահի մարդ, քանի որ Ան Իր սէրը կը յայտնէ իրեն։ Ուստի հոն՝ ո՛ւր սէր կայ, պայմանով որ անկեղծ եւ սրտաբուխ ըլլայ, հոն կա՛յ վստահութիւն։ Վախը սիրոյ թշնամի՛ն է եւ արգելքը։ Այս իմաստով՝ վստահութիւնը արգելք է վախին, եւ ուրեմն վստահող մարդը սիրով կը լեցուի, քանի որ իր մէջ այլեւս վախ չէ՛ մնացած։
Ուրեմն սիրելի՜ներ, վստահելու համար շատ պատճառներ ունինք. եւ ունինք գերագո՛յն «Վստահելի»ն՝ մեր Արարիչ Հայրը եւ մեր Նախախնամ Հայրը, եւ ուրեմն վստահինք եւ վստահութեան մէջ սիրենք զիրար, փոխանակ ատելո՜ւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024