ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

«The Wall Street Journal» հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­մե­րի­կեան թեր­թը վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցուց, թէ ՆԱ­ԹՕ կը ծրագ­րէ ստեղ­ծել լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մունք մը։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է դի­մադ­րել ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լի­քին, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ դիւ­րաց­նել լրա­քա­ղու­թեան տուեալ­նե­րու փո­խա­նա­կում­նե­րը։

Ա­մե­րի­կա­ցի եւ եւ­րո­պա­ցի ի­րա­ւա­սու­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ յի­շեալ թեր­թը կա­տա­րած է այս հա­ղոր­դում­նե­րը։ ՆԱ­ԹՕ ընդ­հան­րա­պէս ԱՄՆ-ի լրա­քա­ղու­թեան հա­մա­կար­գէն կա­խեալ կա­ռոյց մըն է։ Դա­շին­քի ան­դամ եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յիս յար­մար կը դա­տեն լրա­քա­ղու­թեան մաս­նա­ւոր կեդ­րո­նի մը ստեղ­ծուի­լը՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ ա­ւե­լի ազ­դու պայ­քա­րե­լու հա­մար։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ ՆԱ­ԹՕ-ի այս բա­ժան­մուն­քը ձե­ւա­ւո­րուի յա­ռա­ջի­կայ ա­միս։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016