ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու Քրեմ­լի­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ կը խրա­խու­սէ Իս­րա­յէլ-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը։

Փու­թի­նի հա­մոզ­մամբ, եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ խնդիր­նե­րը որ­քան որ քիչ ըլ­լան, այն­քան լաւ է։ Հե­տե­ւա­բար, ռու­սա­կան կող­մը կ՚ող­ջու­նէ Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ ներ­կայ գոր­ծըն­թա­ցը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016