Մրցաշարք եւ գայթակղութիւն - բ

«Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» միջ­միու­թե­նա­կան պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով ստեղ­ծուած գայ­թակ­ղու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ այս սիւ­նա­կին մէջ գրուած­նե­րուն ի շա­րու­նա­կու­թիւն մատ­նան­շենք քա­նի մը ա­ռանց­քա­յին հան­գա­մանք։

1- Այս մրցա­շար­քը կազ­մա­կեր­պուած է իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւար­տից միու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ա­նոնց հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հե­տե­ւա­բար, ար­դէն անբ­նա­կան է մար­զա­կան այս ծրագ­րին մեր հա­մայն­քէն դուրս ա­մէն տե­սակ մաս­նակ­ցու­թիւն։

Ե­թէ եր­կու ա­սո­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նա­խա­պէս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են այս ծրագ­րին, սա բնա­կա­նա­բար ո­րոշ ի­րա­ւունք մը կը վե­րագ­րէ ի­րենց։ Ե­թէ կազ­մա­կերպ­չա­կան կամ կա­նո­նա­կար­գա­յին ա­ռու­մով ան­ցեա­լի մէջ թե­րա­ցում մը ե­ղած է, ա­պա ան­պայ­ման այդ թե­րաց­ման տե­ւա­կա­նա­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ չէ։ Միւս կող­մէ, սա­կայն, մար­զա­կան կամ այլ ո­րե­ւէ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ո­րե­ւէ գոր­ծադ­րու­թեան կամ կար­գադ­րու­թեան հիմ­նա­ւո­րու­մը ան­կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել պատ­կա­նե­լիու­թեան վե­րա­բե­րեալ հան­գա­մանք­նե­րով։

Հե­տե­ւա­բար, մրցա­շար­քի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը մեծ ձա­խո­ղում մը ու­նե­ցած է այս­տեղ։ Եղ­բայր ա­սո­րի հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն պէտք էր բա­ցատ­րել, որ պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ընդգր­կուած են այս ծրագ­րին մէջ։ Պատ­ճա­ռը այս­քան պարզ է։ Խնդրին այ­լա­մեր­ժու­թեան ե­րանգ վե­րագ­րե­լը ոչ միայն համ­բա­կու­թիւն է, այլ նաեւ ա­նըն­դու­նե­լի ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը։

2- Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը ու­նի նաեւ ու­րիշ թե­րու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, են­թա­կայ եր­կու ա­սո­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մաս կազ­մած են Ե­շիլ­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան ա­նու­նով մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցե­լիք խում­բին։ Ներ­կա­յիս գործ­նա­կա­նօ­րէն Ե­շիլ­գիւ­ղի սա­նուց միու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Գո­յու­թիւն չու­նի նաեւ այդ միու­թեան վար­չու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը Ե­շիլ­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան ա­նու­նով ի­րեն հետ շփման մէջ ան­ցած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է պա­հանջ մը։ Այդ պա­հան­ջը ե­ղած է Ե­շիլ­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ե­րաշ­խա­ւո­րագ­րի մը ներ­կա­յա­ցու­մը։ Սա ճիշդ մօ­տե­ցում է։ Ա­ւե­լի վերջ, սա­կայն, հա­կա­ռակ այդ ե­րաշ­խա­ւո­րագ­րի բա­ցա­կա­յու­թեան՝ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը ըն­դու­նած է Ե­շիլ­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան խում­բին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Սա սխալ է միան­շա­նակ։ Ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րով կամ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով, ակն­յայտ ան­փու­թու­թեամբ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը պատ­ճառ դար­ձած է այս տհաճ ի­րա­վի­ճա­կի ծա­գե­լուն։

Վա­ղը պի­տի շա­րու­նա­կենք նոյն նիւ­թին շուրջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016