ՎԱՆԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԳՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

«Զո­հո­ղու­թիւն»ը հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծին՝ գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւն մը, նուի­րա­կան ա­րարք մըն է, մա­նա­ւանդ՝ Աս­տու­ծոյ հա­ճե­լի՛։ Հո­գե­ւոր մար­զի մէջ՝ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ՝ զո­հո­ղու­թեան այս սո­վո­րու­թիւ­նը փո­խան­ցուած է «պուտ­տա­յա­կան» վա­նա­կան­նե­րէ, որ գոր­ծադ­րուած է զա­նա­զան կրօն­նե­րու կող­մէ։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեա­ներ՝ որ կ՚ապ­րէին Յոր­դա­նա­նի ա­փե­րը մին­չեւ Մե­ռեալ ծով՝ եւ Սի­նա­յի ստո­րո­տը գոր­ծադ­րած ըլ­լան այս սո­վո­րու­թիւ­նը, քա­նի որ նախ­նա­կան քրիս­տո­նեա­նե­րու մօտ, պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ ճգնա­ւոր­նե­րու եւ խստակ­րօ­նու­թեան սկզբունք­ներ եւ ապ­րե­լա­կեր­պեր կը տես­նուէին։ Ուս­տի կ՚ապ­րէին աշ­խար­հէ հե­ռու, աղ­քա­տիկ, ժուժ­կալ, ներք­նա­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ ա­ռան­ձին ա­ղօ­թե­լով եւ մին­չեւ իսկ ա­նոնց­մէ խումբ մը՝ խա­րա­զա­նե­լով ի­րենց մար­մի­նը՝ ո­րոնք կը կար­ծուէին ե­ղած ըլ­լան՝ քրիս­տո­նէու­թեան յա­րած «Ես­սե­նեան­ներ»։­

Եւ դար­ձեալ, պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ ո՛չ մով­սի­սա­կա­նու­թիւ­նը եւ ոչ ալ հե­թա­նո­սու­թիւ­նը ու­նե­ցած է «վա­նա­կան միա­բա­նու­թիւն» եւ «ճգնա­ւո­րա­կան կեանք»։ Ա­նոր ծա­գու­մը ո՛չ թէ պուտ­տա­յու­թեան, այլ պէտք է փնտռել վէ­տա­նե­րու  շրջա­նին՝ հին պրահ­մա­նու­թեան մէջ։ Պրահ­ման­նե­րը՝ կի­րար­կե­լով ի­րենց սրբա­զան ու նուի­րա­կան պաշ­տօ­նը մին­չեւ 70 տա­րե­կան, կը քաշ­ուէին ան­տառ­նե­րու խո­րե­րը, լեռ­նե­րու խոր­շե­րը կամ Գան­դէ­սի ա­մա­յի ա­փե­րուն վրայ եւ հոն կ՚ան­ցը­նէին ի­րենց կեան­քին մնա­ցեալ տա­րի­նե­րը, ա­ռանձ­նու­թեան մէջ՝ կրօ­նա­կան խո­կում­նե­րով եւ աս­տուա­ծա­յին խոր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ։

Ուս­տի, այս կեր­պով, հա­յե­ցո­ղու­թեամբ, խո­կու­մով եւ ա­ռանձ­նու­թեան մէջ խորհր­դա­ծե­լով, կը մաք­րա­գոր­ծէին այն մեղ­քե­րը՝ զորս կա­րող էին գոր­ծած ըլ­լալ, ա­ռանց գի­տակց­ու­թեան, անզ­գա­լա­բար, ի­րենց պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան մի­ջո­ցին։

Պուտ­տա, Քրիշ­նա­յի գա­լուս­տէն յե­տոյ, շատ ա­ւե­լի զա՛րկ տուաւ մե­նա­կե­ցու­թեան ու վա­նա­կան միա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու տա­րի­քի հար­ցը։ Իսկ Ա­ւե­տա­րան­նե­րը բնաւ չեն խօ­սիր այդ մա­սին, նոյ­նիսկ Նոր Կտա­կա­րա­նին մէջ ա­ռա­քեալ­նե­րը չեն ը­րած ո­րե­ւէ ակ­նար­կու­թիւն։

Ո՞վ հաս­տա­տեց ուրեմն քրիստոնէութեան առաջին քայլերու «միս­տիք» («mystique»=խորհր­դազ­գած, հո­գեզ­գած) զո­հո­ղու­թիւ­նը՝ մեր­ժու­մը աշ­խար­հիկ հա­ճոյք­նե­րու եւ այն զմայ­լե­լի՜, սքան­չե­լի ե՛ւ ե­րա­նե­լի՜ վի­ճա­կը ներք­նա­հա­յե­ցո­ղու­թեան՝ զոր ապ­րե­ցան քրիս­տո­նեայ ճգնա­ւոր­նե­րը՝ հագ­նե­լով խա­րազն (=մա­զէ հիւ­սուած շա­պիկ՝ ա­պաշ­խա­րո­ղի յա­տուկ, քուրձ) ու ձա­րա­գօ­տի («ձար»=մա­զէ պատ­րաս­տուած ո­րե­ւէ իր, ա­ռար­կայ. «ձա­րա­գօ­տի»=մա­զէ շի­նուած մէջ­քի կապ, կա­մար), ու­տե­լով մա­րախ (=մո­րեխ, ցատ­կոտ մի­ջատ մը. «sauterelle» «չէ­քիր­կէ». «քաղցր մա­րախ»=մա­տու­նակ) եւ վայ­րի մեղր՝ են­թար­կուե­լով ա­մէն տե­սակ զրկանք­նե­րու, նե­ղու­թեան եւ չքա­ւո­րու­թեան, ինչ­պէս՝ Յով­հան­նէս Մկրտիչ։ Ա­ւե­լի վերջ, գտնուե­ցան նաեւ շատ ա­ւե­լի՛ «միս­տիք», շատ ա­ւե­լի խստակ­րօն ճգնա­ւոր­ներ, ո­րոնք ինչ­պէս Սի­մէոն սիւ­նա­կեաց («սիւ­նա­կեաց»=սիւ­նի վրայ ապ­րող, ճգնա­ւոր), վա­րե­ցին Հնդիկ «ֆա­քիր»նե­րու կեն­ցա­ղը՝ տա­ռա­պե­ցան չա­րա­չար, մտա­ծե­լով մի միա՛յն ի­րենց հո­գե­կան փրկու­թեան մա­սին։

Ըստ պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու, տա­րա­կոյս չկայ, որ Ես­սե­նեան­ներ ե­ղան ա­ռա­ջի՛ն քրիս­տո­նեայ ճգնա­ւոր­նե­րը։ Վէ­տա­նե­րու մէջ Մա­նուի մի քա­նի պա­տուէր­նե­րը հրա­շա­լի՜ կեր­պով կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն այդ ճգնա­ւոր­նե­րու խստամ­բեր կա­նոն­նե­րուն։

«Մա­նու» կը հրա­հան­գէ.

- Ճգնա­ւո­րը պար­տա­ւո՛ր է հրա­ժա­րիլ իր կնոջ­մէն, զա­ւակ­նե­րէն, իր բո­լոր ստա­ցուածք­նե­րէն։ Հրա­ժա­րիլ նաեւ այն կե­րա­կուր­նե­րէն ու ըմ­պե­լիք­նե­րէն՝ որոնց վար­ժուած էր եւ կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր գիւ­ղե­րու մէջ։

- Ճգնա­ւո­րը թո՛ղ վառ պա­հէ սրբա­զան կրա­կը, տա­նի ի­րեն հետ նուի­րա­կան ա­նօթ­նե­րը զո­հա­բե­րու­թեան, քա­շուի ան­տա­ռի մը խո­րը եւ զսպէ իր զգա­յա­րան­նե­րը։

- Ան թող հոգ­նի վի­թի (=այ­ծեամ, եղ­նիկ) մորթ կամ ծած­կուի՝ վրան գո­ցէ ծա­ռի կե­ղեւ­նե­րով, մաք­րա­գոր­ծուի գի­շեր ցե­րեկ, եր­կար թո­ղու իր գլխուն մա­զե­րը, մօ­րու­քը, մարմ­նոյն ա­ղուա­մա­զը, եւ իր չար­քաշ սնուն­դէն մաս մըն ալ բա­ժին հա­նէ աղ­քա­տին։

- Ան թող կար­դայ առ­տու ի­րի­կուն սուրբ գիր­քե­րը, համ­բե­րա­տար ըլ­լայ, խո­նարհ, հա­մեստ եւ եր­կիւ­ղած, գթա­ռատ բո­լո­րին եւ օգ­նէ ու­րի­շին ա­ռանց փո­խա­րէ­նը ակն­կա­լե­լու։

- Ան թող սնա­նի պտուղ­նե­րով, բան­ջա­րե­ղէն­նե­րով՝ բու­սա­կեր ըլ­լայ, ննջէ մերկ հո­ղի վրայ, փու­շե­րու եւ գի­ճե­րու վրայ։

- Ան պար­տա­ւո՛ր է պա­հել բա­ցար­ձակ լռու­թիւն, ե­թէ նոյ­նիսկ մու­րա­լու եր­թայ գիւ­ղե­րու մէջ՝ սնու­ցա­նե­լու հա­մար իր կորն­չա­կան մար­մի­նը։

- Ան պէտք չէ ապ­րի աստ­ղաքն­նու­թեան կամ ձեռն­հա­մու­թեան շնոր­հիւ։ Թող խու­սա­փի հեշ­տանք­նե­րէ, ա­տե­լու­թե­նէ, չա­րու­թե­նէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը թող միշտ գոր­ծէ բա­րիք, որ­պէս­զի «ան­մա­հու­թեան» ար­ժա­նի ըլ­լայ։

- Ան պէտք չէ՛ ու­նե­նայ նաեւ «մա­հուան փա­փաք» եւ ո՛չ ալ «կեանք»ին։ Թող ան ըլ­լայ նման հնձո­ղին, որ ի­րիկ­նա­մու­տին կը սպա­սէ խա­ղա­ղօ­րէն տի­րո­ջը դրա­նը առ­ջեւ՝ ստա­նա­լու հա­մար իր օ­րա­վարձ­քը։

- Եւ երբ ա­նոր հա­մար հնչէ մա­հուան ժա­մը, թող եր­կա­րի փսիա­թի մը վրայ («փսիաթ»=յար­դէ օ­թոց, փռոց, ծած­կոց, խսիր), ծած­կէ գլու­խը մո­խիր­նե­րով ու իր վեր­ջին խօս­քը ըլ­լայ ա­ղօթք՝ մարդ­կու­թեան հա­մար, որ կը շա­րու­նա­կէ տա­ռա­պիլ, մինչ­դեռ ինք կ՚եր­թայ միա­նալ Աս­տու­ծոյ՝ Հայ­րը եւ Ա­րա­րի­չը տիե­զեր­քին։

Հոս հարկ է յի­շել նաեւ, թէ՝ Ես­սե­նեան­ներ, յա­րե­լով քրիս­տո­նէա­կան դա­ւա­նան­քին, կո­չուե­ցան «Նա­զով­րե­ցի» կամ «Նա­զա­րէա­կան». «Nazaréen»։­

Իս­լամ աշ­խար­հի մէջ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րը ծա­նօթ են մին­չեւ այ­սօր այդ ա­նու­նին տակ՝ «Նաս­րէ­նի»։ Եւ դար­ձեալ, ծա­նօթ է, թէ Յով­հան­նէս Մկրտիչ եւ իր ա­շա­կերտ­նե­րը կը կո­չուէին. «Նա­զա­րե­ցի»։

­Գործք Ա­ռա­քե­լո­ցի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րը կը կո­չուին ու կը յի­շուին «Նա­զով­րե­ցի» բա­ռին տակ, եւ խա­չե­լու­թեան փայ­տին վրայ գրուած կը տես­նենք՝ «Յի­սուս Նա­զով­րե­ցի Թա­գա­ւոր Հրէից» եւ ո՛չ թէ՝ «Նա­զա­րէթ­ցի»։

­Նոյն­պէս յոյն ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րէն Ս. Ե­պի­փա­նոս, որ ծնած է Պա­ղես­տին 310 թուա­կան­նե­րուն, կը հաս­տա­տէ, թէ իր ա­տեն Ես­սե­նեան­ներ կը կո­չուէին «Նա­զով­րե­ցի»։ Եւ Ե­սա­յի Մար­գա­րէ կ՚ը­սէ, թէ Ես­սէի ար­մա­տէն պի­տի ծնի ճիւղ մը՝ Նէթ­զէր (Netzer) կամ «Նա­զիր» (Ե­սա­յի ԺԱ 1)…։

- Սկզբնաղ­բիւր.- Ա. Նա­ւա­րեան, «ԵՍ­ՍԵ­ՆԱ­ԿԱՆ ՎԱ­ՆԱ­ԿԱՆ­ՆԵՐ», 1954։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­նիս 3, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016