ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՍՔՐԱՊԼԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային սքրապլի մրցոյթը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Նախընթաց օր լիսէներու մակարդակով կազմակերպուած առաջին փուլէն վերջ երէկ ալ տեղի ունեցաւ երկրորդ փուլը՝ միջնակարգերու մակարդակով։
Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ Ներկայ էր նաեւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Համայնքային միջնակարգերու աշակերտները օրուան տեւողութեան չափեցին իրենց անգլերէնի գիտելիքները, իսկ արդիւնքները հրապարակուեցան մրցնակաբաշխման արարողութեան ընթացքին։
Անհատական գետնի վրայ մրցոյթի դափնեկիրները եղան՝ Արիս Նշան (Էսաեան), Նորա Քուշ (Պէզճեան) եւ Կապրիէլ Թուրկուտ (Մէրամէթճեան)։
Խմբային դասաւորման մէջ աղիւսակը գլխաւորեց Պէզճեան, որուն յաջորդեցին Էսաեան եւ Մէրամէթճեան։
Բաց աստի, մասնաւոր յաջողութեան մրցանակն ալ շնորհուեցաւ Արիս Նշանին (Էսաեան)։
Սաթենիկ Նշան այս փուլին ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին գնահատեց մրցոյթին մասնակից աշակերտները եւ այն կրթական մշակները, որոնք վերահսկած էին տղաքը։