ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՂՆԵՐ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐ

Էս­կի­շէ­հի­րի «Ա­նա­տո­լու» հա­մալ­սա­րա­նի եւ Պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ փաս­տա­թուղթ մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի այս բնա­գա­ւա­ռին հա­մար հասց­նել նոր հե­տա­զօ­տող մը։ Սոյն ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չը՝ Փրոֆ. Նա­ճի Կիւն­տո­ղան եւ յի­շեալ ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան պե­տի տե­ղա­կալ Ճե­լալ Սա­մի Թիւ­ֆեք­ճի։

«Ա­նա­տո­լու» հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չու­թեան ծե­րա­կոյ­տի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ստո­րագ­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին  Նա­ճի Կիւն­տո­ղան նշեց, թէ պաշտ­պա­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ու­րոյն ար­տադ­րան­քին շրջագ­ծով Թուր­քիա կը նա­խա­տե­սէ նուա­զեց­նել ար­տա­սահ­մա­նէն կա­խուա­ծու­թիւ­նը եւ այս ուղ­ղու­թեամբ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ կը վի­ճա­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, հա­մալ­սա­րան­նե­րու եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ի­րենք կը հա­մա­րեն ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւն մը։ Հա­մալ­սա­րա­նը պատ­րաստ է իր են­թա­կա­ռոյց­նե­րով խրա­խու­սել՝ Թուր­քիոյ պաշտ­պա­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը տե­ղա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016