ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԱԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ար­քու­նի վա­ռօ­դա­պետ Յով­հան­նէս Պէյ Տա­տեան, երբ 1835 թուա­կա­նին շի­նել կու տայ Ա­զատ­լըի հա­յոց ե­կե­ղե­ցին՝ վա­ռօ­դա­րա­նի հայ գոր­ծա­ւոր­նե­րուն հա­մար, Զէյ­թին­պուռ­նուի եւ վա­ռօ­դա­րա­նի Պա­քըր­գիւղ բնա­կող հայ գոր­ծա­ւոր­ներն ալ կը դի­մեն ի­րեն՝ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ ալ ե­կե­ղե­ցի մը ու­նե­նա­լու փա­փա­քով։

Յով­հան­նէս Պէյ Տա­տեան կը դի­մէ Սուլ­թան Մահ­մուտ Բ­-ի։ Կ՚ըն­դու­նուի խնդան­քը, եւ Կայս­րը կը հրա­մա­յէ Հայ Ե­կե­ղե­ցի մը շի­նել նաեւ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ։

Եւ կը կա­ռու­ցուի ե­կե­ղե­ցին՝ օ­ծուե­լով Ծնունդ Ս. Աս­տուած­ած­նայ ա­նու­նով, 1844 թուա­կա­նին, ըստ յի­շա­տա­կա­րա­նի. «Կա­ռու­ցաւ յա­նուն Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծած­նայ ե­կե­ղե­ցիս ար­դեամբ Տա­տեան ազ­նուա­զարմ Յով­հան­նէս Պէ­յի յա­մի Տեառն 1844 Ապ­րիլ 7»։­

Ուս­տի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին քա­հա­նայ հայ­րը ե­ղած է Տ. Մատ­թէոս Ա. Քհնյ. Ա­դա­մեան Կար­նե­ցի, որ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է՝ 1844-էն մին­չեւ 1869-ը, եւ վախ­ճա­նած է 120  տա­րե­կան հա­սա­կին։

Տ. Մատ­թէոս Քա­հա­նա­յին կը յա­ջոր­դէ՝ Տէր Պետ­րոս Ա­ւագ Քհնյ. Տէր Պետ­րո­սեան՝ աշ­խար­հա­կան ա­նու­նով՝ Ե­ղիա Տէր Պետ­րո­սեան։ Ան ծնած է 1831 թուա­կա­նին Պա­լաթ։ Ար­հես­տով՝ ձու­լիչ եւ ե­րաժշ­տա­գէտ։

Տէր Պետ­րոս ձեռ­նադ­րուած է Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ՝ 23 Հոկ­տեմ­բեր 1868-ին Յով­հան­նէս Ար­քեպս. Ռշտու­նիի ձե­ռամբ, Պօ­ղոս Բ Պ­րու­սա­ցի Պատ­րիար­քի (1863-1869) օ­րով։

Ե­ղած է հմուտ եւ ա­ռա­քի­նի հո­գե­ւո­րա­կան մը։

Ան նո­րա­կա­ռոյց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ջրամ­բա­րը կա­ռու­ցել տուած է իր ծախ­քով։ Նաեւ դի­մում կա­տա­րած է Կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ստա­ցած է հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան հո­ղը։ Վախ­ճա­նած է 8 Դեկ­տեմ­բեր 1893-ին։

Տէր Սար­գիս Ա. Քհնյ. Զօհ­րա­պեան յա­ջոր­դած է վախ­ճա­նեալ Տէր Հօր։ Մկրտա­րա­նի ա­նու­նով Ղա­զա­րոս, ծնած է Գում­գա­բու՝ 1861 թուա­կա­նին։

Մայր Վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ՝ 21 Փետ­րուար 1888-ին՝ Յա­րու­թիւն Ա Վե­հա­պե­տեան Պատ­րիար­քի (1885-1888) օ­րով։ Տէր Սար­գիս Ա­ւագ Քհնյ. Զօհ­րա­պեան՝ հօ­րեղ­բօր որ­դին է ի­րա­ւա­գէտ-գրա­գէտ Գրի­գոր Զօհ­րա­պի։ Ան 47 տա­րի­ներ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, եւ վախ­ճա­նած է 15 Օ­գոս­տոս 1938 թուա­կա­նին։

Տէր Պետ­րոս Քհնյ. Տէր Պետ­րո­սեան՝ որ­դին՝ Տէր Պետ­րոս Ա­ւագ Քհնյ. Տէր Պետ­րո­սեա­նին։

Մկրտա­րա­նի ա­նու­նով Լե­ւոն, ծնած է Պա­լաթ՝ 1867 թուա­կա­նին։ Հա­սած է իր Տէր Հօր հո­գե­ւոր կրթու­թեամբ։ Ա­ւար­տած է Գեր­մա­նա­կան վար­ժա­րա­նը եւ ըն­թա­ցա­ւարտ ե­ղած է «Միւլ­քի­յէ»ի բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նէն։ Ինք հմուտ էր հա­յե­րէ­նի, կրօ­նա­գի­տու­թեան, թր­­քե­րէն եւ գեր­մա­նե­րէն լե­զու­նե­րուն։ Եր­կար տա­րի­ներ Տա­տեան եւ Պէ­զա­զեան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ե­ղած է կրօ­նի դա­սա­տու, եւ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին՝ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Դպրաց Դա­սին, որ կազ­մուած է 1890 թուա­կա­նին՝ Ար­մե­նակ Թել­լա­լեա­նի (1867-1937) հետ։ Քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է իր Տէր Հօր կտա­կին հա­մա­ձայն 1893 թուա­կա­նին՝ Տ. Գրի­գո­րիս Ար­ք. Յով­հան­նէ­սեա­նի ձե­ռամբ, Խո­րէն Ա Քե­րե­մէթ­ցի Ա­շը­քեան Պատ­րիար­քի (1888-1894) օ­րով։

Վախ­ճա­նած է 27 Դեկ­տեմ­բեր 1929 թուա­կա­նին՝ միշտ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ ծա­ռա­յե­լէ վերջ։

Տէր Մի­քա­յէլ Քհնյ. Ոս­կե­րի­չեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով՝ Մկրտիչ, ծնած է Ե­նի­գա­բու՝ 1850-ին։

Դաս­տիա­րակ-ու­սու­ցիչ՝ պաշ­տօ­նա­վա­րած է Խաս­գիւ­ղի Ներ­սէ­սեան եւ Պա­քըր­գիւ­ղի Արծ­րու­նեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Արծ­րու­նեան վար­ժա­րա­նը ա­պա վե­րա­կո­չուած է՝ Տա­տեան վար­ժա­րան։

Քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է Ադ­րիա­նու­պոլ­սոյ (=Է­տիր­նէ) Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գո­րիս Ար­ք. Տէր Պօ­ղո­սեա­նի ձե­ռամբ եւ վե­րա­կո­չուած է Մի­քա­յէլ։

1900-ին Խաս­գիւ­ղէն կը փո­խադ­րուի Պա­քըր­գիւղ՝ ուր կը ծա­ռա­յէ 30 տա­րի։ Կը վախ­ճա­նի 22 Փետ­րուար 1931-ին։

Տէր Յու­սիկ Քհնյ. Քէ­րէս­թէ­ճեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով՝ Դա­նիէլ։ Մա­ղա­քիա Ա Պոլ­սե­ցի Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի (1896-1908) օ­րով՝ 1905-ին, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Գրի­գո­րիս Ար­ք. Յով­հան­նէ­սեա­նի ձե­ռամբ քա­հա­նայ կը ձեռ­նադ­րուի՝ վե­րա­կո­չուե­լով՝ Տէր Յու­սիկ։ Եւ մին­չեւ 1916 թուա­կան Պա­քըր­գիւղ ծա­ռա­յե­լէ յե­տոյ, կը փո­խադ­րուի Ե­շիլ­գիւղ։

Ե­շիլ­գիւղ ծա­ռա­յե­լէ վերջ՝ 1949-ին կ՚անց­նի Պէ­յօղ­լու։ Կը վախ­ճա­նի 1953 թուա­կա­նին։

Տէր Կո­րիւն Քհնյ. Շա­հի­նեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով՝ Շա­հին-Յա­րու­թիւն, ծնած է 1877 թուա­կա­նին Պա­քըր­գիւղ։ Պա­քըր­գիւ­ղի վրայ քա­հա­նայ կը ձեռ­նադ­րուի 30 Մա­յիս 1930 թուա­կա­նին։

Մին­չեւ 1949 կը ծա­ռա­յէ Պա­քըր­գիւղ եւ ա­պա կ՚անց­նի Ե­շիլ­գիւղ՝ տեղ­ւոյն Սուրբ Ստե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցին հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նե­լէ ետք, կը վախ­ճա­նի 1953 թուա­կա­նին։

Տէր Ա­նա­նիա Ա­ւագ Քհնյ. Պա­լեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով Վար­դան, ծնած է Պա­լաթ, 1891-ին։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է եր­բեմ­նի «Վան­քին Պա­ղը» դպրո­ցը՝ Սկիւ­տար, ուր ա­ւար­տած է նաեւ բարձ­րա­գոյն դա­սըն­թաց­քը։ Աս­պա­րէ­զով՝ գրա­շար, ե­ղած է ե­րաժշ­տու­թեան քաջ հե­տա­մուտ՝ հմուտ՝ հայ­կա­կան ձայ­նագ­րու­թեան եւ շա­րա­կա­նա­գէտ։

Ե­րա­ժիշ­տի պաշ­տօն վա­րած է՝ Կէ­տիկ­փա­շա, Նառ­լը­գա­բու եւ Պէ­շիկ­թա­շի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Ա­պա, քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է 1936-ին՝ Մես­րոպ Ա Մշե­ցի Նա­րո­յեան Պատ­րիար­քի (1927-1944) ձե­ռամբ, եւ վե­րա­կո­չուած՝ Տէր Ա­նա­նիա։ 13 տա­րի Սա­մա­թիոյ Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղե­ցին ծա­ռա­յե­լէ ետք, 1949-ին Պա­քըր­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ նշա­նա­կուած է։ Պա­քըր­գիւ­ղի իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նը՝ իր կեան­քին եւ քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեան ա­մե­նէն բե­ղուն շրջա­նը ե­ղած է։

Վախ­ճա­նած է 29 Օ­գոս­տոս 1968 թուա­կա­նին։

Տ. Գե­ղամ Քհնյ. Շէր­պէթ­ճեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով՝ Ե­րե­միա, ծնած է Պո­լիս՝ 1920-ին։ Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Է­սաեան վար­ժա­րան։ 1965 թուա­կա­նին՝ Շնորհք Ա Եոզ­ղատ­ցի Գա­լուս­տեան (1961-1990) Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ եւ վե­րա­կո­չուած է՝ Տէր Գե­ղամ։ Եր­կու տա­րի Մայր ե­կե­ղե­ցի ծա­ռա­յե­լէ ետք՝ կու գայ Պա­քըր­գիւղ, սա­կայն ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ ծա­ռա­յե­լու։

Կը վախ­ճա­նի 1968 թուա­կա­նին։

Տէր Թա­թուլ Քհնյ. Մալ­խա­սեան, մկրտա­րա­նի ա­նու­նով Գաբ­րիէլ-Մի­քա­յէլ, ծնած է Ե­նի­գա­բու՝ 1908-ին։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է Պա­լա­թի Խո­րէ­նեան վար­ժա­րա­նը։ Քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է 17 Մա­յիս 1945-ին՝ ձե­ռամբ Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Գէորգ Ար­ք. Արս­լա­նեա­նի, Ղա­լա­թիոյ մէջ։

1969-ին կո­չուած է Պա­քըր­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ։

Հոս պէտք է յի­շել Պա­քըր­գիւ­ղի ա­ռա­ջին քա­հա­նայ Տէր Պետ­րոս Ա­ւագ Քհնյ. Տէր Պետ­րո­սեա­նի որդ­ւոյն որ­դին՝ Խոս­րով Տէր Պետ­րո­սեա­նը՝ որ Պա­քըր­գիւ­ղի Դպրաց Դա­սու ան­դամ ե­ղած է, ա­պա 1955 թուա­կա­նին քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ եւ ան ա՛լ վե­րա­կո­չուած՝ Տէր Պետ­րոս, ձե­ռամբ՝ Տ. Գար­գին Ա Տրա­պի­զոն­ցի Խա­չա­տու­րեան Պատ­րիար­քի (1951-1961)։ Եւ այս­պէս ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք սե­րունդ՝ ե­րեք «Տէր Պետ­րոս քա­հա­նա­ներ» քա­հա­նա­յա­գոր­ծած եւ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած են Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ե­րա­նի՜ ի­րենց…։

- Մեծ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք «Յի­շա­տա­կա­րան 125-ա­մեայ (1844-1969) Յո­բե­լեա­նի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Տա­տեան Վար­ժա­րա­նի Պա­քըր­գիւղ, 1969» գիր­քէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 3, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016