ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները վերջերս ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գէորգեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ ՀԱՊԿ կը ձգտի տակաւին վաղ փուլի մէջ չէզոքացնել հակամարտութեան իրավիճակները եւ այս ուղղութեամբ կ՚օգտագործէ իր ներուժը։
Երեւանի քննարկումներուն լոյսին տակ Նիքոլայ Պորտեուժա եւ Արմէն Գէորգեան սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ընդհանուր քարտուղարը այս շրջագծով առանձնացուց անդամ երկիրներու զինեալ ուժերու յագեցուածութեան աճը, ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։ Անհրաժեշտ համարուեցաւ նաեւ իրաւապահ մարմիններու ներուժին ամրապնդումը։ Հարկ է նշել, որ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շրջագծով Հայաստանին իրաւունք վերապահուած է արտօնեալ սակագներով զէնքի վաճառք իրականացնելու ուղղութեամբ։ Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերու հարցին՝ ընդհանուր քարտուղարը արտայայտեց այն մօտեցումը, թէ անհրաժեշտ է զանոնք օգտագործել միայն այն տարածքաշրջաններու պարագային, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան վրայ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նիքոլայ Պորտեուժա ընդգծեց նաեւ, թէ ՀԱՊԿ-ի տարածքի անմիջական մօտակայքի զինեալ հակամարտութիւնները սպառնալիք կը համարուին անդամ բոլոր երկիրներուն տեսակէտէ։ Հետեւաբար, ՀԱՊԿ անուշադրութեան չի մատներ նման երեւոյթները։
Պատասխանելով Ապրիլի սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած լայնածաւալ յարձակումներուն՝ Նիքոլայ Պորտեուժա յիշեցուց Ռուսաստանի աշխոյժ դերակատարութիւնը՝ իրադրութեան կարգաւորման եւ համապատասխան լուծման մը գտնուելուն ուղղութեամբ։ Ըստ Պորտեուժայի, ՀԱՊԿ-ի ազդեցութեան կարեւորագոյն գործօնն է քաղաքական լծակը։ «Այդ տեսակէտէն պէտք է դիտարկել ՀԱՊԿ-ի դերը։ Մեր գլխաւոր յաղտաթուղթը քաղաքական ազդեցութիւնն է։ Անոր ներուժը ի գործ դրուած է ամբողջ ծաւալով», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը։
Ներկայիս ՀԱՊԿ կը նախատեսէ ունենալ նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգ մը։ Պորտեուժայի համոզմամբ, այդ համակարգին ստեղծումը անվտանգութեան բարձրացման ուղղեալ շատ լուրջ միջոցառում մըն է։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին ալ դարձեալ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան ուժերուն նստաշրջանը։