ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­տա­սո­վոր ո­գե­ւո­րու­թիւն ապրուե­ցաւ՝ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 236-րդ տա­րե­դար­ձը նշուե­ցաւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Բա­րեն­պաստ ե­ղա­նակն ալ յա­ւե­լեալ գոր­ծօն մը դար­ձաւ՝ որ­պէս­զի Վոս­փո­րի եւ­րո­պա­կան ա­փի մեր այս սրբա­վայ­րը ապ­րի շէն օր մը։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Խա­չիկ Սրկ. Սա­րը­լը եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ խմբա­վար Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ կա­տա­րուե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու կող­քին էր Տէր Հայ­րը։ Բա­ցօ­թեայ հա­ւա­քոյ­թը ան­ցաւ շատ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ, մինչ ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան տի­կ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րու շուրջ։

Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Ե­նի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Կար­պիս Գա­լայ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին յա­նուն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սե­ւան Շէ­շէ­թեան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ցու­թեան շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­լու ա­ռըն­թեր, ան կանգ ա­ռաւ հա­մայն­քա­յին շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րու վրայ։ Այս­պէս, Սե­ւան Շէ­շէ­թեան խօ­սե­ցաւ թէ՛ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան եւ թէ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին վրայ։ Ան մատ­նան­շեց նաեւ հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու, ա­նոնց ար­ժե­ւոր­ման եւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս ընդ­հա­նուր զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի տկա­րու­թեան հար­ցե­րը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խո­չըն­դոտ­նե­րը ընդգ­ծե­լու կող­քին Սե­ւան Շէ­շէ­թեան յայտ­նեց, թէ հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րուն հա­սոյ­թը պէտք է բաժ­նուի ար­դա­րօ­րէն։ Այն մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րը, ո­րոնք կը տնօ­րի­նեն հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­ներ, մա­սամբ հե­տա­մուտ են հա­մայն­քի ընդ­հա­նու­րին հա­մար բա­ժին դուրս բե­րե­լու։ Ար­դա­րեւ, կան նաեւ մա­տա­կա­րար մար­մին­ներ, ո­րոնք ի­րենց կող­մէ տնօ­րի­նուած հա­մայն­քա­յին կա­լուած­նե­րու հա­սոյ­թը կը ծա­ռա­յեց­նեն սե­փա­կան դիր­քը ամ­րապն­դե­լու նպա­տա­կին։ Սե­ւան Շէ­շէ­թեա­նի խօս­քե­րով, մեր հա­մայն­քին ան­դամ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը պատ­կա­նին մի­ջին խա­ւի, ու նոյ­նիսկ շատ ան­գամ շատ ա­ւե­լի հա­մեստ դա­սա­կար­գե­րու։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց զա­ւակ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ զա­նա­զան ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն շատ կա­րե­ւոր է հա­մայն­քի հարս­տու­թեան ար­դար ձե­ւով բաժ­նուի­լը։ Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ թա­ղա­կան­նե­րուն այս տե­սան­կիւ­նէն կը վի­ճա­կի լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Նոյն­պէս, ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդրի յաղ­թա­հար­ման տե­սան­կիւ­նէն եւս ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ծանր է։ Ա­նոնք պէտք է հան­դէս գան յա­մառ ձե­ւով ու պէտք է դառ­նան լռե­լեայն մե­ծա­մաս­նու­թեան ձայ­նը։

Սի­րոյ սե­ղա­նի ըն­թաց­քին Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բը աշ­խար­հիկ եր­գե­րու փուն­ջով մըն ալ խան­դա­վա­ռեց մթնո­լոր­տը։

Իր կար­գին, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեանն ալ ընդգծեց, որ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս առ­կայ է կազ­մա­կերպ­չա­կան դժուա­րու­թիւն։ Հա­մայն­քէն ներս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը թէեւ ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խեն, սա­կայն վար­չա­կան խնդիր­նե­րով չեն զբա­ղիր։ Մինչ­դեռ այս ըն­թաց­քը պէտք է փո­խուի։ Մեր հա­մայն­քը այ­սօր ու­նի հարս­տու­թիւն մը, ստա­ցուածք մը, որ ա­ւան­դու­թեան մը ժա­ռանգն է։ Հե­տե­ւա­բար, այդ ա­ւան­դու­թեան նկատ­մամբ պէտք է ըլ­լալ հա­ւա­տա­րիմ ու ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ՝ գի­տա­կից։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կանգ ա­ռաւ նաեւ սի­րոյ վրայ։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ սէ­րը պակ­սի, բա­ցար­ձա­կա­պէս կա­րե­լի չէ ստեղ­ծել աշ­խու­ժու­թիւն։ Այ­սօ­րուան սե­րունդ­նե­րը պէտք է աշ­խա­տին զո­հո­ղու­թեան ո­գիով, որ­պէս­զի ի­րենց հեր­թին ի­րենք եւս ու­նե­նան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն թո­ղե­լիք ժա­ռան­գու­թիւն մը։ Այս նպա­տա­կը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար պէտք է աշ­խա­տիլ ու այդ աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ պէտք է տա­նիլ շատ լաւ կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւով։ Սրբա­զան Հայ­րը հա­մո­զուած է, թէ ա­մէն ին­չը պէտք չէ թո­ղուլ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն։ Բո­լո­րը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն պէտք է բե­րեն հա­մայն­քա­յին կեան­քին, որ­պէս­զի այդ մէ­կը շա­րու­նա­կուի միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով։ 

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի խօս­քէն վերջ Ե­նի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը փա­կուե­ցաւ միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016