ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Վոսփորի մեր այս սրբատան հիմնադրութեան 180-ամեայ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած աւանդական արարողութիւններուն։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Պոյաճըգիւղի եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ ուրարակիր Արտա Փընարճը։ Ներկայ էին Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որոնք կատարեցին երգեցողութիւնները։ Երգեհոնով ընկերացաւ Սէրճան Կազէրօղլու։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ կատարեց սրբապատկերի մը օծումը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ոգեկոչուեցաւ բարեյիշատակ Մաղաքիա Ամիրա Միսաքեան, որու շիրիմը կը գտնուի այս աղօթքի տան անմիջական շրջափակէն ներս։ Ապա եկեղեցւոյ գետնայարկի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան եւ ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Մասնակիցներու շարքին էր Շիշլիի քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Սիրան Սուրքի, որ Էօզսահակեանի ուղեկցութեամբ շրջայց մը կատարեց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ Պոյաճըգիւղի եկեղեցին դժբախտաբար չունի մշտական հասոյթի աղբիւրներ։ Հաւատացեալներուն տեսակէտէ այնքան սրտամօտիկ այս ուխտավայրին կանթեղը վառ կը մնայ շնորհիւ մեր ժողովուրդի նուիրատուութիւններուն եւ թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած հետեւողական աշխատանքով։