ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.
*
Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովը 13 Յունիս 2016 թուի նիստին ընթացիկ հարցերու առընթեր օրակարգի վրայ ունեցած է այն հակազդեցութիւնները, որոնք ծագած են Գերմանիոյ Դաշնակցութեան խորհրդարանին մէջ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող օրինագծի կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը, իր պատմութեանը ընթացքին ջանացած է բարեացակամ եւ երկխօսական յարաբերութիւններ մշակել երկրի ղեկավարութեանց հետ, նաեւ առաւելագոյն ջանքը ցուցաբերած է, չանտեսելով երկրի հանրային կարծիքի զգայնութիւնները այն նիւթերու մասին, որոնք կը հետաքրքրեն երկրի համայն հանրութիւնը։
Կրօնական ժողովս ըստ հնամենի կիրառմանց եւ աւանդութեանց կարծիք չի յայտներ քաղաքական եւ իրաւական հարցերու շուրջ։ Ի բացակայութեան այն մարմիններուն, որոնք լիազօրուած պիտի ըլլային արտայայտուելու յանուն համայնքի, սոյն պարտականութիւնը կը ստանձնէ օրուան Աթոռակալ Սրբազան Պատրիարքը։ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառով, սոյն պարտականութիւնը իր վրայ առած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, սոյն պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ համայնքային հաստատութեանց կարգ մը վարիչներու եւ առաջատար բարերարներու ներկայացուցած պահանջքին ընդառաջելով գրի առած է սոյն նամակը, Գերմանիոյ Խորհրդարանի կայացուցած որոշումին կապակցութեամբ։ Բարձր. Սրբազան Հայրը հետեւած է Աթոռին ծառայած նախկին Աթոռակալ Պատրիարքներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու օրինակին։
Սկզբունքով նամակագրութիւնը տեղին կը նկատենք։ Սակայն ապագային որպէսզի համայն պատասխանատուութիւնը չբեռցուի սոսկ Պատրիարքական Աթոռին վրայ, պատշաճ կը նկատենք եւ ակնածանօք կը յայտնենք, թէ նման արտայայտութիւնները գրի առնուին լայնանիստ խորհրդակցական հանդիպումներով, նկատի ունենալով որոշ զգայնութիւններ։
Տխրութեամբ կը հետեւինք, թէ նամակի պարունակութեան մասին եղած քննադատութիւնները, գերզգայնութեան պատճառաւ անդրանցնելով քննադատութեան սահմանները, հասած են նախատինքի, սպառնալիքի եւ նուաստացման մակարդակին։ Մեր համայնքի անդամները կը հրաւիրենք, որ որդեգրեն խղճամիտ եւ պաղարիւն կեցուածք ու հասկացողութեամբ մերձենան սոյն նամակին, նկատի առնելով մեր երկրի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային իրականութիւնները, Օսմանեան Հայոց 100 տարի առաջ ենթարկուած Մեծ Եղեռնի կապակցութեամբ։
Մեր Քրիստոնեայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կը յիշեցնենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՚ըսէ. «Մի դատէք երեւոյթին համեմատ, հապա դատեցէք արդարութեամբ»s (Յովհ. 7.24) եւ կը մաղթենք, որ սէրն ու հանդուրժողութիւնը տիրէ սիրտերու մէջ։
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ
VADİP DUYURUSU
Vakıflar Arası Dayanışma ve iletişim Platformu (VADİP) 13 Haziran 2016 Pazartesi günü Kumkapı Meryem Ana Ermeni Patriklik Kilisesi Vakfı, Kazaz Amira salonunda olağan üstü olarak 36 Vakfın temsilcilerin katılımı ile toplanmıştır.
Almanya Federal Meclisi tarafından 1915 olayları bağlamında alınmış olan karar Sayın Cumhurbaşkanımız Recep Tayyip Erdoğan ve devlet erkanının da tepkisine neden olmuştur. Bilindiği üzere Patriklik Makamımız tarafından, Patrik Genel Vekili Sayın Baş Episkopos Aram Ateşyan imzasıyla Sayın Cumhurbaşkanımıza bir mektup iletilmiştir. Bu mektup sonuçları ayrıntıları ile görüşülmüş ve bu değerlendirmenin kamuoyu ile paylaşılması uygun görülmüştür.
Ermeni sorunu bağlamında, Türkiye ile üçüncü ülkeler arasında patlak veren tüm siyasi gerginlikler ne yazık ki herkesten fazla cemaatimizin örselenmesine sebep olmaktadır. Türkiye Ermenileri kendilerinden tamamen bağımsız gelişen, etken olmadıkları ve kesinlikle gidişatına nüfus etme olanağından mahrum oldukları süreçler nedeniyle tedirginliğe mahkum olmaktadır.
Sayın Başpiskopos Ateşyan'ın yazmış olduğu mektup sonucunda cemaatimiz ve cemaat basınımızın bazı kesimlerinden yükselen tepki sesleri çok üzücüdür. Patriklik Makamımızı hedef haline getirmek cemaatimizin önünde sağduyu açısından savunulması zor, benimsenmesi imkansız bi tutumdur. Diğer yandan ilkesi olarak saygı duyduğumuz farklı görüşlerin cemaatimiz genel ahengi konusunda olumsuz izlenimler uyandırmayacak şekilde ifade edilmesi temennimizi paylaşmayı da yararlı addetmektedir.
Gelecekte Patriklik Makamımızın ve Türkiye Ermeni Toplumunun bu tarz eleştirilere maruz kalmaması adına bir süredir eksik olan cemaat içi müzakere ve istişare mekanizmalarının hızla ve ivedilikle hayata geçirilmesinin zorunlu olduğu kanaatindeyiz.
Cemaatimize ve kamuoyuna saygılarımız ile duyurulur.
Herman BALYAN
VADİP Başkan Vekili
13.06.2016