ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի նախակրթութեան աշակերտները տարուան չորս եղանակներուն եւ տասներկու ամիսներուն նուիրուած տարեվերջի գեղեցիկ հանդէսով մը ներկայացան իրենց ուսուցիչ եւ ծնողներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տքթ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ Թոփալեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ իր կողակիցը, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Նախքան հանդէսին սկսիլը՝ խօսք առաւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը, որ ներկաները ողջունելէ ետք անոնց բացատրութիւն տուաւ այն մասին, թէ ինչո՞ւ իրենք այս տարի որպէս հանդիսութեան գլխաւոր նիւթ յարմար նկատած էին ձեռք առնել տարուան եղանակները եւ ամիսները, անոնց վերաբերեալ յատկանշական դրուագները: Ան ըսաւ, թէ այս կերպով տղաքը թէ՛ հաղորդ պիտի դառնային մեր կրօնական եւ աշխարհիկ զանազան տօներուն, աւանդութիւններուն եւ թէ՛ առիթը պիտի ունենային իրենք զիրենք արտայայտելու բեմին վրայ, ինչ որ անտարակոյս նախապայմաններէն մէկն է տղոց մօտ անհատականութիւնը զարգացնելու եւ ինքնավըս-տահ դառնալու:
Վարկըի այս հակիրճ լուսաբանութենէն ետք հանդէսը սկիզբ առաւ Վիվալտիի նշանաւոր «Չորս եղանակներ»ով, որու ընկերակցութեամբ մայր մը եւ իր երկու որդիներուն դերով աշակերտուհի մը եւ երկու աշակերտներ մուտք գործեցին բեմէն ներս: Խաղին մէջ տղաքը կը դժուարանային սորվիլ ամիսներուն անունները եւ անոնց կարգը ու իրենց մայրիկէն կը պահանջէին պատմութիւն մը իւրաքանչիւրին համար: Իսկ մայրը շատ լաւ խաղարկութեամբ եւ մեծ համբերութեամբ գոհացում կու տար անոնց հետաքրքրութեան: Այսպէս՝ տարուան տաս-նըերկու ամիսները՝ Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր սկսան կարգաւ տողանցել բեմին վրայ: Ամէն մէկ ամիս կը մարմնաւոր-ւէր տարբեր աշակերտի մը կողմէ, որ կը ծանօթացնէր այդ ամսուան մասնայատկութիւնները: Մինչ այդ տղաքը խումբ առ խումբ կը ներկայանային հանդիսականներուն այդ ամսուան յատուկ յատկանշական դրուագով մը:
Յունուար ամիսը կը բացուէր Ս. Ծննդեան խորհրդաւոր պատկերով մը, ուր Ս. Կոյս Մարիամը եւ Ս. Յովսէփը կը հսկէին մսուրին մօտ: Նուէրներով անոնց կ՚այցելէին երեք մոգերը, փառաւորելու համար աշխարհին Փրկիչը:
Փետրուար ամսուան մէջ երկու աշակերտներ իրենց բամբ ձայնով ոգեկոչեցին Ս. Վարդանանցի հերոսամարտը, որուն յաջորդեցին Բարեկենդանի առթիւ ծպտուած մանուկներուն ինքնաբուխ ելոյթները:
Իսկ Մարտ ամիսը ունէր իւրայատուկ պատմութիւն մը: Գլխաւոր հերոսը՝ անառակ Մարտիկը նորէն գլուխը առած և անտառ գացած էր: Եւ դժբախտաբար ան կը բացակայէր, երբ տարուան օրերը կը բաշխուէին մնացեալ ամիսներու միջեւ: Անտառէն վերադարձին՝ երբ դէմ յանդիման կու գար այս յոռի անակնկալին հետ, Մարտիկը սոսկալի կը սրտնեղէր: Բայց միւս ամիսները այդքան ալ անխիղճ չէին: Անոնք իրենց օրերէն բաժին կը հանէին Մարտիկին եւ այսպէս՝ ան ալ կ՚ունենար իր օրերը: Այսպէս՝ գործը անուշի կը կապուէր: Բայց չէ՞ որ ան օրեր փոխ առած էր այլ ամիսներէ, Մարտ ամսուան մէջ օդը օր մը տաք կ՚ըլլար, օր մը սաստիկ ցուրտ, օր մը հովը մեղմ կը փչէր եւ օր մըն ալ շատ պաղ: Եւ այսպէս՝ Մարտը կը մնար միշտ «Խենդ Մարտ»:
Գալով Ապրիլին՝ ան արդէն կը բնութագրուէր Ս. Զատիկով: Գոյնզգոյն հաւկիթներու վերածուած տղաքը հանդէս եկան Զատկուան գողտրիկ արտասանութիւններով եւ բարձրաձայն աղաղակուած «Քրիստոս յարեաւ, Քրիստոս յարեաւ» բացագանչութիւններով:
Մայիս ամսուան մայր հերոսուհիներն էին անշուշտ մայրերը: Այս առթիւ կատարուեցաւ պաստառի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները դասարան առ դասարան իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները կը յղէին իրենց սիրելի մայրիկներուն: Երբ այդ սրտաբուխ արտայայտութիւններուն վրայ եկաւ աւելցաւ վարժարանի մանկական երգչախումբին կողմէ մայրերու ուղղուած յուզիչ երգը, սրահին մէջ ստեղծուեցաւ զգացական մթնոլորտ մը, տամկացնելով բոլորին աչքերը:
Եթէ Մայիսը Աստուածամօր եւ մայրերուն ձօնուած էր, Յունիս ամիսն ալ ձօնուած էր Յիսուսի սրտին եւ հայրերուն: Ուրեմն տղաքը սիրուն ոտանաւորներով սէր ու յարգանք արտայայտեցին իրենց սիրելի հայրիկներուն նկատմամբ:
Ահաւասիկ կարգը եկած էր Յուլիսին: Անշուշտ Վարդավառի տօնն էր, որ իր կնիքը պիտի դնէր այս ամսուան վրայ: Այս առթիւ աղջիկներ ու մանչեր ներկայացուցին Վարդավառի շատ սիրուն պար մը: Կարմիր գոգնոցներով եւ կարմիր ծաղիկներով նազելաճեմ աղջիկներ ջուր կը սրսկէին իրարու վրայ, վիճակ կը քաշէին: Անոնք իրենց մարմնի եւ ձեռքի ճկուն խաղերով հիացում պատճառեցին բոլորին վրայ: Իսկ իրենց մէջքին կարմիր գօտիներ կապած մանչեր հնչեղ ձայներով եւ ոտքերու ուժգին գետին թափահարումներով գրաւեցին բոլորին սիրտերը, սրահին մէջ ոգեւորութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:
Հարկ է աւելցնել, թէ բոլոր այս ներկայացումներու միջեւ մերթ ընդ մերթ բեմ կու գային մեր սկիզբի մայրն ու իր երկու մանչուկները եւ ամէն անգամուն յայտնի կը դառնար, թէ տղոց մօտ հետզհետէ կը զարգանար ամիսներու մասին իրենց ծանօթութիւնը:
Խաղին մէջ ապա իրարու յաջորդեցին Օգոստոսն ու Սեպտեմբերը: Այս ամիսները մասնաւորաբար կը յատկանշուէին Աստուածածնի Վերափոխման տօնին խաղողօրհնէքով, իսկ Ս. Խաչի տօնով դպրոցական վերամուտը:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը եւ գիրերու գիւտը. ահաւասիկ կարգը եկած էր Հոկտեմբեր ամսուան: Խումբ մը տղաք արտասանութիւններով պանծացուցին հայ գիրն ու լեզուն, նաեւ մեր այբուբենին կերտիչները: Ապա Մխիթարեան երգչախումբին կողմէ սկսաւ բարձր հնչել քոչարին, մինչ «Կեցցէ՛ հայ լեզուն» վերտառութեամբ բեմին մէջտեղը կանգնած տղաքը կը պարզէին խիստ տպաւորիչ տեսարան մը:
Վերջընթեր ամիսն էր Նոյեմբերը՝ այսինքն ուսուցիչներու, մտքի եւ հոգիի մշակներու նուիրուած ամիսը: Փոքրիկ ուսուցչուհի մը եւ իր աշակերտները հանդէս եկան հաճելի մանրավէպերով, խնդուք պատճառելով հանդիսատեսներուն մօտ:
Եւ ի վերջոյ եկաւ հասաւ Դեկտեմբերը՝ ամիսներուն վերջինը եւ թերեւս ամենէն շատ սպասուածը, ամենէն շատ խանդավառութիւն պատճառողը: Փոքրիկ ու վարպետ դերասաններ «Կիրակոս աղա» անուն թատերակին ընդմէջէն ողջունեցին Նոր տարին եւ անոր բարիքները:
Ահա՛ բոլոր ամիսները կարգաւ տողանցած էին բեմին վրայ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պատմութիւնով մը եւ այս բոլորին իբր արդիւնք մեր երկու մանչուկները վերջապէս կատարելապէս սորված էին ամիսներուն անունները եւ անոնց կարգը: Ուրեմն խաղը հասած էր իր նպատակին:
Ներկայացման աւարտին ներկաները որոտընդոստ ծափերով թնդացուցին ամբողջ սրահը: Ապա իր սրտի խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացաւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ նախ յայտնեց, թէ այսքա՜ն անթերի ներկայացումէ մը ետք ինք ալ ըսելիք բան չունի: Բայց անմիջապէս յետոյ ան ուզեց յորդորել ծնողները բացարձակապէս վստահիլ իրենց զաւակներուն, քանի որ այս փոքրիկ տղաքը նման յաջող հանդէս մը սարքելու ուժն ու կարողութիւնը ունէին իրենց մէջ: Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին սոյն գեղեցիկ հանդիսութեան: Վարդապետը սրտանց շնորհաւորեց նաեւ բոլոր ծնողները, որոնք ո՛չ մէկ զոհողութիւն զլացած էին սոյն ձեռնարկին կազմակերպման փուլերուն եւ իրենց թանկագին ներկայութիւնը բերած էին երեկոյթին: Հանդիսութեան բեմադրութիւնը կը պատկանէր նախակրթութեան ուսուցչուհիներ Գարոլին Ֆէնէրճիի, Գարին Անի Արթուրի, Ալին Ալթընթոփուզի, Անի Փաքեիւզի և տրամայի ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւնի: Երաժշտական աշխատանք տարած էին վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհիներ Շուշան Գալաթաշ եւ Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ: Բեմին ճաշակաւոր բեմայարդարումը գործն էր գծագրութեան ուսուցչուհի Հիւմէյրա Թունալըի: Իսկ լոյսի-ձայնի սարքաւորումէն պատասխանատու էր Մխիթարեանի սան Արման Ծատուր:
Երբ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին, բոլորին դէմքերէն կը ցոլար մեր տոհմիկ արժէքներուն նկատմամբ հոգածութիւն ցոյց տուած, երախտագիտական տուրք մատուցած ըլլալու աննկարագրելի գոհունակութիւնը: