ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ սկսաւ տա­րե­վեր­ջի այս խրախ­ճան­քին ծրա­գի­րը, որ ա­ւար­տին հա­սաւ այ­սօր։ Նման ձեռ­նարկ մը ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ըստ էու­թեան, լի­սէի հա­մար նա­խա­տե­սուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, սա­կայն դպրո­ցէն ներս ստեղ­ծուած խան­դա­վառ մթնո­լոր­տէն ան­մասն չմնա­ցին նաեւ միջ­նա­կար­գի տղա­քը։

Խրախ­ճան­քի ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ թէ՛ դպրո­ցի սրա­հին մէջ եւ թէ բա­ցօ­թեայ։ Հա­մայն­քա­յին այլ վար­ժա­րան­նե­րէն խում­բեր ալ հրա­ւի­րուած էին այս խրախ­ճան­քին, ո­րուն հա­մար բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տուած էր։ Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րէ եւ ա­սու­լիս­նե­րէ սկսեալ մին­չեւ ե­րաժշ­տու­թիւն, պար եւ կրա­ֆի­քի աշ­խա­տանք­նե­րով՝ ներ­կա­յա­ցուած ճոխ յայ­տա­գի­րը իս­կա­պէս հրա­պու­րեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ա­մառ­նա­մու­տի ներ­կայ շրջա­նին ըմ­բոշխ­նե­ցին այս խրախ­ճան­քին ե­զա­կի մթնո­լոր­տը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­ղորդ դար­ձան Պղա­տո­նի, Ար­շիլ Կոր­քիի եւ Ա­զիզ Նե­սի­նի նման մե­ծու­թիւն­նե­րու ժա­ռան­գին։

Է­սաեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի կող­մէ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը խրա­խու­սուած էին՝ այս խրախ­ճան­քը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016