ՉԻՆԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ
Երեւանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենան Չինական մշակոյթի օրեր։ Բազմակողմանի յայտագիր մը կը գործադրուի այս շրջագծով։ Հայաստանի եւ Չինաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն համագործակցութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը։
Չինական մշակոյթի օրերու բացման առթիւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան չինական երաժշտութենէն եւ պարերէն նմոյշներ։
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ մշակութային փոխանակումները կը զարգանան՝ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան զուգահեռ։ Երե-ւան եւ Փեքին միասնաբար ընդգրկուած են շարք մը կարեւոր տարածքաշրջանային ծրագրերու մէջ, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային հաւա-սարակշռութիւններուն մակարդակով։
Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Երեւանի վերջին ձեռնարկէն դրուագ մը։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024