«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ներկայացումը։ Համակրելի արուեստագիտուհի Նաթալին Պոզ Եըլմազի առաջնորդութեամբ անցեալ եղանակին յառաջ տարուած պարի դասընթացքներուն տարեվերջի ներկայացումն էր այս մէկը։ Զանազան տարիքային խումբերու համար կազմակերպուած այս դասընթացքները իրականացուեցան Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան երդիքին տակ։
Այդ աշխատանքին փայլուն արդիւնքը ներկայացուեցաւ երէկուան երեկոյթով, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, դասընթացքի մասնակից աշակերտներուն ծնողները եւ հիւրեր։
Մելիսա Թաշճեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը ներկայացուցին զանազան պարեր՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթին թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին՝ Արաս Մանուկեան, Սիպիլ Մանուկեան, Արեգ Պոզ, Տերին Սորման եւ Ժիլտա Պոզ։
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Նաթալին Պոզ Եըլմազն ու իր սաները։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024