ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տարեվերջի խրախճանքի ծրագիրը կը գործադրուի մեծ խանդավառութեամբ։ Փառատօնի շաբթուան շրջագծով մասնաւոր բաժին մը յատկացուեցաւ աշակերտներու անգլերէն ելոյթներուն։ Դպրոցի բոլոր դասարաններու տղաքը հանդէս եկան՝ փաստելով իրենց անգլերէնի գոհացուցիչ աշխատանքին արդիւնքը։ Գծագրութեան եւ երաժշտութեան նախագծերը հանդիսացան եզակի առիթ մը՝ որպէսզի թէ՛ դպրոցի պատասխանատուները եւ թէ ծնողները կարենան իսկական պատկերացում մը կազմել աշակերտներու երեւակայութեան սահմաններուն եւ ստեղծագործական յատկութիւններուն շուրջ։ Արամեանցի աշակերտները նուագարաններուն տիրապետելու առումով գնհատուեցան բոլորին կողմէ։
Փառատօնը ունէր նաեւ գիտական բաժին, որու շրջագծով արձանագրուած արդիւնքներն ալ անանտեսելի էին՝ տղոց ամբարած գիտութիւններուն եւ անոնց հիման վրայ կատարուած հետեւութիւններուն տեսակէտէն։
Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի եւ ուսուցչական կազմի ջանքերով կազմակերպուած այս փառատօնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի կրթական շրջանի վերջաւորութեան յուզումը առաւելագոյն մակարդակի հասնի դպրոցէն ներս ու միեւնոյն ժամանակ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ կարելի ըլլայ չափել տարուան մը ընթացքին կատարուած աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024