ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ
Որեւէ ծառայութիւն մատուցուած ատեն, մանաւա՛նդ հաւաքական եւ եկեղեցական ծառայութեան ժամանակ, ներքին խաղաղութիւն ունենալ, համերաշխութեան մէջ ըլլալ՝ ծառայութեան արդիւնաբերութեան ուղղակի՛ կ՚ազդէ եւ ծառայութիւնը աւելի՛ նպատակայարմար եւ աւելի՛ բեղմնաւոր վիճակի կը վերածէ։ Եւ ինչպէս ըսինք, ասիկա, որքան ընտանիքի մէջ, ընկերութեան մէջ, նո՛յնքան եւ նոյնիսկ երբեմն աւելի՛ կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կը ստանայ եկեղեցական ծառայութեան ընթացքին։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ մանաւանդ եկեղեցական ծառայութիւնը՝ համախոհ եւ միասիրտ անդամներէ կազմուած, նուիրուած հոգեւոր պաշտօնեաներու կազմած խումբով մը շա՜տ աւելի օգտաբեր եւ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ։
Հոգեւոր պաշտօնեաներու գիտակից եւ խորազգած մասնակցութիւնը հասարակաց ծառայութեան՝ յարգը, արժէքը եւ մակարդակը կը բարձրացնէ ծառայութեան, եւ ան կը հասնի իր նպատակին, եւ ան ո՛չ թէ պարտադրաբար, ի պաշտօնէ կատարուած պարզ «գործ» մը, այլ՝ պատուաբեր աշխատանքի մը կը վերածուի եւ աւելի եւս հաճոյք եւ վայելք զգալու առիթ կ՚ընծայէ։
Արդարեւ, հոգեւոր ծառայութեան յատկանիշը ներքնապէս եւ սերտօրէն կապուած է Եկեղեցւոյ պաշտօնատարութեան խորհրդենական հանգամանքին հետ։ Ուստի եւ առաքելութիւն եւ իշխանութիւն տուող Քրիստոսէն ամբողջովին կախեալ պաշտօնատարները իսկապէ՛ս ծառաներն են Քրիստոսի, ըստ պատկերին Քրիստոսի, որ մեզի համար ազատ կամքով առաւ «ծառայի կերպարանք»ը։
Քանի որ պաշտօնատարներուն ստանձնած խօսքն ու շնորհքը իրենցը չէ, այլ Քրիստոսին, որ զանոնք իրենց յանձնեց ուրիշներու ի նպաստ, ուստի անոնք իրենք զիրենք ազատ կամքով պիտի ընեն բոլորովին «ծառա՛յ»։ Այն անձը՝ զոր Մկրտութեամբ ինքզինք կ՚ընծայէ Աստուծոյ, այսպէս կը գտնէ դեռ աւելի սերտօրէն նուիրուած աստուածային նուիրական ծառայութեան եւ ա՛լ աւելի ընծայուած Եկեղեցւոյ բարիքին։ Աստուծոյ նուիրեալ այս կարգավիճակով, Եկեղեցին կը յայտնէ Քրիստոսը եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս Սուրբ Հոգին սքանչելի՜ կերպով կը գործէ իր մէջ։
«Ձեռնադրեալ պաշտօնատարութիւն»ը կը գործէ ի սպաս քահանայութեան։ Ան կ՚երաշխաւորէ, թէ սուրբ խորհուրդներուն մէջ Քրիստոս Ի՛նքն է որ կը գործէ Սուրբ Հոգիով՝ Եկեղեցւոյ համար։
Ձեռնադրուած պաշտօնատարը այսպէս՝ խորհրդենական այն զօդն է, որ ծիսարարքը կը կապէ, կը զօդէ առաքեալներուն խօսքին եւ գործին եւ անոնց միջոցով, սուրբ խորհուրդներուն ակնաղբիւր եւ նախահիմ եղող Քրիստոսի խօսածին եւ գործածին։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ ինչքան կարեւոր է եկեղեցական պաշտօնեաներուն ծառայական գործը։ Բայց, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Բոլոր անդամները նոյն պաշտօնը չունին» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 4)։
Ուստի անդամներէն ոմանք Աստուծմէ կոչուած են հասարակութեան յատուկ ծառայութեան մը համար՝ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցիին միջոցով։ Այս ծառայողները ընտրուած, կոչուած եւ նուիրագործուած են Սուրբ Խորհուրդով, որուն միջոցով Սուրբ Հոգին զանոնք ատակ կը դարձնէ գործելու յանձին Քրիստոսի, ի սպաս Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն։
Ձեռնադրուած պաշտօնատարը, կերպով մը «սրբանկա՛ր»ն է Քրիսոտսի, քանի որ Սուրբ Պատարագի ընթացքին է որ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդը լիովին կը բացայայտնուի, եւ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին կատարման մէջ է որ կը յայտնուի հոգեւոր պաշտօնատարութիւնը՝ պատարագիչ քահանայ հօր եւ անոր հետ հաղորդակցաբար իր ծառայակիցներուն՝ սարկաւագներուն նուիրական պաշտօնատարութիւնը։
Քահանայութիւնը մէ՛կն է այն միջոցներէն՝ որոնցմով Քրիստոս մշտապէս կը կառուցանէ եւ կ՚առաջնորդէ Իր Եկեղեցին։ Ասոր համար՝ ան փոխանցուած է յատո՛ւկ խորհուրդով մը։
Նուիրապետութեան աստիճանին վրայ կը գտնուին նաեւ սարկաւագները՝ որոնց վրայ ձեռնադրութիւն կը կատարուի ո՛չ թէ ի սպաս քահանայագործութեան, այլ ի սպաս ծառայութեան։ Սարկաւագի ձեռնադրութեան միջոցին, միա՛յն եպիսկոպոսը ձեռնադրում կը կատարէ, այսպէս նշանակելով, թէ սարկաւագը յատկապէս կապուած է եպիսկոպոսին իր «սարկաւագագործութեան» մէջ։ (Սուրբ Իպպողիտոս Հռոմայեցի)։
Ուստի եւ, սարկաւագները յատուկ կերպով կը մասնակցին Քրիստոսի առաքելութեան եւ շնորհքին։ Ձեռնադրութեան խորհուրդը անոնց մէջ կը դրոշմէ «կնիք» մը՝ դրոշմագիր, զոր ո՛չ ոք կարող է անհետացնել եւ որ կերպարանակից կ՚ընէ զանոնք Քրիստոսի, որ Ինքզինք ըրաւ «սարկաւագ», այսինքն՝ բոլորին ծառա՛յ։ (Սուրբ Պողիկարպոս Զմիւռնացի)։
Ի մէջ այլոց՝ սարկաւագները սատարելու են եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն՝ աստուածային խորհուրդներու հանդիսակատարումին ընթացքին եւ յատկապէ՛ս Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ. Աւետարանը հռչակեն եւ նուիրուին բարեսիրական զանազան ծառայութիւններուն։
Եւ անոնք որ «իշխանութիւն» կը վարեն, պարտաւո՛ր են իբրեւ «ծառայութիւն» վարել զայն, ինչպէս կ՚ըսէ Քրիստոս. «Ո՛վ որ ձեր մէջ կ՚ուզէ մե՛ծ ըլլալ՝ ձեր սպասաւորը թող ըլլայ» (ՄԱՏԹ. Ի 26)։ Իշխանութեան մը կիրարկումը բարոյապէս չափուած է իր աստուածային ծագումին, իր տրամաբանական բնութեան եւ յատկապէս կոչուած պաշտօնատարութեան առարկային համեմատ։
Ուստի, ո՛չ ոք կրնայ հրամայել կամ կարգել եւ պարտադրել բան մը՝ որ հակառակ է անձերուն արժանապատուութեան եւ բնական օրէնքին, եւ անշո՛ւշտ բանականութեան, ընդհանրապէս։
Իշխանութեան կիրարկումը կը ձգտի ցայտուն կացուցանելու «արդար դասակարգում»ը արժէքներուն, դիւրացնելու համար բոլորին ազատութեան եւ պատասխանատուութեան կիրարկումը։ Իշխանութիւնը պատասխանատու է իր իշխանութեան տակ գտնուողներուն կեանքը դիւրատար ընելու գործին եւ անխտիր, բոլորին երջանկութիւնը ապահովելու եւ պաշտպանելու…։
Եւ երբ այս խորհրդածութիւններով կը տարուինք, պահ մը կը խորհինք մեր հոգեւոր ծառայութիւնը՝ Թագսիմ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Մենք զմեզ ո՜րքան երջանիկ պէտք է համարենք, քանի որ հոն մեր հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցանենք իրապէ՛ս գիտակից, պարտաճանաչ, խորապէս զգացող՝ զգայուն նուիրուած ծառայակիցներու մասնակցութեամբ։
Գլխաւորութեամբ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեանի, Յակոբ Սրկ. Պուլամաճեան, Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Միսաք Կսրկ. Չամեափան, Սարօ Կսրկ. Այվազ եւ Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան՝ բոլորն ալ նուիրուած, անշահախնդիր՝ ծաղիկներու նման անմեղ եւ անբիծ կը ծառայեն Եկեղեցւոյ եւ կը սպասարկեն Սուրբ Սեղանին, կը պաշտօնավարեն որպէս անկեղծ եւ ծառայասէր հոգեւոր պաշտօնեաներ։ Անոնց ստեղծած խաղաղ եւ համերաշխ միջավայրը մեզ աւելի եւս կը խրախուսէ, կ՚ոգեւորէ եւ կը քաջալերէ կատարելու մեր հոգեւոր պաշտօնը եւ ծառայութիւնը, որ հաճո՜յք կը պատճառէ։
Երանի՜ մեզի, որ անոնց նման ծառայակիցներ ունինք մեր շուրջը՝ տիպար եկեղեցական պաշտօնեաներ բոլո՛րն ալ, որոնք կը ստեղծեն աւելի եւս խաղա՜ղ միջավայր մը Եկեղեցւոյ մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 9, 2016, Իսթանպուլ