ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ ԱՆԿԱՅՈՒՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն։ Ըստ իրեն, տարեսկիզբի իրավիճակի սրումէն վերջ անցեալ ամսուան երկրորդ կէսին հաստատուած էր յարաբերական հանդարտութիւն մը։ Կողմերու ներկայացուցիչները այս երեւոյթը ապացուցանեցին՝ Փետրուարի 20-ին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի կողմէ իրականացուած դիտարկման ընթացքին։ Բայց եւ այնպէս, Մարտի առաջին օրերուն հասած վերջին տուեալները դարձեալ կը վկայեն հրադադարի դրութեան խախտման հերթական դէպքերուն մասին։ Ռուս բանբերը ցաւ յայտնեց նաեւ զոհերուն համար։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լուքաշեւիչ կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը զսպուածութիւն ցուցաբերեն ու տեղի չտան այնպիսի գործողութիւններու, որոնք հետագային կրնան պատճառ դառնալ իրավիճակի սրման։ Ան յորդորեց հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, ինչ որ յայտարարուած էր 11 Օգոստոս 2014 թուականին, Սոչիի մէջ։
Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութա եւս կոչ ուղղեց, որ հակամարտ կողմերը խուսափին յաւելեալ լարուածութենէ։ Ըստ իրեն, իր երկիրը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ ու ջանքեր կ՚իրականացնէ այս նպատակով։ Ամերիկացի դեսպանը անհանգստութիւն յայտնեց վերջին շրջանին շփման գծին վրայ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ հակամարտ կողմերը պէտք է խուսափին այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ իրավիճակի աւելի լարման։ «Մենք ալ, աշխատելով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ, մեր հերթին կը փորձենք յառաջընթացի հասնիլ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ», ըսաւ Սեքութա։
Միւս կողմէ, անգլիական յայտնի «The Guardian» թերթը նախընթաց օր տեղ տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս շրջագծով ընդգծուեցաւ, որ դիպուկահարները կը վտանգեն երերուն խաղաղութիւնը։ Սահմանի եւ շփման գծի երկայնքին բախումներու աշխուժացման հանգամանքի լոյսին տակ անգլիական թերթը նշած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւններուն ժամանակ առաջարկած են դիպուկահարները հեռացնել շփման գիծէն։ Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին կատարուած համապատասխան կոչերուն ընդառաջ երթալէ հրաժարած է Ատրպէյճան, որ կը մերժէ իրականացնել միջազգային հանրութեան եւ հայկական կողմի առաջարկը։