ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Եո­կեշ­վար Սանկ­վա­ն ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­ի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­տար­մագ­րի յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­գա­հը եւ դես­պա­նը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գա­յին շարք մը հար­ցե­րու շուրջ, անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման եւ մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016