ՇԻՆԻՉ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան նպա­տակն է Թուր­քիան յա­ռա­ջաց­նել։ Ան­գա­րա­յի մէջ, իր կու­սակ­ցու­թեան քա­ղաք­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն։ «Մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հաս­կա­ցու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ տա­րած­քաշր­ջա­նի եւ աշ­խար­հի մէջ ա­ւելց­նել մեր բա­րե­կամ­նե­րը ու նուա­զեց­նել թշնա­մի­նե­րը», ը­սաւ Եըլ­տը­րըմ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ամ­րապն­դուի։ Թուր­քիա տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զա­րա­գա­ցում մը պի­տի ա­պա­հո­վէ իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ։ «Երբ կ՚ը­նենք այս բո­լո­րը՝ տա­րած­քաշր­ջա­նին վրայ, Թուր­քիոյ վրայ լա­րուած ծու­ղակ­նե­րը պի­տի չէ­զո­քաց­նենք», ա­ւել­ցուց վար­չա­պե­տը։

Վե­րո­յի­շեալ ե­լոյ­թին ա­ռըն­թեր, վար­չա­պե­տը վեր­ջին օ­րե­րուն մա­մու­լին մէջ ալ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ։ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Իս­րա­յէլ, Սու­րիա, Ռու­սաս­տան եւ Ե­գիպ­տոս կը շրջա­պա­տեն Մի­ջերկ­րա­կանն ու Սեւ ծո­վը, հե­տե­ւա­բար ա­նոնց մի­ջեւ մշտա­կան թշնա­մու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չեն կրնար ու­նե­նալ։ Այդ եր­կիր­նե­րուն ուղ­ղեալ ջերմ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցե­լու ժա­մա­նակ՝ վար­չա­պե­տը ա­ռա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ Ռու­սաս­տա­նին։ Ըստ ի­րեն, այդ երկ­րին հետ ապ­րուե­ցաւ դէպք մը։ Թուր­քիա բնա­կա­նա­բար թոյլ չի տար իր գե­րիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն դէմ ոտնձ­գու­թեան։ Բայց եւ այն­պէս, միակ դէպ­քի մը վրայ կեդ­րո­նա­նալ ճիշդ չ՚ըլ­լար։ Պէտք է տես­նել մեծ պատ­կե­րը։ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ թշնա­մու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Կա­րե­լի է վե­րա­դառ­նալ ան­ցեա­լի օ­րե­րուն ու նոյ­նիսկ ա՛լ ա­ւե­լի զար­գաց­նել այդ բո­լո­րը։ «Ռու­սաս­տա­նի հետ փո­խա­դարձ քայ­լեր կ՚առ­նուին։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րը բաց են։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կամք մը դրսե­ւո­րեց։ Ռու­սաս­տանն ալ կամք դրսե­ւո­րեց», ը­սաւ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ ա­պա­գա­յին հա­մար ար­տա­յայ­տեց լա­ւա­տե­սու­թիւն։

Իս­րա­յէ­լի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ խօ­սե­լով՝ Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, որ այդ հարցն ալ հա­սած է ո­րոշ կէ­տի մը։ Այս ա­ռանց­քին շուրջ ալ կամք կը ցու­ցա­բե­րուի, կան շփում­ներ, ո­րոնք տա­կա­ւին ա­ւար­տած չեն։ Վար­չա­պե­տին կան­խա­տե­սում­նե­րով, շատ ալ եր­կար պի­տի չտե­ւէ այդ գոր­ծըն­թա­ցը։ Էա­կա­նը այն է, որ Կազ­զէն մե­կու­սա­ցու­մէ փրկուի մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար։ Դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը աշ­խա­տան­քի վրայ են։

Ե­գիպ­տո­սի պա­րա­գա­յին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նշեց, թէ Թուր­քիա ի սկզբա­նէ կը պաշտ­պա­նէ նոյն տե­սա­կէ­տը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահն ալ շատ յստակ ձե­ւով ը­սած է։ Ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին դէմ կա­տա­րուած ա­մէն տե­սակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն պե­տա­կան հա­րուած է։ Չենք ըն­դու­նիր այդ բա­նը եւ սա մեր ան­կեղծ հա­մո­զումն է։ Բայց եւ այն­պէս, սա պէտք չէ խո­չըն­դո­տէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան զար­գա­նալ եւ Եըլ­տը­րըմ հա­մո­զուած է, թէ սա նպաս­տա­ւոր է եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Վար­չա­պե­տը մեկ­նա­բա­նած է նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի եւ Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թիւ­նը։ «Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ հիւ­սի­սէն դէ­պի Մի­ջերկ­րա­կան մի­ջանցք մը բա­նա­լու մտադ­րու­թեան ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք։ Մտադ­րու­թիւն մը, որ կը զու­գոր­դուի քան­թոն­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Թուր­քիա զգայ­նու­թիւն­ներ ու­նի այս նիւ­թին շուրջ ու չի թոյ­լատ­րեր կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այս­տեղ մեր երկ­խօ­սը տե­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը չեն, մենք երկ­խօս կը հա­մա­րենք Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան ու­ժե­րը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը։ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է մե­զի հա­մար», ը­սաւ Եըլ­տը­րըմ։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւնն ալ հա­ղոր­դած էր, թէ Թուր­քիա վճռա­կա­նու­թիւն կը դրսե­ւո­րէ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին քիւր­տե­րու կող­մէ դաշ­նակ­ցու­թեան մը ստեղ­ծուի­լը ար­գի­լե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Մի­ջազ­գա­յին այդ աղ­բիւ­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ զու­գա­հե­ռա­բար Ան­գա­րա կրնայ մեղ­մաց­նել իր դիր­քո­րո­շու­մը Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի պա­րա­գա­յին։ Ծա­նօթ է, որ թրքա­կան կող­մը յա­մա­ռօ­րէն կ՚ար­տա­յայ­տէ այն հա­մո­զու­մը, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման հա­մար Պե­շար Է­սատ պէտք է ըլ­լայ գա­հըն­կէց։ Վեր­լու­ծա­բան­նե­րը կը յի­շեց­նեն, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մին է այն ղե­կա­վար­նե­րէն, ո­րոնք ա­մե­նա­խիստ ձե­ւով կը քննա­դա­տեն Է­սա­տը։ Բայց եւ այն­պէս, նոր ի­րադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ չի բա­ցա­ռուիր այդ մօ­տեց­ման մեղ­մա­ցու­մը։

«Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը մեկ­նա­բա­նէ որ­պէս ազ­դան­շան՝ Ան­գա­րա­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ի­րա­ւա­սու մըն ալ այս հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Վեր­ջին հա­շուով Է­սատ ոճ­րա­գործ մըն է, կը չար­չա­րէ իր ժո­ղո­վուր­դը։ Այս նիւ­թին շուրջ պի­տի չփո­խենք մեր դիր­քո­րո­շու­մը։ Սա­կայն ան չի պաշտ­պա­ներ քիւր­տե­րու ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը։ Կրնայ ըլ­լալ, որ զի­րար չսի­րենք, սա­կայն այս նիւ­թին շուրջ նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը պաշտ­պա­նենք»։ 

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016