«Սնու­պա­րով» Սուր­ճը

Յետ­մի­ջօ­րէի քա­նի մը ժա­մե­րուն եղ­բօրս կա­ռա­տու­նը շատ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով մարդ կը հա­ւա­քուէր, քան՝ հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րը:  Ա­նի­կա դար­ձած էր ան­պաշ­տօն «ա­կումբ» մը:

Կարգ մը ըն­կեր­ներ, երբ գոր­ծէն ար­ձա­կուէին, նախ­քան ի­րենց տու­նե­րը եր­թա­լը՝ ան­պայ­ման պի­տի հան­դի­պէին «ըն­կեր Ան­դո­յին»:

Տո­րա­յի մայ­րու­ղիէն ներս, դէ­պի ծո­վե­զերք տա­նող ճամ­բուն վրայ վեր­ջին շէնքն էր կա­ռա­տու­նը: Այդ ժա­մե­րուն դի­մա­ցի բաց դաշ­տը նո­րո­գուե­լու կա­րիք ու­նե­ցող ինք­նա­շար­ժնե­րէն ա­ւե­լի, կը լե­ցուէր այ­ցե­լու ըն­կեր­նե­րու ինք­նա­շարժ­նե­րով:

Ա­մէն օր նոյն ըն­կեր­ներն էին, որ ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ նոյն ժա­մե­րուն կը հա­ւա­քուէին, ա­նոնց շար­քին՝ Ար­շա­ւիր Կիտ­ցի­նեան, Սար­գիս Ազ­նա­ւո­րեան, Յա­կոբ Կար­պու­շեան, Ան­թուան Թա­լա­թի­նեան, Կի­րա­կոս Պո­յա­ճեան, իսկ եր­բեմն՝ Խա­չիկ Ա­րա­պեան:

Քա­նի մը ժամ ետք, ան­պաշ­տօն «ա­կումբ»էն իւ­րա­քան­չիւ­րը կ՚ուղ-ղըւէր իր շրջա­նի պաշ­տօ­նա­կան ա­կում­բը:

Սար­գիս Ազ­նա­ւո­րեան կ՚եր­թար «Նի­կոլ Դու­ման», Յա­կոբ Կար­պու­շեան եւ Խա­չիկ Ա­րա­պեան՝ «Սար­դա­րա­պատ», եղ­բայրս՝ Անդ­րա­նի­կը եւ Ան­թուան Թա­լա­թի­նեան՝ «Ա­զի­րեան» ա­կումբ, իսկ Կի­րա­կոս Պո­յա­ճեան՝ «Տիգ­րան Ծամ­հուր»:

Բա­ցի ա­մէ­նօ­րեայ այ­ցե­լող կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րէն՝  ինք­նա­շար­ժի նո­րո­գու­թեան կա­րի­քը չու­նե­ցող բա­րե­կամ­ներ նոյն­պէս յա­ճախ կը հան­դի­պէին եղ­բօրս կա­ռա­տու­նը: Տե­սակ մը ժա­մադ­րա­վայր դար­ձած էր:

«Ըն­կեր Ան­դո­յին սուր­ճը խմե­լու» եւ բա­րե­կամ­նե­րու հան­դի­պե­լու տի­պար կեդ­րոն մը:

Կա­ռա­տու­նը  Պուրճ Հա­մու­տի սպան­դա­նո­ցին կող­քին էր, եւ այդ պատ­ճա­ռով, սպան­դա­նո­ցէն գար­շե­լի հոտ մը միշտ ներ­կայ էր: Նաեւ՝ ան­հա­մար ճան­ճեր, սա­կայն ո՛չ հո­տէն, ո՛չ ալ ճան­ճե­րէն կը գան­գա­տէին մար­դիկ:

Օր մը բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը իր սուր­ճին մէջ ճանճ մը գտած եւ ան­մի­ջա­պէս թա­փած էր: Եղ­բօրս՝ «Այս մէ­կը, սնու­պա­րով սուրճ է» կա­տա­կին՝ բո­լո­րը խնդա­ցած, եւ այդ օ­րէն ըն­կեր Ան­դո­յին սուր­ճին տուած էին նոր ա­նուն մը՝ «սնու­պա­րով սուրճ»:

«Եր­թանք ըն­կեր Ան­դո­յին «սնու­պա­րով սուրճ»ը խմե­լու»:

Այդ ան­ձը, ո­րուն գա­ւա­թին մէջ գտնուած էր սատ­կած ճան­ճը, Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մէն քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ գաղ­թած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, սա­կայն չէր վար­ժը-ւած Ա­մե­րի­կա­յի կեն­ցա­ղին: Լի­բա­նա­նի ըն­կե­րա­յին կեան­քի կա­րօ­տը ու­նէր: Յա­ճախ կը գրէր՝ «Մէկ գա­ւաթ սնու­պա­րով սուրճդ, ամ­բողջ Ա­մե­րի­կա­յին հետ չեմ փո­խեր»:

Վրայ հա­սաւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը:

Կա­ռա­տան ա­մէ­նօ­րեայ այ­ցե­լու ըն­կեր­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ  մար­տա­կան տղաք էին, եւ գոր­ծէն ար­ձա­կուե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք, փո­խա­նակ հան­դի­պե­լու ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մադ­րա­վայ­րը, կ՚ուղ­ղուէին ի­րենց շրջա­նի ա­կումբ­նե­րը: Շատ յա­ճախ նոյ­նիսկ փա­խուստ կու տա­յին ի­րենց գոր­ծե­րէն: Բո­լո­րը անխ­տիր նուի­րեալ ըն­կեր­ներ էին:

Ա­միս­նե­րը  տա­րի­նե­րու վե­րա­ծ-ւե­ցան: Պա­տե­րազ­մը  մերթ սաստ­կա­ցաւ, մերթ մեղ­մա­ցաւ, սա­կայն ակն­կա­լուա­ծէն շատ ա­ւե­լի եր­կա­րե­ցաւ:

Ըն­կեր Ան­դո­յին կա­ռա­տու­նը ի­րա­րու հան­դի­պե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը պատ­մու­թեան ան­ցաւ:

Կա­ռա­տու­նը ծո­վե­զեր­քին շատ մօտ էր եւ շրջա­կայ­քը՝ ա­մա­յի:

Քրիս­տո­նեայ «մի­լիս»ներ այդ շրջա­նին մէջ աշ­խա­տող իս­լամ ան­մեղ բա­նուոր­ներ կը տա­նէին ծո­վե­զերք ու կը գնդա­կա­հա­րէին:

«Տա­կա­ւին ա­կան­ջիս մէջն են այդ ան­մեղ մար­դոց լա­ցի ու ա­ղա­չան­քի ձայ­նե­րը, ա­նոնք կը խնդրէին խնա­յել ի­րենց կեան­քե­րը», օր մը պատ­մեց եղ­բայրս՝ շա­րու­նա­կե­լով. «Սա­կայն քա­նի մը վայր­կեան ետք կը լսուէր կրա­կոց մը, ու ա­ղա­չա­կան ձայ­նը կը լռէր»:

Բազ­միցս ա­կա­նա­տես ե­ղած էր նման դէպ­քե­րու:

Հա­կա­ռակ իր ջղուտ ար­տա­քի­նին ու մար­տա­կան խառ­նուած­քին՝ չա­փէն ա­ւե­լի փխրուն սիրտ մը ու­նէր եւ չդի­մա­ցաւ այդ սրտաճմ­լիկ տե­սա­րան­նե­րուն: «Տա­կա­ւին ա­կան­ջիս մէջն են այդ ան­մեղ մար­դոց լացն ու ա­ղա­չան­քը»:

Ան­հանգս­տա­ցաւ: Դադ­րե­ցաւ իր կա­ռա­տու­նը եր­թա­լէ: Գոր­ծը «ե­րե­սի վրայ ձգած», յանձ­նած էր իր գոր­ծա­ւո­րին:

Օ­րա­կան քա­նի մը ժամ կը հան­դի­պէր ա­կումբ, սա­կայն նախ­կին ըն­կեր Ան­դոն չէր: Օ­րէ օր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ա­ւե­լի կը վատ­թա­րա­նար: Վա­րա­կուած էր ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թե­նէ՝ քաղց­կե­ղէ:

Ո­րե­ւէ տեղ այ­ցե­լե­լու կա­րո­ղու­թիւն չու­նէր այ­լեւս: Տու­նէն հի­ւան­դա­նոց, ա­պա՝ տուն, եւ՝ դար­ձեալ հի­ւան­դա­նոց:

Լաւ ըն­կեր­նե­րէն քա­նի մը հա­տը հե­ռա­ցած էին Լի­բա­նա­նէն: Ինք ան­հան­գիստ էր,  ու­ժաս­պառ եւ յու­սալ­քուած: Լի­բա­նան մնա­ցած ըն­կեր­նե­րը յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէին  իր տու­նը: Այ­ցե­լող ըն­կեր­նե­րուն մէջ պար­տիմ յի­շել ա­նու­նը  ի մաս­նա­ւո­րի Սար­գիս Ազ­նա­ւո­րեան նուի­րա­կան ան­ձին, որ ա­մէն օր ան­պայ­ման կ՚այ­ցե­լէր իր եր­բեմ­նի մար­տա­կան ըն­կե­րոջ, որ ար­դէն իսկ վե­-րա­ծուած էր ան­կող­նին մէջ ու­ժաս­պառ, շար­ժե­լու կա­րո­ղու­թիւն չու­նե­ցող ան­ձի մը:

Չէր պա­տա­հած, որ օր մը բա­ցա­կա­յէր: Կը պա­տա­հէր, որ կէս ժա­մով  ու­շա­նար, եւ այդ կէս ժա­մը շատ եր­կար կը թուէր եղ­բօրս: Աչ­քե­րը ժա­մա­ցոյ­ցէն չէր հե­ռաց­ներ:

«Ըն­կեր Սար­գի­սը ու­շա­ցաւ»:

***

Պա­տե­րազ­մը կա­տա­ղօ­րէն կը շա­րու­նա­կուէր, երբ ըն­կեր Ան­դոն քաղց­կե­ղի դէմ ճա­կա­տա­մար­տը կորսն­ցուց եւ հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն:

Քա­նի մը տա­րի­նե­րու տար­բե­րու­թեամբ, իր կա­ռա­տու­նը այ­ցե­լող մար-­տա­կան ըն­կեր­նե­րը, բո­լո­րը անխը-տիր  հե­տե­ւե­ցան ըն­կեր Ան­դո­յին:

Սար­գիս Ազ­նա­ւո­րեան զոհ գնաց եղ­բայ­րաս­պան դա­ւա­ճան գնդա­կի մը:

Խա­չիկ Ա­րա­պեան եւ Յա­կոբ Կար­պու­շեան՝ «Սար­դա­րա­պատ» ա­կում­բի ար­թուն պա­հակ­նե­րուն ա­ճիւն­նե­րը կը հանգ­չին Պուրճ Հա­մու­տի հա­յոց ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ:

Ար­շա­ւիր Կիտ­ցի­նեան  աչ­քե­րը փա­կեց Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, իսկ Ան­թուան Թա­լա­թի­նեա­նի ան­շունչ  մար­մի­նը Գա­նա­տա­յի ցուրտ հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ:

Կու­սակ­ցա­կան խմբակ մըն էին, ո­րոնք ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ան­շա­հախն­դիր նուի­րուե­ցան հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րու եւ պաշտ­պա­նե­ցին հայ­կա­կան թա­ղե­րը:

Բո­լո­րը  անխ­տիր  նոյն նշա­նա­բա­նը որ­դեգ­րած էին՝ «Միայն զէն­քով կայ հա­յոց փրկու­թիւն»:

Հե­ռա­ցան, սա­կայն ու­նե­ցան ի­րենց փո­խա­րի­նող ե­րի­տա­սարդ նոր ու­ժեր:

Ներ­կա­յիս Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մը պատ­մու­թեան ան­ցած է:

Պատ­մու­թեան ան­ցած են նաեւ այդ խո­նարհ հե­րոս­նե­րուն ա­նուն­նե­րը:

***

Այ­սօր Լի­բա­նա­նի դա­ժան օ­րե­րը փո­խադ­րուած են Լի­բա­նա­նի դրա­ցի եր­կիր՝ Սու­րիա, ուր «Ե­րա­զա­յին Հա­լէպ»ը դար­ձած է «Դժո­խա­յին Հա­լէպ»:

Մեծ է թի­ւը նուի­րեալ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք մոռ­ցած են ի­րենց տան հաս­ցէն: Հայ­կա­կան ա­կումբ­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ե­ղած են ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մադ­րա­վայ­րը:

Հոն եւս շու­տով կ՚ա­ւար­տի ու պատ­մու­թեան կ՚անց­նի պա­տե­րազ­մը:

Նմա­նա­պէս պատ­մու­թեան կ՚անց­նին ներ­կայ օ­րե­րու խո­նարհ հե­րոս­նե­րը:

Տաս­նա­մեակ­ներ  ան­ցած են այդ թուա­կա­նէն, երբ ըն­կեր­նե­րը կը հա­ւա­քուէին վա­յե­լե­լու ըն­կեր Ան­դո­յին կա­ռա­տու­նը, եւ «սնու­պար»ով սուր­ճը դար­ձած էր ան­կեղծ ըն­կե­րու­թեան խորհր­դա­նիշ:

Ոչ մէկ տեղ կա­րե­լի է գտնել այդ կա­ռա­տան դի­մա­ցի բաց դաշ­տին մէջ հա­ւա­քուած ըն­կեր­նե­րուն ան­կեղծ մթնո­լոր­տը:

Կ՚ան­տե­սէին գար­շա­հո­տու­թիւնն ու ան­հա­մար ճան­ճե­րը:

Կ՚այ­ցե­լէին վայր մը, ուր ներ­կայ էր ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ան­կեղծ ըն­կե­րու­թիւ­նը:

«Բա­րի, գե­ղե­ցիկ,
առա­քի­նի ըն­կե­րը մար­դուն» (Ա­շուղ Ջի­ւա­նի):

«Սնու­պա­րով սուրճ»ի այ­ցե­լու­նե­րուն ա­ճիւն­նե­րը, ի­րար­մէ հե­ռու, կը հանգ­չին տար­բեր վայ­րե­րու մէջ: Ո՛չ մէ­կուն բախտ վի­ճա­կուե­ցաւ հանգ­չիլ մայր հայ­րե­նի­քի հո­ղին  մէջ:

Հա­կա­ռակ ի­րար­մէ հե­ռու վայ­րե­րու մէջ ի­րենց «հանգս­տա­րա­նին»՝ կը հա­ւա­տամ, որ բո­լո­րին հո­գի­նե­րը միա­տեղ են «վե­րը», ուր ո՛չ «սնու­պա­րով սուրճ» գո­յու­թիւն ու­նի, ո՛չ ալ հայ­կա­կան թա­ղե­րը պաշտ­պա­նե­լու կա­րիք: Ի­րենց կեն­դա­նու­թեան կա­տա­րե­ցին այդ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Ի­րենց ողջ կեան­քը ան­ցու­ցին զո­հա­բե­րու­թեամբ: Ներ­կա­յիս այդ վեհ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը փո­խան­ցուած է նոր սե­րուն­դի ե­րի­տա­սարդ հե­րոս­նե­րուն:

Յար­գա՜նք, հին ու նոր խո­նարհ հե­րոս­նե­րուն, ըլ­լան ա­նոնք աս­դի աշ­խարհ, թէ ան­դի…

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս 2016

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016