ՆԱԽԱՐԱՐ ԱԼՊԱՅՐԱՔԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք նշանակուեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի նախագահ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կարգադրութեամբ։ Վարչապետի նոյն հրամանագրով Պերաթ Ալպայրաք նշանակուեցաւ նաեւ Ալճերիոյ, Չինաստանի, Լիպիոյ, Նիժերիոյ եւ Վենեզուելլայի հետ Թուրքիոյ առեւտրատըն-տեսական համագործակցութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի նախագահ։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի միւս նախագահն է՝ Ատրպէյճանի Փոխ-վարչապետ Ապիտ Շարիֆով։
Հարկ է նշել, որ այս կարգադրութիւնը արձագանգ ստեղծած է նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հայկական աղբիւրները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Պերաթ Ալպայրաք Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի փեսան է ու նշանակուած՝ Ատրպէյճանի վերաբերեալ պաշտօնի մը։