ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍԷ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԱՆԿԱՊՂԾՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքութիւնը արդէն երեք ամիսէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս 1990-ական թուականներուն պատահած մանկապղծութեան վերաբերեալ պնդումները, որոնք վերջին շրջանին արձագանգ գտած էին կարգ մը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ՝ Ֆրանսայէն եւ Իսրայէլէն։
Հայաստանի «news.am» կայքէջի հաղորդումներով, Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքարանի դիւանէն տեղեկացուցած են, թէ երբ աւարտին ուսումնասիրութիւնները, ապա պիտի կատարուի համապատասխան յայտարարութիւն մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցած էին, թէ կը սպասեն Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կողմէ տրուելիք պարզաբանման՝ այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալու համար։