ՅԱՄԱՌ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Ժողովի սկիզբին Հրանոյշ Յակոբեան ցաւով մատնանշեց, որ նախորդ նիստէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին սուրիահայ համայնքը դժբախտաբար նոր զոհեր տուած է՝ մասնաւորապէս Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու ռմբակոծման հետեւանքով։ Նախարարին առաջարկով ժողովականները վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին ի յիշատակ զոհերուն։
Սուրիոյ եւ Իրաքի առկայ իրավիճակին եւ հայ համայնքներու խնդիրներուն շուրջ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի վարչութեան պետ Սարմեն Պաղտասարեան, որ շեշտեց, թէ նախորդ զեկոյցէն ի վեր դժբախտաբար Սուրիոյ մէջ որեւէ դրական զարգացում չէ արձանագրուած։ Միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերը տակաւին կը մնան ապարդիւն։ Ներկայիս Սուրիոյ տարածքի մէկ երրորդէն աւելին կը գտնուի ընդդիմադիրներու կամ ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը։ ՄԱԿ-ի տուեալներով Սուրիոյ մէջ շուրջ 18 միլիոն հոգի կ՚ապրի, 7 միլիոնն ալ տեղահանուած է։ Ներքին պատերազմի հինգ տարիներուն ընթացքին երկրի տնտեսութեան կրած վնասը հասած է առնուազն 250 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Գալով հայ համայնքին՝ Սարմեն Պաղտասարեան յայտնեց, որ տակաւին շուրջ 20 հազար հայ կը բնակի Սուրիոյ մէջ։ Այդ թիւը ամրան ամիսներուն փոփոխութեան կ՚ենթարկուի՝ դպրոցական արձակուրդի եւ բնակչութեան տեղաշարժի բերումով։ Ըստ Պաղտասարեանին, վերջին շրջանին շատ վտանգաւոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ։ Որպէս հետեւանք մահացաւ եօթ հայ, վնասուեցան հայկական ծերանոցը, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, գիտակրթական եւ մշակութային նշանակութեամբ շինութիւններ։ Այս պահուն զգալի է հայերուն արտահոսքը դէպի Լիբանան եւ Հայաստան։ Նուազած է հոսքը դէպի Շուէտ եւ Գանատա, իսկ աշխուժացած են երթերը դէպի Աւստրալիա։
Անդրադառնալով Իրաքի հայութեան կացութեան Սարմեն Պաղտասարեան նշեց, որ համայնքի թիւը չի գերազանցեր 7500-ը։ Այս տուեալը փոխանցուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ։ Իրաքահայերուն մեծամասնութիւնը կը բնակի Պաղտատի մէջ։ Հակառակ այդ ծանր իրավիճակին, իրաքահայերը վերջին օրերուն կազմակերպեցին նուիրահաւաք մը եւ 50 հազար տոլար հանգանակեցին՝ Արցախի օգնութեան համար։
Գերմանիոյ Միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) ներկայացուցիչ Հանս Եոհաքիմ Զիննքանն ներկայացուց «Սուրիացի փախստականներու տնտեսական համարկումը Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ծրագրին ընթացքը։ Զիննքանն, որ կը ղեկավարէ այդ ծրագիրը, ուշադրութիւն հրաւիրեց անցեալ ամիս կազմակերպուած «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի արդիւնքներուն վրայ։
Հայաստանի Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոնի փոխ-գործադիր տնօրէն Կարէն Գէորգեանն ալ անդրադարձաւ սուրիահայերու համար կազմակերպուած ծրագրերուն եւ անոնց ի նպաստ ցուցաբերուած գործնական աջակցութեան։
Կարմիր խաչի հայկական ընկերութեան երիտասարդական բաժնի վարիչ Կատարին Վարդանեանն ալ զեկուցեց անցեալ տարի կատարուած եւ այս տարուան համար նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։
Ժողովի եզրափակիչ փուլին Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք կը զբաղին սուրիահայոց հարցերով։ «Մենք պէտք է շարունակենք նոյն ձեւաչափով աշխատիլ առաւել արդիւնաւէտ։ Սուրիահայերը դարձած են մեր հասարակութեան լիիրաւ անդամները ու մենք պէտք է առաւելագոյնը ընենք՝ անոնց խնդիրները կարգաւորելու եւ անոնց հասարակութեան մէջ լիարժէք համարկումը ապահովելու համար», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Երեւանի «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր Համաշխարհային փախստականներու օրուան։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագիրը, որու բացման ելոյթներ ունեցան նաեւ նախաձեռնարկ երկու կառոյցներուն ներկայացուցիչները՝ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Քրիստոֆ Պիրվիրթ եւ «Օքսֆամ» կազմակերպութեան մասնաճիւղի տնօրէն Մարկարիթա Յակոբեան։ Նոյնպէս յարգանքի լռութիւնով մը յարգուեցաւ Սուրիոյ ներքին պատերազմի զոհերուն յիշատակը։ Օրուան ծրագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին մը։ Զուգահեռաբար ցուցադրուեցաւ սուրիացի ոճաբան Գէորգ Շատոյեանի երախաներու տարազներու ժողովածուն։ Ներկայացուեցաւ նաեւ «Խաչմերուկներ» գիրքը, որ կը ձոլացնէ փախստականներու վերաբերեալ պատմութիւններ։
Ընդարձակ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որով ներկայացուեցան տեղահանեալ սուրիահայ գործարարներու ձեռագործ աշխատանքները։ Բացուեցաւ նաեւ փախստականներու թեմաթիկ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։