ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի միջ­նոր­դու­թեամբ Սէն Փե­թեր­սպուր­կի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին կը շա­րու­նա­կուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման շուրջ քննար­կում­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թին նախ ա­ռան­ձին ձե­ւա­չա­փով կը տե­սակ­ցի Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ, իսկ ա­ւե­լի վերջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թիւն։

Այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­շագ­րաւ պայ­ման­նե­րու մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Ար­դա­րեւ, Ա­ՓԱ գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Փիէռ Անտ­րիու յայտ­նած էր, թէ Սէն Փե­թերս­պուր­կի տե­սակ­ցու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը։ Ա­ւե­լի ա­ռաջ ռու­սա­կան ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ԵԱՀԿ չի մաս­նակ­ցիր Սէն Փե­թերս­պուր­կի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն։

Ապ­րի­լի սկիզ­բին ապ­րուած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ ռու­սա­կան կող­մին միջ­նոր­դու­թեամբ հաս­տա­տուած էր կրա­կի դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը։ Այդ փու­լէն սկսեալ թափ ստա­ցած էին միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րը։ Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հի­մա ար­դէն Վիեն­նա­յի մէջ հա­մա­ձայ­նե­ցուած յա­ջորդ հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝ այ­սօր, Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ նա­խա­գահ­նե­րու այ­սօ­րուան հան­դի­պու­մը լուրջ փոր­ձու­թիւն մը հա­մա­րուի Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ ի­րեն, Վիեն­նա­յի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մը շատ կա­րե­ւոր է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման տե­սա­կէ­տէ։ «Ա­ռանց ա­նոնց ան­կա­րե­լի է խօ­սիլ ո­րե­ւէ յա­ռա­ջըն­թա­ցի, ար­դիւ­նա­ւէտ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին։ Այդ տե­սան­կիւ­նէն այս հան­դի­պու­մը քննու­թիւն մըն է Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար։ Ար­դեօք ան Վիեն­նա­յի մէջ չկրնալ դի­մա­կա­յե­լով այդ ե­րեք պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ճնշման կամ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն՝ հա­մա­ձայ­նե­ցա՞ւ, իսկ հի­մա պի­տի փոր­ձէ՞ տա­պա­լել, թէ ոչ», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Փոխ-նա­խա­րար Քո­չա­րեան վստա­հե­ցուց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին շուրջ գո­յու­թիւն չու­նի նոր փաս­տա­թուղթ մը։ Միակ փաս­տա­թուղ­թը, որ դրուած է իբ­րեւ հիմք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ ըն­դու­նուած՝ հա­կա­մարտ ե­րեք կող­մե­րէն միայն եր­կու­քին կող­մէ, Մատ­րի­տեան փաս­տա­թուղթն է։ Գո­յու­թիւն չու­նի այլ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ, ո­րուն հա­մա­ձայ­նու­թիւն տուած են կող­մե­րը։ Վեր­ջին փաս­տա­թուղ­թը, որ լրջօ­րէն քննար­կուած է եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ տա­պա­լուած՝ բազ­մա­թիւ ա­ռա­ջարկ­նե­րու կա­տար­մամբ, սա Քա­զա­նի փաս­տա­թուղթն է», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Պա­տաս­խա­նե­լով հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ Մոս­կուա­յի յա­ռա­ջա­տար դիրք գրա­ւե­լուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը, Շա­ւարշ Քո­չա­րեան ը­սաւ. «Դժուար է ը­սել։ Ամ­բողջ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պար­բե­րա­բար հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը այդ ձեր ը­սած յա­ռա­ջա­տար դիր­քը գրա­ւած է, այ­սինքն՝ ե­ղած է ա­ւե­լի նա­խա­ձեռ­նող։ Ժա­մա­նա­կին սա ե­ղած է Ֆրան­սան, ԱՄՆ-ը, Ռու­սաս­տա­նը՝ Մետ­վե­տե­ւի նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին ե­ղած է շատ աշ­խոյժ դիր­քի մէջ։ Ներ­կա­յիս պա­տա­հա­կան չէ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ Ռու­սաս­տան կար­ծես, կը փա­փա­քի այդ յա­ռա­ջա­տա­րի ձեր ը­սած դիր­քը գրա­ւել, սա­կայն, յա­մե­նայն­դէպս, մին­չեւ այ­սօր այդ­պի­սի քայ­լե­րը ե­ղած են ե­րե­քին մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նե­ցուած եւ ե­թէ այդ­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կը չըլ­լայ լիար­ժէք հա­մա­ձայ­նե­ցուած, ա­պա սա ո­րե­ւէ ձե­ւով չի նպաս­տեր բուն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցին»։

Իր կար­գին, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիքն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ մեծ յոյ­սեր դրած է Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դիպ­ման վրայ։ Ըստ ի­րեն, Սէն Փե­թերս­պուր­կի հան­դի­պու­մը կը նպաս­տէ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման շուրջ շրջա­նա­կա­յին փաս­տա­թուղ­թի ստեղծ­ման հա­մար պայ­ման­նե­րու յա­ռա­ջաց­ման։

«Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի՝ այ­սօր կա­յա­նա­լիք հան­դի­պում­նե­րը կ՚ամ­րապն­դեն վստա­հու­թիւ­նը, կ՚ա­րա­գաց­նեն վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ստեղծ­ման ջան­քե­րը ու պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման շուրջ շրջա­նա­կա­յին փաս­տա­թուղ­թին հա­մար», ը­սաւ Ո­ւոր­լի­ք։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016