ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի քսան տա­րե­կա­նէն վար պաս­քեթ­պո­լի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը կը նա­խա­պատ­րաս­տուի Յու­լի­սին Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Եւ­րո­պա­յի Բ. դա­սա­կար­գի ա­խո­յե­նու­թեան:

Պել­ժիա­ցի մար­զիչ Թի­պօ Փե­թի տաս­ներ­կու մար­զիկ հրա­ւի­րեց ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան՝ պատ­րաս­տուե­լու հա­մար այս հա­ւա­քին:

Հա­ւա­քա­կա­նին մաս կը կազ­մեն՝ Ռի­չըրտ Էլ­մո­յեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ե­լոյթ ու­նե­ցող), Գաբ­րիէլ Ա­ճէ­մեան, Կա­րէն Չի­ւի­չեան, Մա­թիու Մա­տո­յեան, Գրի­գոր Գուր­տող­լեան, Ա­րամ Արս­լա­նեան, Էտ­կար Բա­բա­յեան (Ռու­սաս­տա­նի մէջ հան­դէս ե­կող), Քի­րիլ Յա­րու­թիւ­նեան, Ռա­ֆիկ Ու­զու­նեան, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիա­յէն ե­կած Միհ­րան Ներ­սէս: Ա­ւե­լի ուշ հա­ւա­քա­կա­նին պի­տի միա­նան Փէոթր Ստե­փա­նեանց եւ Սթի­ւըն Է­նոչ: Վեր­ջինս հա­ւա­քա­կա­նին միակ օ­տա­րա­կանն է:

Ա­խո­յե­նու­թիւ­նը կը սկսի Յու­լի­սի 15-ին:

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016