ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՎԷՃԵԱՆ ԱՅԼԵՒՍ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

Ֆրան­սա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան ո­րո­շած է չմաս­նակ­ցիլ յա­ջորդ տա­րի կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ «News am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան ներ­կա­յիս 71 տա­րե­կան է ու ո­րո­շած է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին աշ­խա­տան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նաց­նել Օ-տը-Սէն շրջա­նի խոր­հուր­դին վրայ։ Հարկ է նշել, որ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան այդ շրջա­նա­յին խոր­հուր­դին նա­խա­գահն է 2007 թուա­կա­նէն ի վեր եւ շու­տով այդ վար­չա­կան միա­ւո­րին պի­տի միա­նայ նաեւ Ի­վե­լին շրջա­նը։

Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան, որ Ֆրան­սա­յի գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ ալ ստանձ­նած է պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ, 1986 թուա­կա­նէն ի վեր ե­րես­փո­խան է։

Տէ­վէ­ճեան ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն մին է եւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն միշտ ու­նե­ցած է իր ազ­դու ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Իր ծա­ւա­լած այդ գոր­ծու­նէու­թիւ­նով Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան մշտա­պէս ա­ռար­կայ դար­ձած է նաեւ Թուր­քիոյ ու­շադ­րու­թեան, մինչ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տը-ւու­թեան մի­ջոց­նե­րը իր մա­սին միշտ ար­տա­յայ­տուած են վե­րա­պա­հու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016