ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի միջ­նոր­դու­թեամբ նա­խըն­թաց օր Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Ի­լհամ Ա­լիե­ւի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս հան­դիպ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ կը հնչեն զա­նա­զան տե­սա­կէտ­ներ։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի կող­մէ ար­ձա­գանգ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ու­նին դրա­կան բնոյթ։ Այդ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րը ե­րէկ հան­դէս ե­կան զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս լա­ւա­տես տրա­մադ­րու­թիւն­ներ կը ցո­լաց­նեն։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ կը խօ­սուի նաեւ նա­խա­գահ­նե­րու ա­պա­գայ նոր հան­դիպ­ման մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­քուի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Օ­րե­լիա Պու­շէ յայ­տա­րա­րեց, որ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ՝ Փա­րիզ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար Սարգ­սեան-Ա­լիեւ յա­ջորդ հան­դի­պու­մը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու ջան­քեր գոր­ծադ­րել փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ֆրան­սա՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր, ար­դէն յայ­տա­րա­րած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մա­սին», ը­սաւ ան։

Բաց աս­տի, Օ­րե­լիա Պու­շէ ող­ջու­նեց նա­խըն­թաց օր Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ «Հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման կա­րե­լի է հաս­նիլ մշտա­կան եւ ան­կեղծ երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ», հա­մո­զուած է ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։ 

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն կող­մէ ընդ­հան­րա­պէս վե­րա­պահ մօ­տե­ցում­ներ կը բարձ­րա­ձայ­նուին Սէն Փե­թերս­պուր­կի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման յա­ջոր­դած ներ­կայ փու­լին։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Պա­քուի դիր­քո­րո­շու­մը լա­ւա­տե­սու­թիւն չի ներշն­չեր։ Վեր­լու­ծա­բան­նե­րու հա­մոզ­մամբ, Վիեն­նա­յի եւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի նա­խա­գա­հա­կան մա­կար­դա­կով հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին առ­նուե­ցան կի­սա­քայ­լեր։ Այս ե­րե­ւոյ­թը տա­կա­ւին հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղու Ատրպէյ­ճա­նին՝ որ­պէս­զի վե­րա­դառ­նայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց։ Ընդ­հա­նուր թե­րա­հա­ւա­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն մին ալ այն է, որ Ատր­պէյ­ճան ցարդ քա­նիցս չէ յար­գած իր խոս­տում­նե­րը եւ հա­ւա­տա­րիմ չէ մնա­ցած իր տուած ե­րաշ­խիք­նե­րուն։

ՎԱՅ­ՐԱ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒՄ

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) դի­տարկ­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վին մօտ Հա­յաս­տա­նի գծով հա­մա­զե­կու­ցող­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեան, որ կը գլխա­ւո­րէ ԵԽԽՎ-ի հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ներ­կա­յա­ցուց յանձ­նա­ժո­ղո­վին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­պա­տաս­խան քննար­կում­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵԽԽՎ-է ներս ար­ձա­նագ­րուած է, որ Ատր­պէյ­ճան գլխա­տած է իր սպան­նած հայ զի­նուոր­նե­րը եւ հպար­տա­ցած այդ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րով։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016