ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱ՛ՄՔԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Յե­տին վեր­լուծ­մամբ, Օ­րէն­քը՝ Աս­տու­ծոյ կա՛մքն է որ կը տի­րա­կա­լէ, կը տի­րա­պե­տէ ան­խու­սա­փե­լի եւ ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժով՝ ինչ­պէս Բնու­թիւ­նը են­թա­կայ է ա­նոր, նոյն­պէս եւ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քը։

Մարդ կը ծրագ­րէ, բայց Աս­տուած կ՚ի­րա­գոր­ծէ այդ ծրա­գի­րը՝ ըստ իր կամ­քին։

Շա՜տ պարզ կ՚ե­րե­ւի եւ բնա­կան այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Ու­րեմն տես­նե՛նք եւ միա­սին խորհր­դա­ծենք։

Զոր օ­րի­նակ, ցո­րե­նը՝ «ցո­րեն», բայց յարդ ին­չո՞ւ ըլ­լայ։ Ցո­րե­նը օգ­տա­գոր­ծե­լի է մար­դուս հա­մար, հա­պա յա՞ր­դը, որ հա­ցա­բոյ­սի չոր­ցած ցօ­ղունն է, ի՞նչ ու­նի օգ­տա­գոր­ծե­լի։ Բնու­թեան ընդ­հա­նուր օ­րէն­քին տրա­մադ­րու­թիւ­նը ա՛յդ է. ո՛ւր որ ցո­րեն կայ, հո՛ն յարդ ալ պի­տի ըլ­լայ։ Ա­հա­ւա­սիկ ան­դի­մադ­րե­լի եւ ան­խու­սա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ որ մէ­կը կա­րող չէ՛ փո­խել կամ յե­ղաշր­ջել կա՛մ այ­լայ­լել…։

Մար­դուս բա­նա­կա­նու­թիւ­նը պահ մը կ՚ընդվ­զի եւ կար­ծես հա­շիւ կը պա­հան­ջէ Բնու­թե­նէն, եւ կը հարց­նէ. «Ան­պէ­տը ի՞նչ գործ ու­նի պի­տա­նիին քով»։

­Բայց մարդ չի խոր­հիր երբ այդ քննա­դա­տող ո­ճով կը հարց­նէ՝ թէ ան­պէ­տը ին­չո՞ւ տեղ կը գրա­ւէ պի­տա­նիին քով։ Բայց ճի՛շդ այդ «անտ­րա­մա­բա­նու­թիւն­նե­րով» հիւ­սուած ու ար­տա­յայ­տուած են Բնու­թեան «տրա­մա­բա­նու­թիւն­ներ»ը։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, պահ մը փոր­ձենք դի­տել մեր շուր­ջը, զոր օ­րի­նակ՝ սա «ծփուն ծով»ը ցո­րե­նի ար­տի մը եւ ա­ռա­ջին հար­ցը ար­դէն պի­տի արթն­նայ ձեր մտքին մէջ. ճի՛շդ է այդ. ա­մէն ցո­րե­նի հա­տի­կի ծան­րու­թեամ­բը սա՛ յարդն ալ ին­չո՞ւ ե­ղեր է. ին­չո՞ւ հա­մար ցո­րե­նը ա­ռանց յար­դի չէ՛ ե­ղեր։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, ի՞նչ կը խոր­հիք այդ մա­սին։

Ար­դա­րեւ, ա­նո­ղոք Օ­րէ՛նք…։

Բու­սա­բա­նա­կան գիր­քեր՝ օ­րէն­քը կը վեր­լու­ծեն եւ կը բա­ցատ­րեն, եւ սա­կայն այդ վեր­լու­ծա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը հոս կրկնե­լու հարկ չենք տես­ներ, մեր մաս­նա­գի­տա­կան գի­տե­լիք­ներն ալ ար­դէն բա­ւա­րար չեն ա­նոնք հասկ­նա­լու եւ խո­րա­նա­լու, բայց սա ընդ­հա­նուր սկզբունք է, թէ մար­դոց հա­մար օ­րէն­քին բա­ցատ­րու­թիւ­նը այն­քան կա­րե­ւոր եւ հար­կա­ւոր չէ՛, հա­պա՝ բո՛ւն իսկ «օ­րէն­քին ի­րա­կա­նու­թի՛ւն»ը։

Բնու­թեան Օ­րէն­քը՝ որ կը յայտ­նուի եւ կը հռչա­կուի, պար­զա­պէս սա՛ է, թէ՝ «ցո­րե­նը ա­ռանց յար­դի չ՚ըլ­լար», ցո­րե­նը եւ յար­դը «միու­թիւն» կը կազ­մեն։

Եւ ինչ­պէս ա­ռանց յար­դի ցո­րեն կա­րե­լի չէ որ ըլ­լայ ըստ Բնու­թեան Օ­րէն­քին, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ա­ռանց ցո­րե­նի ալ յարդ կա­րե­լի չէ որ գո­յու­թիւն ու­նե­նայ։

Սա­պէս հարց­նենք.- Ին­չո՞ւ միայն «բա­րի»ն չ­կայ եւ ա­նոր քով կայ միշտ «չա՛ր»ը։ Հա­պա ին­չո՞ւ «լոյս»ը իր հետ ու­նի միշտ «խա­ւար»ը եւ «մութ»ը, եւ կամ ին­չո՞ւ «ճեր­մակ»ին կ՚ըն­կե­րակ­ցի յա­ճախ «սեւ»ը, եւ ին­չո՞ւ «ու­րա­խու­թիւ­նը» տե­ւա­կան չէ եւ ա­նոր կը յա­ջոր­դէ «տրտմու­թիւն»ը։ Եւ դար­ձեալ ա­ռող­ջու­թեան հետ հի­ւան­դու­թիւ­նը հա­մըն­թաց են մար­դուս կեան­քին մէջ… եւ հար­ցում­նե­րը կա­րե­լի է բազ­մաց­նել։ Եւ մարդս ին­չո՞ւ միշտ ու­նի կորսնց­նե­լու վա­խը, եւ դար­ձեալ մար­դոց զգա­ցում­նե­րուն կը տի­րա­պե­տէ ա­տե­լու­թիւ­նը, երբ կա՛յ սէ­րը, ին­չո՞ւ մար­դիկ կը կռուին շա­րու­նակ, երբ կայ խա­ղաղ ապ­րե­լու, հաշտ ապ­րե­լու, սի­րով ապ­րե­լու ա­ռի­թը, հա­մե­րաշ­խու­թեան եր­ջան­կու­թի՜ւ­նը։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, պէտք է ըն­դու­նինք, թէ՝ աշ­խար­հը, ո­րուն վրայ կը բնա­կինք բո­լորս միա­տեղ, միայն «դրախտ» մը չէ՛, հա­պա նաեւ՝ «տա­ռա­պանք»նե­րու ձոր մը։ Հոս, այս աշ­խար­հի վրայ կա՛յ վա­յելք, հա­ճոյք, ժպիտ, յա­ջո­ղու­թիւն, սէ՛ր, բայց նաեւ՝ կայ յու­սա­խա­բու­թիւն, յու­սալ­քու­թիւն, կո­րուստ, ցաւ, վիշտ, ար­ցունք եւ ա­տե­լու­թի՛ւն։

Այ­լա­պէս ո՞ւր պի­տի փնտռէ մարդ ու գտնէ օգ­նու­թիւն, ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն, սէր ու խնամք երբ կը շլմո­րի, կը մո­լո­րի, եւ կամ երբ սեւ ամ­պե­րը կը կու­տա­կուին իր գլխուն վե­րեւ, երբ վա­խե­րու եւ կաս­կած­նե­րու վի­հին մէջ կը գլո­րի, երբ իր ֆի­զի­քա­կան տու­նը կը քայ­քա­յուի, երբ միս մի­նակ կը մնայ, ա­ւե­լի ճիշ­դը ը­սե­լով՝ մի­նակ կը զգայ ինք­զինք՝ ա­նօգ­նա­կան, լքուած եւ վհատ։ Ան որ Աս­տու­ծոյ կը յու­սայ՝ չ՚ամչ­նար. ու­րեմն վե՛ր նա­յե­լու է մարդ իր ամ­բողջ նե­ղու­թիւն­նե­րուն, նոյ­նիսկ յու­սալ­քուած պա­հե­րուն, տես­նե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կան նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը, ճշմա­րիտ «հօր» մը հո­գա­ծու­թիւ­նը, եւ վա­յե­լե­լու հա­մար ա­մէն բա­րիք՝ ո­րուն կո­չուած է։

Ար­դա­րեւ, տիե­զեր­քի մէջ մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն եւ ո՛չ մէ­կը վճռա­կան է եւ ճա­կա­տագ­րա­կան։ Մար­դուս ի՛նչ որ պա­տա­հի երկ­րոր­դա­կա՛ն է, երկ­րոր­դա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, որ­քան ա­տեն որ Աս­տուած կայ ու կը մնայ իր ի­մաս­տու­թեամ­բը, բա­րու­թեամ­բը եւ վե­հա­պե­տա­կան ան­պար­տե­լի զօ­րու­թեամ­բը։ Ե­րա­նե­լի՜ են ա­նոնք, որ կ՚անդ­րա­դառ­նան Աս­տու­ծոյ մշտնջե­նա­կան ներ­կա­յու­թեան ի­րենց կեան­քէն ներս։

Ուս­տի, այս ի­մաս­տով, Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան անդ­րա­դառ­նալ եւ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նիլ՝ կեան­քը լիու­լի, լե­ցուն ապ­րիլ կը նշա­նա­կէ.- ԱՆ ՈՐ ԱՍ­ՏՈ­ՒԱԾ ՈՒ­ՆԻ ԻՐ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ ՆԵՐՍ՝ Ա­ՄԷՆ ԻՆՉ ՈՒ­ՆԻ, ԵՐԲ Ո՛­ՉԻՆՉ ՈՒ­ՆԻ։ Ար­դա­րեւ, «ո­չինչ ու­նե­նալ» կար­ծել վատ զգա­ցում մըն է, ա­ւե­լի վատ է չանդ­րա­դառ­նալ Աս­տու­ծոյ էու­թեան եւ ներ­կա­յու­թեան։ Ան­տե­սա­նե­լին տես­նել՝ ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն է…։

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք սի­րե­լի­ներ, կեան­քը որ կ՚ապ­րինք, ա­նընդ­հատ եւ ան­վերջ եր­կունք մըն է, եւ կամ ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու՝ ան­գութ, ա­նո­ղոք ու դա­ժան ու­ժե­րու եւ վեր­ջա­պէս ան­խու­սա­փե­լին՝ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։

Պար­տու­թե­նէ՝ յաղ­թու­թի՛ւն. ա՛յս է կեան­քը իր խոր­քով ու խոր­հուր­դով, թէ՛ մա­հէն ա­ռաջ, թէ՛ մա­հէն յե­տոյ։ Ի՛նչ որ ցոյց կու տայ, թէ՝ մա­հէն ետքն ալ կեանք կա՛յ, որ­քան ալ «Է­պի­կիւ­րեան­ներ» կար­ծեն եւ պնդեն՝ թէ մա­հէն վերջ կեանք չկայ, այլ միայն «ո՛չն­չու­թիւն»։ Ուս­տի, «մահ»ը ե­րե­ւոյթն է, իսկ կեան­քը՝ ի­րա­կա­նու­թիւն…։

Ուս­տի «սի­րոյ սկզբունք»ը ի զօ­րու է ո՛ր­քան հո­գե­ւոր աշ­խար­հին՝ նո՛յն­քան եւ մար­մա­նա­ւոր աշ­խար­հին մէջ։ Եւ ո՛ւր որ սէր կայ, հոն ո՛չ մահ, եւ ոչ ալ մա­հուան վա­խը կրնայ տի­րա­պե­տել։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու տպա­ւո­րու­թեամբ շա­րու­նա­կենք «ցո­րե­նի եւ յար­դի ան­բա­ժա­նե­լիու­թեան» մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, եւ դար­ձեալ փոր­ձենք հարց­նել, «ո՞ւր եր­բեք» բա­ռը իր փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տո­վը գոր­ծա­ծե­լով, «ցո­րեն կայ եւ յարդ չկայ» ինչ­պէս Բնու­թեան՝ նո՛յն­պէս մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ, ո՛ւր որ ոս­կի կայ հո­ղին ծո­ցը՝ իր աղ­տը ու­նի, եւ պէտք է որ զտուի՝ որ փայ­լի։

Եւ հոն՝ ուր ագ­ռաւ կայ, դեղ­ձա­նիկ կայ, ճնճղուկ կայ, հոն կայ նաեւ ար­ծիւ՝ թռչուն­նե­րու թա­գա­ւո՛­րը։ Ուս­տի պէտք է կեան­քը ապ­րիլ ու վա­յե­լել իր ամ­բողջ ե­րե­սակ­նե­րով՝ ի­րե­րու եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան ե­րես­նե­րով։

Պէտք է ըն­դու­նիլ, թէ՝ այս աշ­խար­հի վրայ կեան­քը դիւ­րա­տար ու հան­դուր­ժե­լի ը­նո­ղը այս զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը, եւ մա­նա­ւա՛նդ «հա­կա­սու­թիւն» կար­ծուած «ներ­դաշ­նա­կու­թիւն»ներն են…։

Մին չե­ղած՝ «միւս»ը կա­րե­լի չէ՛ խոր­հիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 18, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016