ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԸՆԹՐԻՔ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Պէյազըտի «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ։ Տօնական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները ջերմօրէն շրջապատեցին միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտները։
Երեկոյթին ներկայ էին Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագրի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ։ Մասնաւոր գնահատանքի առարկայ դարձան հայերէնի մէջ յաջողագոյն երեք աշակերտուհիներ՝ Թալիա Թուանա Տաղ, Արիանա Չիֆթճի եւ Լիանա Չիյտէմ։ Անոնց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ իրենց հայերէնի ուսուցչուհին՝ Սիւզան Աչըք, որ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոնց ապագայ կրթական կեանքին համար։
Ընթրիքի տեւողութեան կարկանդակ մըն ալ հատուեցաւ ի պատիւ շրջանաւարտներուն, որոնք հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ ուշ ատեն։