ՍԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԷՆ ԱՆԴԻՆ…
«Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ Պատրիարքարանի առջեւ երէկ առաւօտ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտեան ժամերուն Գումգաբուի մէջ «Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ իրակա-նացուեցաւ բողոքի արարք մը։ Այս շրջագծով ժամը 10.30-ին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած ցուցարարները մուտք գործեցին տաճար, ուր կատարեցին մոմավառութիւն եւ ըրին կարճ աղօթք մը։ Ծանօթ է, որ սովորաբար մոմավառութեան համար բաց կ՚ըլլայ միայն Մայր եկեղեցւոյ գաւիթը։ Երէկ, հակառակ որ արարողութիւն մը չկար՝ բացուած էր նաեւ եկեղեցւոյ ատեանը։ Ցուցարարները մոմավառութենէ վերջ յառաջացան դէպի եկեղեցւոյ դասին մուտքը, ուր կարճ աղօթք մը կատարելէ վերջ դուրս եկան։ «Սեւկի» փողոցին մէջ այս անգամ անոնք ուղղուեցան դէպի Պատրիարքարանի շէնքը, որու պարիսպներուն առջեւ թողեցին սեւ ծաղկեպսակ մը։ Ցուցարարներուն անունով յայտարարութիւն մը կարդաց գրող Ժագլին Չելիք։ Բողոքի այս արարքին հետեւեցան նաեւ տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կողմէ ներկայացուցիչներ։ Սովորականէ դուրս անվտանգութեան միջոցներ ձեռք չէին առնուած։ Միմիայն, Պատրիարքարանի շէնքին առջեւ ընթացիկ ձեւով տեղակայուած ոստիկանութեան ներկայացուցիչները վերահսկեցին անվտանգութիւնը։ Արդէն ցուցարարներուն թիւը շատ սակաւ էր եւ անոնք ալ զգուշաւոր էին կարգապահութեան ուղղութեամբ։ Յայտարարութեան հրապարկումէն վերջ ցուցարարները լուռ ձեւով հեռացան Պատրիարքարանի առջեւէն։
«Մեր պատրիարքը կ՚ուզենք մե՛նք ընտրել» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցին ընթացքին Ժագլին Չելիքի կողմէ ընթերցուած յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ունի 550 տարուան աւանդութիւն մը։ Ան կը խորհրդանշէ արմատներով երեք հազար տարուան խորութեամբ վաղեմի ազգի մը այս աշխարհագրութեան մէջ գոյութիւնը։ 2008 թուականէն ի վեր Պատրիարքական Աթոռը թափուր է Մութաֆեան Պատրիարքի հիւանդութեան հետեւանքով։ Ութ տարիէ ի վեր զանազան պատճառաբանութիւններով կարելի չ՚ըլլար ընտրել պատրիարք մը։ Ըստ ցուցարարներուն աննախընթաց ու շինծու տիտղոսով մը Աթոռը կը ղեկավարուի փոխանորաբար եւ յայտնի չէ, թէ այդ փոխանորդը որո՞ւ դէմ պատասխանատու է եւ ինչ նպատակի կը ծառայէ։
Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալու խնդրին։ Շեշտուեցաւ, թէ Պատրիարքութիւնը պէտք է ունենայ օրինական կարգավիճակ մը, մշտական իրաւական խարիսխ մը։ Ցուցարարները իրենց բողոքը յայտնեցին ժամանակաւոր կարգադրութիւններուն եւ կատարուած իրողութիւններուն դէմ։ Անոնք համոզուած են, թէ մշուշոտ իրավիճակները միշտ ծառայած են ոմանց շահերուն։
Ցուցարարները իրենց ընդվզումը արտայայտեցին՝ ընտրութեան իրաւունքի առկայ անիմաստ պատճառաբանութիւններով խոչընդոտուելուն դէմ ու միեւնոյն ժամանակ այս երեւոյթը համարեցին հաւատի ազատութեան դէմ միջամտութիւն։ Անոնք պահանջեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը պէտք է զբաղեցնէ անձ մը, որ մեր վաղեմի աւանդութիւններուն յարիր ձեւով պիտի ընտրուի ժողովուրդի քուէներով։
Հարկ է նշել, որ ցուցարարներուն անունով Ժագլին Չելիքի կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը որպէս ստորագրութիւն կը կրէր հետեւեալը. «Թուրքիոյ հայերը»։