Ըլլալ ու մնալ պաղարիւն

Թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս առ­կայ է խոր բե­ւե­ռա­ցում­նե­րու եւ պա­ռակ­տու­մի շրջան մը։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր շարք մը տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ չեն հար­թուիր զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։ Կա­լուա­ծա­կան խնդիր­նե­րէ սկսեալ մին­չեւ դպրոց­նե­րու հար­ցե­րը՝ ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կարգ մը ու­նի հա­մայն­քը։ Այդ բո­լո­րին վրայ կու գան ա­ւել­նալ հայ­կա­կան հար­ցին դրսե­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք կ՚ա­լե­կո­ծեն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար, այս բո­լոր խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը մէկ օ­րէն միւ­սը հնա­րա­ւոր պի­տի չըլ­լայ, ե­թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը չըլ­լայ թա­փուր։ Ան­ցեա­լի մէջ ալ ե­ղած են խոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան­ներ՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վրայ գտնուած է ազ­գըն­տիր գա­հա­կալ մը։ Բայց եւ այն­պէս, միան­շա­նակ ճշմար­տու­թիւ­նը այն է, որ ե­թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը թա­փուր չըլ­լայ, ա­պա առ­կայ պա­ռակտ­ման յաղ­թա­հար­ման տե­սան­կիւ­նէն, հա­մայն­քէն ներս միաս­նա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման ա­ռու­մով ա­մուր նա­խադ­րեալ­ներ կրնան ստեղ­ծուիլ։

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ է։ Նոր գա­հա­կալ մը կամ ա­թո­ռա­կից մը ընտ­րե­լու տա­րա­կար­ծու­թեան կամ ար­հես­տա­կան օ­րա­կար­գին զոհ գա­ցած է՝ տրա­մա­բա­նա­կան լու­ծու­մի մը հաս­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Հա­մայն­քը ա­նո­րո­շու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ է։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­մէն ճիգ կը գոր­ծադ­րէ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մեր հա­մայն­քին եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կա­յու­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար, սա­կայն ընտ­րու­թեան խնդի­րը միշտ խո­ցե­լի պայ­ման­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ իր տե­սա­կէ­տէ։

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ կազ­մա­կեր­պուած բո­ղո­քի ցոյ­ցով այս խնդի­րը թե­ւա­կո­խեց նոր հար­թու­թիւն մը։ «Միտք» հար­թա­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բո­ղո­քի ա­րար­քը։ Ակն­յայտ է, որ մեր հա­մայն­քի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ նման ե­րե­ւոյթ մը չէր պա­տա­հած։ Վեր­ջին ան­գամ ո՛վ գի­տէ քա­նի տաս­նա­մեակ ա­ռաջ Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր բո­ղո­քի ցոյց մը։ Պէտք չէ չա­փա­զան­ցել, խու­ճա­պի ալ կա­րիք չկայ, սա­կայն պարզ է, որ վի­ճա­կը այդ­քան ալ փայ­լուն չէ։ Վեր­ջին շուրջ ութ տա­րի­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­ռու­մով, թրքա­հա­յոց կեան­քէն ներս բա­ցար­ձա­կա­պէս դժուար յաղ­թա­հա­րե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու յղի են։ Ե­րէ­կուան ցոյ­ցը մտա­հո­գիչ ազ­դան­շան մըն է այս ա­ռու­մով։ Այդ մտա­հո­գու­թիւ­նը կան­խե­լու տե­սան­կիւ­նէն նա­խա­պայ­ման մըն է ըլ­լալ ու ան­պայ­ման մնալ պա­ղա­րիւն։

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ներ­կա­յիս «Միտք» հար­թա­կին կող­մէ ե­րէկ առ­նուած քայ­լը կ՚ըն­կա­լեն վե­րա­պա­հու­թեամբ։ Ո­մանք վե­րա­պա­հու­թե­նէ ա­ւե­լի կը զգան ան­հանգս­տու­թիւն, կ՚ար­տա­յայ­տեն հա­կազ­դե­ցու­թիւն այս ե­րե­ւոյ­թին դէմ։ Բնա­կա­նա­բար, պէտք է յար­գել բո­լո­րին մօ­տե­ցու­մը։ Բայց եւ այն­պէս, հա­մայն­քի կա­յու­նու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան շա­հե­րուն տե­սան­կիւ­նէն պէտք չէ գե­րագ­նա­հա­տել ե­րէ­կուան ցոյ­ցը։ Ճիշդ է, որ մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը սա­կաւ էր, բայց նոյ­նիսկ ե­թէ այդ­պէս չըլ­լար այս ի­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի մնար ան­փո­փոխ։ Ե­րէ­կուան ցոյ­ցը պէտք է դի­տար­կել այն շրջագ­ծին մէջ, թէ խումբ մը մար­դիկ օ­գտա­գոր­ծած են ի­րենց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ի­րա­ւուն­քը՝ հրա­պա­րա­կաւ ար­տա­յայ­տե­լով պա­հանջ մը։ Մենք հա­մո­զուած ենք, թէ տուեալ նիւ­թին բնոյ­թին բե­րու­մով սա յար­մա­րա­գոյն ձե­ւը չէր, սա­կայն հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը եր­բեք պէտք չէ պատ­կե­րաց­նել՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մի­ջոց­նե­րու խթա­նու­մով։ Քա­նի որ մեր ե­կե­ղե­ցին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան է, հա­մայն­քէն ներս հան­դարտ, հան­դուր­ժո­ղա­կան մօ­տե­ցում մը պէտք է ըլ­լայ նման շար­ժա­ռիթ­նե­րով։

Գա­լով «Միտք» հար­թա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Կան­խաւ յայտ­նենք, որ ե­թէ մենք ըլ­լա­յինք, ա­պա բա­ցար­ձա­կա­պէս հե­ռու կը մնա­յինք ե­րէ­կուա­նին նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը ը­նե­լէ։ Բայց ի­րենք նա­խընտ­րած են այս մի­ջո­ցը։ Ե­թէ նժա­րի վրայ դնենք «Միտք» հար­թա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեան յա­ջո­ղու­թիւ­նը, ա­պա կա­րե­լի է ը­սել, թէ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու յոյ­սե­րը հա­րիւր տո­կոս չեն ար­դա­րա­ցած։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ հա­մայն­քէն ներս ձե­ւա­ւո­րուած են ճամ­բար­ներ։ «Միտք» հար­թա­կին ե­րէ­կուան ցոյ­ցը ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը չեն յա­ջո­ղած տար­բեր ճամ­բար­նե­րէ հա­մա­կիր­նե­րու հոսք մը ա­պա­հո­վել։ Ա­նոնք, ո­րոնք կը փոր­ձեն ար­մա­տա­կան քայ­լե­րով փո­փո­խու­թեան են­թար­կել առ­կայ եր­թը, ա­ռած են հեր­թա­կան քայլ մը։ Ե­րէ­կուան ցոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան «Միտք» հար­թա­կի շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր եւ այն­պի­սի գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք անձ­նա­կան գետ­նի վրայ խնդիր­ներ ու­նե­ցած են Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Հա­զիւ քա­նի մը ընտ­րեալ վա­րիչ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ե­րէ­կուան ցոյ­ցին։

Ան­կախ յա­ջո­ղու­թեան հա­շուեկշ­ռէն, մեր կար­ծի­քով, ե­րէ­կուան ցոյ­ցին ժամ­կէ­տը սխալ էր։ Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մէն վերջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին ու­ղար­կած նա­մա­կին բե­րու­մով ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը բա­զում հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ կը դի­մագ­րա­ւէ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ կրնան յա­ռա­ջա­նալ կամ ե­րէ­կուան ցոյ­ցին սխալ ի­մաստ­ներ կրնան վե­րագ­րուիլ։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը թէեւ մե­զի յայտ­նած են, թէ այդ­պի­սի նպա­տակ մը բա­ցար­ձա­կա­պէս չու­նին, սա­կայն ա­կա­մայ կրնան նման պնդում­ներ յա­ռաջ քշուիլ։

Միւս էա­կան հարցն ալ հե­տե­ւեալն է։ Մեր հա­մայն­քը, ինքն իսկ, լայն հա­սա­րա­կու­թեան ու մե­տիա­յին աչ­քին առ­ջեւ հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­մէն տե­սակ հար­ցի շուրջ պա­հանջ ներ­կա­յաց­նե­լու կամ բո­ղոք ար­տա­յայ­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն հաս­ցէի մը պէտք չէ վե­րա­ծէ Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Ար­դա­րեւ, ա­պա­գա­յին բո­լո­րո­վին տար­բեր դի­մագ­ծով այլ շրջա­նակ­ներ կրնան հե­տե­ւիլ այս օ­րի­նա­կին եւ կրնան ե­րէ­կուան ցու­ցա­րար­նե­րուն նման չվա­րուիլ կար­գա­պահ։

Ին­չո՞ւ թի­րախ դարձ­նել Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Ին­չո՞ւ ամ­բո­խա­վա­րու­թեան ձգտում­նե­րը մեր հա­մայն­քին մէջ սկսած են կու­րաց­նել ո­մանց աչ­քը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016