ԱՅՆՇԹԱՅՆԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

Լիթ­վա­ցի նկար­չու­հի­ներ Եո­լի­տա Վաիտ­քու­տէ ու Է­մի­լիա Վին­զա­նո­վայ­տէ հիմ­նա­կա­նին կը զբա­ղին ինք­նա­տիպ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ստեղծ­մամբ՝ որ­պէս հումք կի­րա­ռե­լով հա­մեղ ու­տե­լիք­ներ:

Այս­պէս, ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ա­պա­ցոյցն է ա­նոնց հեր­թա­կան «գլուխ­գոր­ծո­ցը»՝ Ալ­պերթ Այնշ­թայ­նի՝ տա­րա­տե­սակ քաղց­րա­ւե­նիք­նե­րէ պատ­րաս­տուած դի­ման­կա­րը:

Տա­ղան­դա­շատ կի­նե­րը կը յայտ­նեն են, որ պատ­կե­րը ստեղ­ծե­լու հա­մար պէտք ու­նե­ցած են հինգ ժա­մու ու մէկ տաս­նեա­կէ ա­ւե­լի քաղց­րա­ւե­նի­քի տե­սա­կի, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­տապ­տուղ­նե­րու:

«Ան­կեղծ ը­սե­լու հա­մար՝ շատ դժուար էր ստեղ­ծել Այնշ­թայ­նի դի­ման­կա­րը ու դի­մադ­րել այս հա­մեղ քաղց­րա­ւինք­նե­րը ու­տե­լու գայ­թակ­ղու­թեան», ը­սած է Եո­լի­տա Վաիտ­քու­տէ:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016